1 ­Յու­նո­ւար 2017էն ար­դէն սկսած է գոր­ծել «Ա­զատ Օր»ի հա­մա­ցան­ցա­յին նո­րո­գո­ւած մեր կայ­քէ­ջը — www.azator.gr։
Խմ­բագ­րու­թեան կող­մէ կը փո­խան­ցենք տուեալ­նե­րը կայ­քէ­ջի ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն.-
Այդ­պէ՛ս, ­Յու­նո­ւար 2017էն մին­չեւ ­Դեկ­տեմ­բեր 2017ը, կայ­քէ­ջը 46.000 հո­գիի այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է (ըստ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու IP տար­բեր հաս­ցէ­նե­րու)։
­Հե­տաքրք­րա­կան տո­ւեալ­նե­րու շար­քին կա­րե­լի է ար­ձա­նագ­րել նաեւ, թէ այ­ցե­լու­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան բա­ժա­նու­մը բա­ւա­կան ըն­դար­ձակ է։
­Յու­նաս­տա­նէն՝ 16.500 հո­գի, Ֆ­րան­սա­յէն՝ 7100, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն՝ 5500, ­Հա­յաս­տա­նէն՝ 5000, ­Քա­նա­տա­յէն՝ 3500, ­Լի­բա­նա­նէն՝ 2100, ­Գեր­մա­նիա­յէն՝ 800, ­Սու­րիա­յէն՝ 700, ­Թուր­քիա­յէն՝ 650, ­Ռու­սաս­տա­նէն՝ 600, Աւստ­րա­լիա­յէն՝ 300, Ար­ժան­թի­նէն՝ 300։
Այդ եր­կիր­նե­րու շար­քին, թէեւ այ­ցե­լու­նե­րու փոքր թի­ւե­րով, կա­րե­լի է տես­նել ­Պանկ­լա­տէ­շը, ­Հո­լան­տան, Անգ­լիան, ­Մեք­սի­քոն, Ին­տո­նէ­զիան, Ատր­պէյ­ճա­նը, ­Կիպ­րո­սը, Իս­րա­յէ­լէ, Ի­տա­լիան, ­Շո­ւէ­տը, ­Պե­լճի­քան ե­ւայլն։
­Յա­ւե­լեալ նշենք, թէ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­ննե­րու մի­ջո­ցաւ այ­ցե­լու­նե­րու հա­մե­մա­տու­թիւ­նը 35 առ հա­րիւ­րի կը հաս­նի ։
Ար­դիա­կա­նու­թեան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեան ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը վստա­հա­բար լաւ գոր­ծիք մըն են մեր ըն­թեր­ցող­նե­րու ձեռ­քին — մա­նա­ւանդ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ներգ­րա­ւե­լու մի­ջոց — եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը նշենք այս տո­ւեա­լը։
Խմ­բագ­րու­թիւն-ըն­թեր­ցող մեր կա­պը պահ­պա­նե­լու ե­լեկտ­րո­նա­յին այս ձե­ւը՝ լաւ ու խոստմնա­լից կը նկա­տենք, ո­րու զար­գաց­ման վրայ ան­շուշտ յա­ւե­լեալ ճի­գեր պի­տի գոր­ծադ­րէ խմբագ­րու­թիւ­նը։