Համազգայինը մանուկներու յարմար խաղեր պատրաստած է արդիական գործիքներու վրայ, քանի՞ խաղ է եւ ինչպէ՞ս կարելի է օգտագործել։
Համազգայինի մանկական խաղերու բաժանմունքը պատրաստած է մանկական դաստիարակչական խաղեր «iOS» եւ «Android» գործիքներուն վրայ, 3-5 տարեկան երեխաներուն համար, արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով։
Հրապարակի վրայ են 3 անվճար «app»եր. Գոյներու աշխարհ, Ձեւերու աշխարհ եւ Գիրերու աշխարհը։ Այս բոլոր խաղերն ալ պատրաստուած են մանկավարժական արդիական սկզբունքներուն հետեւելով։ Նկատի առնուած են հետեւեալները.
-Զարգացնել երեխային լեզուական կարողութիւնները։
-Զարգացնել երեխային տրամաբանելու, յիշելու եւ կեդրոնանալու կարողութիւնները։
-Զարգացնել երեխային երեւակայելու եւ ստեղծելու կարողութիւնները։
-Զարգացնել երեխային մօտ հետազօտելու ցանկութիւնը։
-Արթնցնել երեխային մօտ երաժշտական հետաքրքրութիւն։
Ի՞նչ է ծրագրին նպատակը։
Այս ծրագրին նպատակը զուտ դատիարակչական է, երեխան առանց ճնշումի եւ պարտադրանքի, խաղալով, պիտի իւրացնէ գոյները, ձեւերը, գիրերը եւ պիտի սորվի հայերէն նոր բառեր։
Խաղը լաւագոյն միջոցներէն է երեխաներուն հայերէն լեզուն սորվեցնելու, որովհետեւ ինչ որ խաղով կը տրուի երեխային, մեծ հաճոյքով կ՚ընդունուի։
Այս բոլոր խաղերու հերոսները երեխաներ են։ Երեխան աւելի հաճոյքով կը սորվի, երբ տարեկիցներ կ՚ընկերակցին իրեն։
Գլխաւոր հերոսները` Լալան ու Արան կ՚ընկերակցին խաղերուն ընթացքին, ցուցմունքներ կու տան ու կը սորվեցնեն հետաքրքրական ու դաս-տիարակչական խաղերու միջոցաւ։
Լալան ու Արան հետաքրքրասէր ու արթնամիտ են։ Կը քաջալերեն խաղացողին, ուղղութիւն կու տան եւ կ՛օգնեն երբ օգնութեան պէտք ունի։
Խաղերը ունին յստակ օրէնքներ, հրահանգները կարճ են ու տրուած պարզ նախադասութիւններով, որպէսզի երեխան դիւրին հասկնայ։
Ճիշդ կամ սխալ ընելու պարագային, երեխան կը ստանայ գնահատական կամ դարձեալ փորձելու քաջալերանք, որոնք երեխային աւելի կը հրահրեն ու կը քաջալերեն։
Խաղի ամբողջ ընթացքին, երեխան անկախ է։ Ան առանձին կը պրպտէ, կը փորձարկէ, կը գտնէ, կը սորվի, կը գնահատուի ու ինքզինք կը գնահատէ։
Ծրագիրը պիտի օգնէ երեխային ինքնուսուցման։
Խաղերը այլազան են եւ ունին հարուստ բառամթերք։
Լսելով ու փորձելով, երեխան պիտի շրջանցէ լեզուական դժուարութիւնները, պիտի փորձէ հասկնալ հայերէն լեզուով տրուած հրահանգները եւ գործադրել զանոնք։ Աւելի ուշ, ան պիտի փորձէ կրկնել հրահանգը։
Խաղերը կը զարգացնեն երեխային լսելու, դիտելու եւ շօշափելու կարողութիւնները։
Երեխան իր շրջապատը կը ճանչնայ զգայարաններուն միջոցաւ։
Ընդհանրապէս մատիկով են կատարուելիք աշխատանքները։ Օրինակ՝ մատը ջրաներկին կը թաթխէ ներկելու համար պատկերը։
Քաջալերելու համար երեխան եւ մղելու համար դէպի յառաջ, միշտ գնահատանքը ներկայ է։
Իւրաքանչիւր անգամ որ երեխան ամբողջացուց խաղը, Լալան կամ Արան զինք կը գնահատեն «Ապրի՜ս»ով։
Չյաջողելու պարագային երեխան պիտի լսէ «նորէն փորձէ» ձայնը։
Խաղերու կողքին ունի՞ք նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ։
Այո՛, մանկավարժներու թելադրանքին հետեւելով, պատրաստած ենք զանազան առարկաներ եւ խաղալիկներ (ինչպէս օրինակ որմազդ, պիտակ, թի շըրթ, վերարկու, պայուսակ, գրչատուփ, պուպրիկ, բարձիկներ եւ այլն)։ Լալայի ու Արայի պիտակը կայ այս բոլորին վրայ եւ երբ երեխան զանոնք գործածէ Լալան ու Արան միշտ կ՚ընկերակցին իրեն։ Օտար հերոսները կամաց-կամաց կը փոխարինուին հայկականով։
Ո՞ւր կը վաճառուին այս առարկաները։
Մենք ունինք մեր կայքէջը. «www.lalanouaran.com», ինչպէս նաեւ ներկայ ենք ընկերային ցանցերու վրայ facebook եւ Instagram, այս բոլոր միջոցներով կարելի է ապսպրել, իսկ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ կարելի է դիմել տեղւոյն Համազգայինի Վարչութիւններուն կամ կեդրոններուն եւ անոնք կը տրամադրեն եւ կամ կ՚ապահովեն պատուէրները։
Յայտնենք, որ արեւմտահայերէն խօսող Լալայի ու Արայի պուպրիկները մեծ յաջողութիւն գտան մանուկներուն մօտ։ Պուպրիկները կը պատրաստուին Երեւանի «Մանկան» գործարանին մէջ։
Յառաջիկայի համար նոր ծրագիրներ ունի՞ք։
Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ պէտք է խոստովանիլ, որ մանկական աշխարհը լայնածաւալ է եւ նկատի ունենալով, որ հրապարակի վրայ հայերէնով խաղեր եւ խաղալիկներ շատ քիչ կան, ուստի «Համազգային»ը որոշեց նետուիլ նաեւ այս դաշտին մէջ եւ օրէ օր ընդլայնելով կարելիութիւնները մանուկներուն համար նոր միջավայր ստեղծել։ Այո՛, ունինք նոր ծրագիրներ, մանուկներու յարմար պատմութիւններ, որոնց հերոսները Լալան ու Արան են, թէ՛ պիտի հրատարկենք գրքոյկներ եւ թէ այդ նոյն պատմութիւններու շարժական պատկերները ձայնի եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ պիտի սփռուին մեր «youtube»ի կայանի միջոցով։ Ունինք նաեւ այլ արտադրութիւններու ծրագիրներ, որոնք կ՚ուզենք անակնկալ մնան մեր սիրելի փոքրիկներուն համար։
Յաւելեալ բացատրութիւններ եթէ կ՚ուզէք տալ պատրաստ ենք լսելու։
Կ՚ուզեմ նշել նաեւ, որ վերջերս համագործակցութեամբ անձնական նախաձեռնութեամբ մը հրապարակուած «Ողկոյզ մը պատմուածք»ի, մեր կայքէջի վրայ տեղ տրամադրեցինք մանկական հայերէնով ընթերցուած պատմուածքներու: Ընթերցումի կտորները քաղուած են Լեւոն Շանթի կազմած «Մանկական Աշխարհ»ի շարքէն: «Ողկոյզ»ի նպատակն է՝ հաճելի ընթերցումներու ճամբով, ուրախութեան պահեր ստեղծել մանուկներուն ու պատանիներուն համար եւ իրենց մօտ յառաջացնել հետաքրքրութիւն՝ դէպի ընթերցանութիւն եւ հայերէն գիրք: www.lalanouaran.com.