«Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը ու­նի վճռա­կա­նու­թիւ­նը
եւ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան չա­փա­բա­ժի­նը
յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու
ու հե­ռան­կար­ներ տես­նե­լու»

5 եւ 6 ­­Նո­յեմ­բե­րին Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր եւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, ո­րուն հետ «Ա­զատ Օր» ու­նե­ցաւ շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը Ար­ցա­խի մասին։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ամ­բող­ջա­կան զրոյ­ցը։

Ո՞րն է ներ­կա­յիս Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի ի­րա­վի­ճա­կը եւ ո­րո՞նք են ա­նոր կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րը:

Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի մա­սին խօ­սե­լու հա­մար, պէտք չէ շրջան­ցել Ապ­րիլ 2016ի ու ա­նոր յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը: ­­Կան քա­նի մը հանգ­րո­ւան­ներ, ո­րոնց մա­սին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն յի­շո­ղու­թիւ­նը պէտք է վե­րա­թար­մաց­նել:
2016ի Ապ­րի­լին, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած յար­ձա­կու­մը ­­Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ, բնա­կա­նա­բար չի կա­րո­ղա­նա­լով ստա­նալ ռազ­մա­կան այդ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, որ Ատր­պէյ­ճան կը փա­փա­քէր, փոր­ձեց ան­գամ մը եւս, ինչ­պէս նա­խորդ 20 տա­րի­նե­րու ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին, դի­ւա­նա­գի­տա­կան նոր ար­շաւ սկսիլ եւ նոր մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կել: ­­Մենք, ­­Սանկդ ­­Փե­թերս­պուր­կի եւ ­­Վիէն­նա­յի մէջ ձեռք­բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի հետ կա­րող էինք լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծել, յատ­կա­պէս ­­Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ մեր անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գի ու­ժե­ղաց­ման ա­ռու­մով, բայց 2018ին ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով, ո­րո­շա­կի նոր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ­­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վրայ: Ի հար­կէ, այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան եւ ան­գամ մը եւս օ­րա­կար­գի վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի՝ որ­պէս բա­նակ­ցու­թեանց մէջ մաս­նա­կի­ցի լիի­րաւ ան­դա­մի վե­րա­կանգ­ման եւ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին մօ­տե­նա­լու հար­ցը, ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փի վե­րա­կանգ­ման հար­ցը։ Այ­նու­հան­դերձ, մենք այ­սօր չու­նինք ո­րո­շա­կի տե­ղա­շարժ, բա­ցի տար­բեր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէ եւ տար­բեր տե­սա­կէտ­նե­րու յայտ­նու­մէն։ ­­Թե­րեւս, մենք ա­կա­նա­տես ենք հիմ­նա­հար­ցի ա­ռու­մով ո­րո­շա­կի փա­կու­ղա­յին ի­րա­վի­ճա­կի մը։ ­­Բա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու տա­րա­ծաշրջա­նին մէջ կա­տա­րո­ւող այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն, ու­նինք ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում­ներ եւ ո­րո­շա­կի քննար­կում­ներ, ո­րոնք կա­րե­լի չէ հա­մա­րել բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պե­տի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցող հան­դի­պում­նե­րը այս կամ այն գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի կամ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն՝ միջ­նորդ­նե­րու կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րով:
Ամ­փո­փե­լով հար­ցը, պի­տի ար­ձա­նագ­րեմ, որ մենք թե­րեւս կը գտնո­ւինք փա­կու­ղա­յին ի­րա­վի­ճա­կի մէջ. բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց որ­պէս այդ­պի­սին չկայ, ­­Ղա­րա­բա­ղը որ­պէս բա­նակ­ցա­յին կողմ ո­րե­ւէ ա­ռու­մով վե­րա­դառ­նա­լու եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար, ո՛չ միայն Ատր­պէյ­ճա­նի հա­ւա­նու­թիւ­նը չէ ստա­ցած, այ­լեւ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող եր­կիր­նե­րու կող­մէ ո­րե­ւէ ե­րաշ­խիք-յայ­տա­րա­րու­թիւն չէ ստա­ցո­ւած։ Ատրպէյ­ճան չի հրա­ժա­րիր իր ռազ­մա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն եւ պա­տե­րազ­մի մի­ջո­ցով ­­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցը լու­ծե­լու իր տար­բե­րա­կը ի­րա­կա­նաց­նե­լէ: Այս է ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը եւ ի­րա­վի­ճա­կը:
Ա­սոնց կող­քին, պի­տի ար­ձա­նագ­րեմ, որ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, թէ՛ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ թէ՛ նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ կը փոր­ձեն նոր շեշ­տադ­րում­ներ կա­տա­րել։ Այդ շեշ­տադ­րում­նե­րը կ­­՚ար­տա­ցո­լան Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հե­ռան­կար­նե­րով եւ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չե­լիու­թիւ­նը նոր հանգ­րո­ւա­նի մը հասց­նե­լու ա­ռու­մով:

Ար­ցա­խի ներ­քին կեան­քին ան­դրա­դառ­նա­լով, պի­տի խնդրենք նկա­րագ­րել քա­ղա­քա­կան կեան­քը այ­սօր, ի մաս­նա­ւո­րի՝ 2020ի նա­խա­գա­հա­կան եւ ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ:

Ինչ­պէս ա­մէն երկ­րի մէջ, հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ, ո­րոշ ժա­մա­նակ մը եր­կի­րը կը ներ­քա­շո­ւի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ եւ ա­ռա­ւել կը կեդ­րո­նա­նայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, նոյ­նը կը պա­տա­հի նաեւ Ար­ցա­խի մէջ: ­­Կը գտնո­ւինք 2020 թո­ւա­կա­նի հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շէ­մին, իսկ այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, մէկ օ­րո­ւան մէջ՝ նա­խա­գա­հի եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ. սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջար­կած այդ պայ­ման­նե­րը նոր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծած են Ար­ցա­խի յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար: ­­Միւս կող­մէն, ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած իշ­խա­նա­փո­խու­թե­նէն եւ զար­գա­ցում­նե­րէն ետք, նաեւ Ար­ցա­խի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ ո­րո­շա­կի տե­ղա­շար­ժեր տե­ղի ու­նե­ցած են եւ ակն­կա­լիք­ներ կան մեր հա­սա­րա­կու­թեան ո­րոշ հա­տո­ւա­ծին մօտ, թէ Ար­ցա­խի մէջ եւս պէտք է տե­ղի ու­նե­նայ այս­պէս ը­սո­ւած իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն: Ան­շուշտ, այս այլ նիւթ մըն է, եւ մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք անցնող մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, թէ ո՛ր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու եւ ո՛ր քա­ղա­քա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ այդ բո­լո­րը կը փոր­ձո­ւի դարձն­ցել օ­րա­կար­գա­յին հարց, երկ­րի ներ­քին կա­յու­նու­թեան մէջ ո­րո­շա­կի նոր շեշ­տադ­րում­ներ մտցնե­լու ա­ռու­մով:
­­Մենք, որ­պէս Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ դե­րա­կա­տար կու­սակ­ցու­թիւն, խորհր­դա­րա­նին մէջ ու­նե­նա­լով նաեւ մեր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ ու­նե­նա­լով մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նոն դաշ­տը, բա­ւա­կան ծան­րակ­շիռ եւ պա­տաս­խա­նա­տու կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րե­ցինք անց­նող մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին եւ յա­նուն Ար­ցա­խի ա­պա­գա­յին եւ յա­նուն երկ­րի ներ­քին կա­յու­նու­թեան եւ մեր անվ­տան­գա­յին հա­մա­կար­գին, կա­րո­ղա­ցանք Ար­ցա­խի ներ­քին կեան­քը դուրս եւ հե­ռու պա­հել ընդ­հա­նուր ներ­քին ցնցում­նե­րէ, ո­րը կա­րող էր բա­ւա­կա­նին ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ, չը­սեմ ճա­կա­տագ­րա­կան ըլ­լալ, բայց եւ այն­պէս՝ հե­ռու պա­հել ցնցում­նե­րէ, ներ­քին կա­յու­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լով հա­մա­կար­գի կա­ռա­վար­ման հիմ­նա­կան ե­րաշ­խի­քը:
­­Մենք կա­րո­ղա­ցանք այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս կա­տա­րել ներ­քին ժո­ղովր­դա­կան սկզբունք­նե­րուն հա­մա­ձայն, ա­ռանց լուրջ ցնցում­նե­րու, քա­ղա­քա­կան հա­մա­խո­հու­թեան մթնո­լոր­տով, եւ հի­մա բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նին 2020 թո­ւա­կա­նի հա­ւա­նա­բար ­­Մար­տին կա­յա­նա­լիք նա­խա­գա­հա­կան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար:
Ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լին մէջ, նկա­տե­լի է Ար­ցա­խի մէջ քա­ղա­քա­կան դաշ­տին վրայ ո­րո­շա­կի աշ­խու­ժու­թիւն եւ նոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծում: ­­Զար­մա­նա­լի թող չթո­ւի, բայց այդ 150.000 բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող Ար­ցա­խին մէջ 20է ա­ւե­լի գրան­ցո­ւած կու­սակ­ցու­թիւն­ներ կան. վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ար­դէն 10-12 կու­սակ­ցու­թիւն­ներ գրան­ցո­ւած են, ան­շուշտ տրա­մա­բա­նա­կան է ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շէ­մին նոր վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու ա­ռու­մով, բայց միւս կող­մէն անտ­րա­մա­բա­նա­կան է այն­պի­սի հիմ­նախն­դիր­ներ ու­նե­ցող հա­տո­ւա­ծի մը մէջ, ինչ­պի­սին է Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան մէջ այդ­քան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ար­ձա­նագ­րու­մը:

Ս­տեղ­ծո­ւած ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, ո՞րն է ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը այս եր­կու ընտ­րու­թիւն­նե­րու առն­չու­թեամբ:

Այդ ա­ռու­մով, կար­ծեմ եր­կու պա­տաս­խա­նա­տու օ­ղակ­ներ կան, մէ­կը՝ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­ներն են, որ պէտք է ա­մե­նայն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ վե­րա­բե­րո­ւին ա­պա­գայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն, միւ­սը՝ քա­ղա­քա­կան ու­ժերն են, ի­րենց կու­սակ­ցու­թիւն­ներն են, որ պէտք է այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նան, որ­պէս­զի, չի տա­րո­ւին ներ­քին կու­սակ­ցա­կան շա­հե­րէ, ինչ­պէս նաեւ անձ­նա­կան յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րէ: Այդ ա­մէ­նը պէտք չէ ա­ռաջ­նոր­դեն քա­ղա­քա­կան դաշ­տի մաս­նա­հատ­ման, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման, ո­ր կրնայ վե­րա­ծո­ւիլ ներ­քին թշնա­ման­քի եւ քա­ղա­քա­կան դաշ­տի փո­շիաց­ման: Այս ա­ռու­մով, ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը իր զուսպ կե­ցո­ւած­քը ցու­ցա­բե­րե­լով հան­դերձ, ի տար­բե­րու­թիւն ո­րոշ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու՝ նաեւ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու, կա­րո­ղա­ցաւ վեր­ջին 7-8 ա­միս­նե­րուն շատ ծան­րակ­շիռ եւ պա­տաս­խա­նա­տու ո­րո­շում­նե­րով եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս գալ եւ ա­պա­գայ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հա­մար ո­րո­շա­կի ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յաց­նել:
Այս ա­ռա­ջար­կը բաղ­կա­ցած է եր­կու բա­ղադ­րիչ­նե­րէ, նկա­տի առ­նե­լով միաս­նա­կան օ­րա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­մամբ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու ու­նե­նա­լու հան­քա­ման­քը:
­­Շա­տե­րու մօտ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը այն պատ­կե­րա­ցում­ներն էին, երբ 2007 թո­ւա­կա­նին չորս քա­ղա­քա­կան ու­ժեր հա­մախմբո­ւե­ցան եւ ա­ռա­ջար­կե­ցին մէկ միաս­նա­կան թեկ­նա­ծու: ­­Միաս­նա­կան թեկ­նա­ծու եւ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու եր­կու տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ են: Ե­թէ 2007 թո­ւա­կա­նին մենք միաս­նա­կան թեկ­նա­ծուի շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լով կա­րո­ղա­ցանք յա­ջող ընտ­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ եւ ան­կէ ետք ձե­ւա­ւո­րել մեր օ­րա­կար­գը, ստեղ­ծե­լով հա­մա­խո­հու­թեան մթնո­լորտ, այ­սօր մենք կ­­՚ա­ռա­ջար­կենք նախ ձե­ւա­ւո­րել օ­րա­կար­գը, իսկ այդ օ­րա­կար­գը թե­լադ­րե­լի է մեր հիմ­նախն­դիր­նե­րէն եւ մեր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն, ա­պա ան­կէ ետք, փոր­ձել ու­նե­նալ ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած թեկ­նա­ծու:
­­Մենք ա­ռա­ջին փու­լը ա­ւար­տած ենք եւ ո­րո­շա­կի ար­ձա­նագ­րում­ներ ու­նինք: Ա­նոնք հե­տե­ւեալն են՝ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մօտ ու­նե­նալ ընդ­հա­նուր ըն­կա­լում, պատ­կե­րա­ցու­մը ընդ­հա­նուր օ­րա­կարգ ձե­ւա­ւո­րե­լու, նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, ինչ որ ու­նի Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը, բայց այս ա­մէ­նը դե­ռեւս բա­ւա­րար չէ այդ օ­րա­կար­գի շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու ու­նե­նա­լու: Ո­րով­հե­տեւ, տար­բեր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ի­րենց պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ ու­նին ի­րենց թեկ­նա­ծուն եւ ի­րենց թեկ­նա­ծո­ւին շուր­ջը կ­­՚ու­զեն այդ ա­մէ­նը կա­ռու­ցել: Այ­նու­հան­դերձ, մենք մին­չեւ ­­Նո­յեմ­բե­րի երկ­րորդ կէ­սին պի­տի փոր­ձենք ամ­բող­ջա­կա­նացնել մեր քա­ղա­քա­կան խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­նե­րը եւ փոր­ձել հան­րու­թիւ­նը տե­ղե­կաց­նել մէ­կու­կէս ամ­սո­ւան մեր քա­ղա­քա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին:
Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը ու­նի վճռա­կա­նու­թիւ­նը եւ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան չա­փա­բա­ժի­նը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու ու հե­ռան­կար­ներ տես­նե­լու: Իսկ ե­թէ ոչ, այ­լա­պէս մեր ար­տա­կարգ ժո­ղո­վին մէջ, որ ­­Նո­յեմ­բեր 20էն ետք տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, պար­տա­ւո­րո­ւած պի­տի ըլ­լանք առ­նել մեր սե­փա­կան թեկ­նա­ծուն ու­նե­նա­լու ո­րո­շու­մը եւ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու այդ ո­րո­շու­մով:

2016ի Ապ­րի­լը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգ­րուան մըն էր Ար­ցա­խի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ու­նե­ցանք պա­տե­րազ­մա­կան լուրջ գոր­ծո­ղու­թիւն մը, ո­րուն նմա­նը չէր ե­ղած Ար­ցա­խի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք. ա­նի­կա նոյ­նիսկ ազ­դեց Ար­ցա­խի կեան­քին վրայ՝ նաե՛ւ պա­տե­րազ­մէն ետք: ­­Պի­տի ու­զէինք գիտ­նալ, թէ ինչ­պէ՞ս է այ­սօր մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­վի­ճա­կը։

Շատ դի­պուկ է ձեր հար­ցադ­րու­մը, մա­նա­ւանդ սահ­մա­նա­զա­տե­լով 2016ի նա­խոր­դած եւ յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը: 1995ի զի­նա­դա­դա­րի եւ նոր պայ­ման­նե­րու ա­ռա­ջադ­րու­մէն ետք Ար­ցա­խը փոր­ձեց իր բնա­կա­նոն կեան­քին մէջ մտնել, հիմ­նա­կա­նին մէջ վե­րաց­նե­լով պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը: ­­Նաեւ, Ար­ցա­խը զար­գա­ցուց իր ամ­բողջ տնտե­սու­թիւ­նը, ներ­քին կեան­քը, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ամ­բողջ կեան­քը, զա­նոնք կա­ռու­ցե­լով մեր յետ­պա­տե­րազ­մեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին եւ պա­տե­րազ­մա­կան հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման ընդ­հա­նուր հո­գե­բա­նու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ: ­­Մօտ եր­կու տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին մէջ կար­ծես թէ վե­րա­ցած էր այդ տե­սա­կէ­տը, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ լսո­ւող այդ ռազ­մա­տենչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը օր մը կա­րե­լի էր վե­րա­ծո­ւին պա­տե­րազ­մի: Ի հար­կէ՝ կա­յին ճիշդ մտա­ծող­ներ եւ ի­րա­վի­ճա­կը ճիշդ գնա­հա­տող­ներ, որ պա­տե­րազ­մի վտան­գը միշտ շատ մօտ կը տես­նէին: Եւ այդ ա­մէ­նով հան­դերձ, մեր ամ­բողջ տնտե­սու­թիւ­նը եւ կեան­քը, նաեւ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը կը փոր­ձէին կա­ռու­ցել այդ մտայ­նու­թեամբ: 2016ի Ապ­րի­լը ե­կաւ մէկ ան­գամ եւս փաս­տե­լու, որ մենք պար­տա­ւո­րո­ւած ենք մեր ամ­բողջ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը ու տնտե­սու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քը կա­ռու­ցել այդ մտայ­նու­թեամբ, որ Ատր­պէյ­ճա­նը ցան­կա­ցած պա­հու մը, կա­րող է ռազ­մա­կան իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը վերսկ­սիլ եւ այդ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով փոր­ձել յաղ­թել այն անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը, որ յա­ջո­ղած ենք 25 տա­րի­նե­րու ըն­տաց­քին ստեղ­ծել:
Ան­շուշտ, բա­ւա­կան փո­խո­ւած է 2016ի Ապ­րի­լէն ետք մեր ընդ­հա­նուր անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը, ա­ռա­ւել զօ­րաց­նե­լով եւ նոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լով: Ե­թէ 2016ի նա­խոր­դած շրջա­նին մենք ա­կա­նա­տեսն էինք Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­նընդ­հատ յար­ձա­կո­ղա­կան փոքր ծա­ւա­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, 2016ի հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու եւ մեր ու­նե­ցած բա­ցե­րը լրաց­նե­լու ա­ռու­մով, մեզ յա­ջո­ղո­ւե­ցաւ ստեղ­ծե­լ նոր պայ­ման­ներ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­ւա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րը կան­խե­լու ա­ռու­մով:

Ո­րո՞նք են Ար­ցա­խի զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը. Ինչ­պէ՞ս կը տես­նէք այս ամ­բողջ հո­լո­վոյ­թը եւ ըն­թաց­քը:

Պէտք է անդ­րա­դառ­նալ այն ցու­ցա­նիշ­նե­րուն, որ մենք ար­ձա­նագ­րած էինք նա­խորդ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին. ա­սոնք կը վե­րա­բե­րին տնտե­սա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն: Ան­շուշտ, մենք պէտք է ար­ժա­նին մա­տու­ցենք, յատ­կա­պէս 2007էն իշ­խա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նած քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան, որ նոր եւ ռիս­քա­յին տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մտցնե­լով մեր երկ­րի ներ­քին կեան­քին մէջ, կա­րո­ղա­ցաւ ա­ւան­դա­կան մեր գիւ­ղե­րու տնտե­սու­թե­նէն զատ, նաեւ ի յայտ բե­րել նոր հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն­ներ, ու­ժանիւ­թի հա­մա­կար­գի զար­գա­ցում, գիւ­ղատն­տե­սա­կան մթերք­նե­րու վե­րամ­շակ­ման ար­տադ­րու­թիւն, թէ­կուզ թէ անն­շան, ինչ­պէս նաեւ՝ հիւ­սո­ւա­ծա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան զար­գա­ցում եւ նոր ցու­ցա­նիշ­նե­րու նո­ւա­ճում: Այդ ա­մէ­նը ար­տա­ցո­լած են նաեւ՝ ո՛չ միայն մեր պե­տա­կան պիւտ­ճէին, այ­լեւ հա­մա­խառն ներ­քին ար­դիւն­քի ցու­ցա­նիշ­նե­րուն վրայ: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րո­ւայ 9-11 տո­կոս տնտե­սա­կան ա­ճը եւ ցու­ցա­նիշ­նե­րը կը փաս­տեն, որ այն տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ որ­դեգ­րո­ւած է ան­ցեալ տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին, տո­ւած է իր ար­դիւնք­նե­րը եւ իր պտուղ­նե­րը:
Ես կը կար­ծեմ, թէ իւ­րա­քան­չիւր անձ, այ­ցե­լե­լով Ար­ցախ, այդ ա­մէ­նը կա­րող է իր սե­փա­կան աչ­քե­րով տես­նել եւ հա­մո­զո­ւիլ յա­ռա­ջըն­թա­ցի ար­դիւնք­նե­րով: Այ­սու­հան­դերձ, դե­ռեւս բա­ւա­րար չեն այն ցու­ցա­նիշ­նե­րը, որ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նին Ար­ցա­խի մէջ, նոր ճիւ­ղե­րու զար­գաց­ման եւ նոր ար­հես­տա­գի­տու­թեան տե­ղա­կայ­ման ա­ռու­մով. մեր ջրա­յին աղ­բիւր­նե­րու օգ­տա­գործ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի են քան մենք ու­նինք այ­սօր: Ես կը կար­ծեմ, որ վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, ներ­քին մեր քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ո­րոշ ան­ցու­դարձ­նե­րը, ի­րենց կան­խար­գե­լիչ եւ տնտե­սա­կան ցու­ցա­նիշ­նե­րու ա­ռու­մով, բա­ցա­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած են, բայց 2020 թո­ւա­կա­նի ընտրու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց յա­ջոր­դող շրջա­նը վստահ, որ պէտք է նոր հե­ռան­կար մը եւ նոր հանգ­րո­ւան մը բա­նայ:
Ար­ցա­խը կը շա­րու­նա­կէ մնալ որ­պէս հրա­պու­րիչ մի­ջա­վայր գոր­ծառ­նու­թիւն­ներ զար­գաց­նե­լու։ Ա­նոնց հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­ռու­մով, պար­զա­պէս պէտք է այդ ա­մէ­նը կա­րո­ղա­նալ ճիշդ եւ նպա­տա­կա­յին օգ­տա­գոր­ծել, ի հար­կէ մեր չա­փո­րո­շիչ­նե­րը քիչ մը սահ­մա­նա­փա­կել եւ դէ­պի նոր շու­կա­ներ դուրս գալ: ­­Մեր ար­տադ­րան­քի մաք­րու­թիւ­նը եւ բնա­կան ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը այ­սօր ու­նի իր պա­հան­ջը մի­ջազ­գա­յին տար­բեր շու­կա­նե­րու մէջ:

­­Պի­տի ու­զէինք անդ­րա­դառ­նալ Հ.Յ.Դ. ­­Հայ դա­տի աշ­խար­հաս­փիւռ յանձ­նա­խում­բե­րու տա­րած աշ­խա­տան­քին, որ թէ՛ եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սէն, նա­­՛եւ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սէն, նոյ­նիսկ հե­ռա­ւոր Աւստ­րա­լիա­յէն յա­ջո­ղած են ա­պա­հո­վել Ար­ցախ այ­ցե­լող պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւոր թիւ մը, ո­րոնք ի­րենց գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նեն Ար­ցա­խին: Ա­ռա­ւել, ու­նե­ցանք Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը: ­­Տե­սանք վեր­ջերս ­­Մա­յիս ­­Մա­յի­լեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­ներ, մա­նա­ւանդ այն օ­րե­րուն՝ երբ այդ երկ­րի ­­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տու­նը քո­ւէար­կեց ի նպաստ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման։ Ատր­պէյ­ճա­նը ինչ­պէ՞ս կը հա­կազ­դէ այս բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մաց։

Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ճանչ­ցո­ւած չըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը բա­ւա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ մեր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար: Ա­ռիթ չի տար լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծել այդ դի­ւա­նա­գի­տա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ մենք ու­նինք որ­պէս ա­ռան­ձին եւ ան­կախ գոր­ծող հան­րա­պե­տու­թիւն: ­­Թե­րեւս, ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին մենք ա­կա­նա­տեսն էին տաս­նա­մեակ­նե­րու, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տար­բեր աշ­խար­հա­մա­սե­րուն մեր խորհր­դա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ջան­քե­րու հե­տե­ւան­քով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման, յատ­կա­պէս ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րու առն­չու­թեամբ եւ ա­նոնց որ­պէս հե­տե­ւանք՝ ճա­նա­չո­ղա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը Ար­ցախ: Անց­նող տա­րի­նե­րուն, մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու՝ Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւունք­նե­րու ճա­նաչ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։
Ես նկա­տի ու­նիմ Ա­մե­րի­կա­յի ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու նա­հան­գա­յին մա­կար­դա­կով ճա­նա­չում­նե­րը, Աւստ­րա­լիոյ հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­սի նա­հան­գա­յին մա­կար­դա­կով ճա­նա­չու­մը, շարք մը բա­րե­կա­մա­կան խում­բե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, Ար­ցա­խի խորհր­դա­րա­նի բա­րե­կա­մա­կան խում­բե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի, Ֆ­րան­սա­յի հետ բա­րե­կա­մա­կան խումբ, ­­Լի­թո­ւա­յի հետ բա­րե­կա­մա­կան խումբ, նաեւ փո­խայ­ցե­լու­թիւն­նե­րը տար­բեր մա­կար­տակ­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ քոյր քա­ղաք­նե­րու յու­շագ­րե­րու եւ հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րու­մը Ար­ցա­խի քա­ղաք­նե­րու եւ Ֆ­րան­սա­յի, Ա­մե­րի­կա­յի, Աւստ­րա­լիա­յի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ:
Այս ա­մէ­նը նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ նոր հե­ռան­կար­ներ բա­ցած են Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծին եւ ինք­նին ձե­ւա­ւո­րո­ւած է նաեւ տար­բեր աշ­խար­հա­մա­սե­րու Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու խում­բեր, ո­րոնք մէ­կը միւ­սին հա­ղոր­դա­կից չէին:
­­Վեր­ջա­պէս, մենք ա­կա­նա­տես ենք նաեւ այն հա­կազ­դե­ցու­թեան, որ Ատր­պէյ­ճա­նը կը փոր­ձէ իր ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան մի­ջո­ցով, իր դես­պա­նա­տու­նե­րու մի­ջո­ցով այն ճնշում­նե­րը գոր­ծադ­րել այս կամ այն երկ­րի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, ին­չու չէ նաեւ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու վրայ, նաեւ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու վրայ, հե­ռու պա­հե­լու հա­մար ա­նոնց Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի ճշմար­տա­ցի ի­րա­զե­կու­թեան ա­ռու­մով: ­­Մենք ա­կա­նա­տես ենք, թէ ինչ­պէս Ատր­պէյ­ճա­նը ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ կը փոր­ձէ Ար­ցա­խը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս իր տա­րած­քը, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման հա­մար պայ­քա­րը կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս ակ­րե­սիա­յի պայ­քար։ Այդ ա­ռու­մով, շատ կա­րե­ւոր էր ­­Հայ դա­տի գրա­սե­նեակ­նե­րու, յանձ­նա­խում­բե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան աշ­խար­հաս­փիւռ կա­ռոյ­ցի եւ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ու այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան որ­պէս ար­դիւնք՝ 10-13 ­­Հոկ­տեմ­բե­րին Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու ֆո­րու­մը:
­­Ներ­կա­յիս, Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու ֆո­րու­մին մի­ջո­ցով եւ Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու Ար­ցա­խի մէջ միա­ժա­մա­նակ միաս­նա­բար հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ մէկ հա­մա­ժո­ղով ը­նե­լու փաս­տը վստա­հա­բար՝ նոր սկիզբ կրնայ ըլ­լալ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հե­ռան­կար­նե­րու ա­ռու­մով:
­­Մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք ինչ­պի­սի ե­լոյթ­նե­րով եւ ինչ­պի­սի պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, ինչ­պի­սի հե­ռան­կար­նե­րով եւ տես­լա­կան­նե­րով տար­բեր շրջան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կա­րո­ղա­ցան ի­րենց քա­ղա­քա­կան յստակ կե­ցո­ւած­քը եւ խօս­քը փո­խան­ցել՝ ո՛չ միայն Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին, այլ նաեւ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րուն. յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցով շա­հագր­գիռ այդ բո­լոր կող­մե­րուն, ո­րոնք կը փոր­ձեն Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին կար­գա­ւոր­ման հա­մար ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն ներ­կա­յաց­նել եւ շե­ղել հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թե­նէն: Վս­տա­հա­բար, ֆո­րու­մը ու­նե­ցաւ իր ար­դիւն­քը: ­­Ֆո­րու­մը պէտք է դի­տար­կել որ­պէս սկիզբ մեր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, նկա­տել որ­պէս այդ ցան­ցի ձե­ւա­ւոր­ման կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան մը, որ պէտք է ու­նե­նայ մշտա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն, որ պէտք է ու­նե­նայ պար­բե­րա­բար ի­րա­կա­նա­ցո­ւող նոր հա­մա­ժո­ղով­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քով բնա­կա­նա­բար պէտք է հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան տե­ղե­կա­ցո­ւին Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի եւ հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չե­լիու­թեան հար­ցե­րը:

Ո՞րն է ձեր խօս­քը յու­նա­հայ հա­մայն­քի ժո­ղո­վուր­դին:

Յու­նա­հայ հա­մայն­քը, ինչ­պէս 1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն եւ ա­նոր յա­ջոր­դած շրջա­նին, միշտ նե­ցուկ ե­ղած է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան: Ան­շուշտ, ես պար­տա­ւոր եմ բարձ­րա­ձայ­նե­լու ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րակ­ման գոր­ծին մէջ՝ «­­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցի ստեղծ­ման եւ ա­նոր մէջ ու­նե­ցած իր ներդրու­մին ճամ­բով: ­­Նաեւ, ես պէտք է փոր­ձեմ ար­ձա­նագ­րել այս 20-21 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի մա­նուկ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած ճամ­բար­նե­րը ­­Սի­րոս կղզիին մէջ, ո­րոնք ա­մէն տա­րի կ­’ի­րա­կա­նա­ցուին ձեր հա­մայն­քի ջան­քե­րով եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րով։
­­Պարտք կը հա­մա­րեմ նշել այն քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մա­ձայն հայ հա­մայն­քը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը կա­րո­ղա­նայ իր վճռո­րոշ խօս­քը ու­նե­նալ ­­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի զար­գաց­ման՝ այս կամ այն հանգ­րո­ւա­նին: Ես շատ լաւ կը յի­շեմ, որ երբ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Ա­լիե­ւը այ­ցե­լեց ­­Յու­նաս­տան, ի՛նչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ այս­տե­ղի յու­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: ­­Մենք ա­կա­նա­տես ենք նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու, յատ­կա­պէս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: ­­Նաեւ՝ զի­նուո­րա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման, հայ-յու­նա­կան ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մաս­նա­գի­տա­կան ո­րոշ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եւ ո­րա­կա­կան չա­փո­րո­շիչ­նե­րու բարձ­րաց­ման ա­ռու­մով: Ան­շուշտ, պէտք է նշել, թէ յու­նա­հայ հա­մայն­քը միշտ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման եւ մշա­կու­թա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը փո­խան­ցեմ յու­նա­հայ հա­մայն­քին՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին տար­բեր բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման եւ ա­նոնց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար: