Որոշ ժամանակ առաջ, Յունաստան գտնուեցաւ արեւմտահայերէն Ուքիփետիա բաժինի պատասխանատու Ազնիւ Ստեփանեան, որ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու խումբ մը աշակերտներուն, որոնք կը զբաղին Ուքիփետիայի բաժիններու խմբագրութեամբ, ներկայացուց ծրագիրի ընթացքը եւ ցոյց տուաւ խմբագրումի ձեւերը։ Ան նաեւ «Համազգային»ի Շրջ. վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքին խօսեցաւ Ուքիփետիայի մասին եւ ծրագիրը ծանօթացուց հետաքրքրուողներուն։ Իր Աթէնք կեցութեան օրերուն, Ազնիւ Ստեփանեան այցելեց «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը եւ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ, որ կը հրատարակենք ստորեւ։ Ազնիւ Ստեփանեան ծնած է Հալէպի մէջ։ Ան շրջանաւարտ եղած է ազգ. «Քարէն Եփփէ» ճեմարանէն. աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի առեւտրական ուսումնարանը, աւարտած է նաեւ «Համազգային»ի հայագիտականի քառամեայ դասընթացքները: Եղած է հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Հայ Աւետարանական «Բեթէլ» երկրորդական վարժարանին մէջ (14 տարի): Սուրիոյ պատերազմին պատճառով հաստատուած է Հայաստան, ուր վերջերս աւարտած է Երեւանի «Խ. Աբովեան»ի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան բաժանմունքը։ 2015էն կը համակարգէ ու կը վարէ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ծրագիրը։
__________________________________________________________________________
Երբ յառաջ եկաւ արեւմտահերէնի մուծման գաղափարը Ուքիփետիաի հարթակին վրայ։ Որոնք էին այս միտքի հեղինակները։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ստեղծելու եւ զարգացնելու գաղափարը «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան անդամներուն մտայղացումն էր։ 2014ին «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը սկսաւ աշխատանքներ տանիլ արեւմտահայերէնով հանրագիտարանայի յօդուածներ ստեղծելու ուղղութեամբ, իսկ 2015ի Յունուարին, «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան գործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ, նպատակ դրուեցաւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին լեզուական կարգանիշ ստանալը։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման եւ բովանդակութեան ընդլայնման համար` մօտաւորապէս 4 տարի շարունակ մշակուեցան ծրագիրներ, միջոցառումներ եւ այդ տարբեր ձեռնարկներուն եւ գործունէութիւններուն միջոցով տարածուեցաւ գաղափարը։
Այդ ամբողջ աշխատանքը ի մտի ունէր աջակցիլ արեւմտահայերէն բովանդակութիւն ունեցող նիւթերուն ստեղծման, աջակցութեամբ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքահայ համայնքներու արեւմտահայ անդամներուն։
2019ի սկիզբը ստեղծուեցաւ արեւմտահայերէնի համար առանձին՝ hyw կարգանիշը՝ տրամադրուած «SIL International»ի կողմէ, որ ISO 639-3ը գրանցող մարմինն է։
Իսկ նոյն թուականի Ապրիլ 1ին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունեցաւ համացանցի վրայ իր առանձին հարթակը։
Արդեօ՞ք գոյութիւն ունի որեւէ կապակցութիւն այս աշխատանքի զարգացման ու հարստացման գործին եւ կրթական ծրագիրներու միջեւ։
Այո, առընչութիւնը տեսանելի է այն առումով, որ երկու կողմերն ալ փոխկապակցուած են իրարու իբրեւ տեղեկութիւնն ու գիտելիքը փոխանցելու գործառոյթ, կրթական ծրագիրը՝ դասական ձեւերով, իսկ Ուիքիփետիան՝ ամենաժամանակակից ձեւերով։
Սխալ պիտի ըլլայ, 21րդ դարուն, ուսուցումը գործէ այնպէս ինչպէս կը գործէր 20րդ դարու վերջին քանի մը տասնամեակներուն։
Այստեղ նշեմ, որ հարթակին ստեղծման հիմնական նպատակներէն մէկը այն է, որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, գիտելիքի ազատ հանրագիտարան ըլլալու կողքին, նաեւ կարեւոր դեր ու ներդրում ունենայ արեւմտահայերէնի առցանց զարգացման ուղղութեամբ։ Ինչպէս նաեւ, համացանցը հարստացնէ մասնագիտական նոր բառերով ու եզրերով։
Որքա՞ն կարեւորութիւն ունի նման դժուար եւ երկար ժամանակ պահանջող աշխատանք մը, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ արեւմտահայը արդէն դիւրաւ կ՚ընկալէ արեւելահայերէնը։
Պէտք է խոստովանիլ, բայց չմեղադրել արեւմտահայը՝ դիւրաւ արեւլահայերէնի ընկալման մէջ. ան տասնեակ տարիներ պայքարած է, օտար միջավայրերու մէջ, իբրեւ հայ իր ինքնութիւնը պահելու եւ գոյատեւելու համար. միեւնո՛յն ժամանակ դառնալու տուեալ երկրին հաւատարիմ քաղաքացին։
Լեզուին կարեւորութիւնը մեծ է մայրենին սիրողներուն համար. մեծ է եւ կարեւոր առցանց ձեռնարկներու առկայութիւնը լեզուն օգտագործելու եւ կենդանի պահելու համար, Ուիքիփետիան ըլլալով առցանց ձեռնարկ՝ հնարաւորութիւն է, որ մեր լեզուն ունենայ նաեւ լրագրութենէ ու գրականութենէ բացի այլ իմաստ։
Հաճելի, օգտակար, նպաստող եւ երկար ժամանակ պահանջող աշխատանք է, սակայն Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ իր ազատ ժամերուն կրնայ մտնել տարածք ու սկսիլ խմբագրական աշխատանքի՝ նոր յօդուած ստեղծելու կամ արդէն իսկ խմբագրուած յօդուածը բարելաւելու համար։
Որքա՞ն է ձեր գործունեայ աշխատակիցներու թիւը եւ ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք մինչեւ այսօր զետեղուած յօդուածներու որակը եւ քանակը։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրները Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն տարբեր մարդիկ են, նշենք որ կամաւորներ են, որոնք կը սիրեն իրենց լեզուն ու կ՚աշխատին, որ ան շարունակէ կենդանի մնալ մեր մէջ։
Մեր խմբագիրներուն մէջ կան հայկական դպրոցներու աշակերտներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ազատ անհատներ, որոնք առանձին կամ միասին իրենց նախաընտրած նիւթերով կը գրեն ու կը հրապարակեն յօդուածներ։ Իսկ գործունեայ խմբագիրներուն թիւը կը տարուբերի 15էն 20ի միջեւ։ Բոլոր խմբագիրները քաջատեղեակ են, որ այս կամաւորութիւնը մեզի կու տայ թէ՛ շահ, եւ թէ օգուտ։ Քանի որ Ուիքիփետիան ազատ ու բաց հանրագիտարան է, այնտեղ հրապարակուած նիւթերուն որակին համար պատասխանատու են բոլոր խմբագիրները։ Իսկ մեր խմբագիրներուն մէջ կան արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, հայագիտական տարբեր հիմնարկներու շրջանաւարտներ, լրագրողներ, յօդուածագիրներ ու թերթերու աշխատակիցներ, որոնք միշտ ազատ են մտնելու որեւէ յօդուածի տարածք ու խմբագրելու զայն։ Իսկ յօդուածներու քանակը հետզհետէ ընդլայնուող ցուցակ է։
Որո՞նք են կարեւորագոյն դժուարութիւնները, որ յառաջ եկած են տուեալներու գործնական տեղադրումի ու զանոնք կարգի դնելու աշխատանքէն Ուքիփետիա հարթակին վրայ։
Հիմնական դժուարութիւնը եղած է աղբիւրներու ապահովումը։ Տուեալները ամբողջական ձեւով լրացնելու համար, պէտք է ունենալ քանի մը վստահելի աղբիւրներ, ապա զանոնք համադրելով, տեղադրել Ուիքիփետիայի հարթակին վրայ։
Ընդհանրապէս օգտուած ենք առցանց աղբիւրներէ, սակայն միշտ ալ կարիքը կայ գիրքերու հայթայթման ու ապահովման:
Մինչեւ այսօր ձեր ունեցած կապերով եւ փորձառութեամբ երիտասարդներուն հետ այս գործին առնչութեամբ, կրնա՞ք մեզի բացատրել, թէ այսօր ի՞նչ մակարդակի վրայ կը գտնուի հայերէն լեզուն Ափիւռքի մէջ։
Էութեամբ կը նախընտրեմ տեսնել գաւաթին լեցուն կողմը, որովհետեւ մեր հիմնական առաքելութիւնը՝ այդ մեր ունեցած լեցունը պահելուն մէջ է, միւսը՝ արդէն չկայ, ոչինչ է։
Համատարած արտայայտութիւն է, որ նոր սերունդը չի սիրեր իր սեփական լեզուն։ Որեւէ բան սիրելու համար պէտք է հասկնալ եւ ըմբռնել զայն։ Մեր առաքելութիւնը պէտք է գործէ լեզուն աւելի հասկնալի եւ ըմբռնելի մատուցանելու ուղղութեամբ։
Արեւմտահայերէնը Սփիւռքի տարածքին, այո, պայքարի մէջ է։ Նոր սերունդը, ո՛չ թէ չի սիրեր հայերէնը, այլ՝ կը դժուարանայ զայն ըմբռնելու, հետեւաբար՝ բանաւոր եւ յատկապէս գրաւոր լեզուն, վերարտադրելու։ Առաջինը ծնողներուն, մասնաւորապէս մայրերուն, ապա յաջորդող օղակին՝ ուսուցիչներուն, ջանքերն ու աջակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է այս բոլորը կանխելու համար։
Ուիքի ճամբարներուն եւ դասընթացքներուն մասնակիցները, որոնք կը մասնակցէին Պոլիսէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Ամերիկայէն եւ Յունաստանէն, եւ որոնց տարիքը կը տարուբերէր 16էն 25ի միջեւ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերէին եթէ մայրենիի նկատմամբ սէր եւ պատասխանատուութիւն չզգային։ Անոնց մէջ կային տաղանդաւոր եւ գրելու մարմաջը ունեցողներ, որոնք այսօր առաջին քայլերը կ՛առնեն դէպի գրական աշխարհ։
«ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ն արեւմտահայերէնը դասած է վտանգի եւ կորուստի տակ գտնուող լեզուներու ցանկին մէջ։ Մենք Սփիւռքի մէջ արդէն կը զգանք այս վտանգը։ Կրնա՞ք մեզ բացատրել եթէ մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին նշանակալից նախաձեռնութիւններ մեր լեզուի դիմագրաւած վտանգները շրջելու համար։
Տարիներ առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕն արեւմտահայերէնը ճանչցաւ իբրեւ վտանգուած լեզու, սակայն այդ պէտք չէ յուզէ մեզմէ ոչ մէկը։
Այսօր այնքան շատ են արդի արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները, որ հայերէն լեզուի եւ հայագիտութեան հետ առընչուող բազմաթիւ ծրագիրներ մշակուած են ու կը մշակուին, որոնք կարելի է իրականացնել ժամանակակից արհեստագիտութեան միջոցներու օգտագործմամբ։
Առցանց ծրագիրներու շարքին կը դասուի նաեւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, որ կրնայ կարեւոր խթան հանդիսանալ արեւմտահայերէնի գործածութեան համար՝ արեւմտահայերէնը օգտագործելով իբրեւ գրաւոր լեզու։