Համազգայինի առցանց բեմը՝ «h-pem»ը հայ մշակոյթը հասանելի կը դարձնէ հայերէնէն հեռու խաւին
Այս տարուան Մայիսին տեղի ունեցաւ մեկնարկը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան h-pem մշակութային կայքին, որ իր գործելաոճով նոր շունչ կը բերէ հայ մշակոյթի ժամանակակից եւ անցեալի իրագործումները ապրեցնելու եւ տարածելու նպատակին։ Կայքը արուեստի եւ մշակութային նիւթեր մատուցելու իր ուրոյն ոճով եւ ընկերային ցանցերու վրայ իր աշխուժ գործունէութեամբ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ արդէն արժանացած է խանդավառ ընդունելութեան։
«Ազատ Օր» գրաւոր հարցազրոյց մը կատարեց բեմին պատասխանատուներուն հետ՝ լուսարձակի տակ առնելով ծրագիրին բնոյթը, մեկնակէտը եւ ընկալումը, ողջունելի եւ այժմէական այս ծրագիրը ծանօթացնելու համար իր ընթերցողներուն։
Համազգայինի 7րդ պատգամաւորական ժողովէն բխած ծրագիր է h-pemը, որուն նպատակը բնութագրուած է իբրեւ հայերէնէն հեռացած եւ ձուլման ենթակայ սփիւռքահայ սերունդները հայ մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու արդիական նախաձեռնութիւն։ Համազգայինը ինչպէ՞ս կը վերցնէ այս յանձնառութիւնը եւ ի՞նչ սկզբունքներով կ՚առաջնորդէ այս ծրագիրը։
ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (h-pemի յանձնախումբի անդամ).- H-Pemը համահայկական է եւ մասնակցողական՝ իր բնոյթով, բեմն է ստեղծագործ եւ ոգիով երիտասարդ հայերու, որոնք պիտի մասնակցին անոր զարգացումին։ Մինչ կազմակերպուած սփիւռքը կը փորձէ հայ մշակոյթ եւ լեզու պահպանել սեղմ փոքրամասնութեան մը մէջ, անդին` գոյութիւն ունի իր բնակած երկրին լեզուն խօսող մեծամասնութիւն մը, որուն նուազագոյն չափով չենք հասնիր, որ սակայն ամբողջովին խզուած չէ հայութենէն: Բեմը կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով, թէ «ազգ» հասկացութեան մէջ կարեւորագոյն տարրը մշակոյթն է։ Հայ է ան, որ ունի ամբողջական կամ մասնակի հայկական ծագում, իր ինքնութեան մէջ ունի տարրեր հայ մշակոյթէն, եւ ինքզինք ամբողջովին կամ որոշ չափով հայ կը զգայ: Մեր պարտականութիւնն է օգնել, որպէսզի հայ ըլլալու զգացումը վերածուի գիտակցուած կողմնորոշումի: Նկատի ունենալով, որ հայերէնէն հեռացած խաւին, մանաւանդ՝ երիտասարդութեան հասնելու ամէնէն հասկնալի լեզուներէն մէկը անգլերէնն է՝ բեմը կը գործէ այս լեզուով՝ բազմալեզու կայքի հեռանկարով։ Համազգայինի պատգամաւորական ժողովները պիւտճէական ծանր յանձնառութիւն ստանձնած են այս ծրագիրին նախաձեռնելու համար: Սակայն նման ծրագիր ապրեցնելու եւ ուռճացնելու համար կարիքը կայ շարունակական մեծ ներդրումներու: Կը հաւատանք, որ շատեր պիտի գիտակցին անոր կարեւորութեան եւ զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերեն:
H-Pemը արդէն որոնելի նիւթ է առցանց Wikipedia հանրագիտարանին վրայ։ Ի՞նչ մարտավարութիւններով սկսաւ գործել կայքը, ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք ծրագիրին վեցամսեայ արդիւնքը։
ԼՈՒՍԻԿ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ-ՍՐԱՊԵԱՆ (h-pemի տնօրէն).- Բեմին յաող մեկնարկը շատ բան կը պարտի յանձնախումբին ժրաջան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ՝ աշխատակազմին բծախնդիր մօտեցումին։ H-Pem-ը հանրութեան ներկայացաւ ինքնութեան, որակի եւ խորքի յստակ դիմագիծով եւ աշխուժ գործելաոճով։ Որդեգրած ենք բովանդակութեան փոխանցման անուղղակի միջոցներ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայ մշակոյթին եւ հայութեան հետ հանդիպման ձգողական վայր մը ստեղծել։ Առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տանք բովանդակութեան, ձեւագծումի, լեզուական եւ փոխգործօն յարաբերութեան որակին: Կը փորձենք առանց որակազրկումի գոհացնել ընկերային ցանցերու մշակոյթով ապրող սերունդներուն ակնկալութիւնները եւ ուշագրաւ տեղեկութիւններու պահանջը: Մշակոյթը կը շաղկապենք հայկական իրավիճակներու եւ երիտասարդական հետաքրքրութիւններու հետ:
Առաջին օրէն հանրութեան հետ անմիջական կապը ստեղծեց իւրայատուկ մթնոլորտ։ Կը ստանանք գործակցութեան առաջարկներ՝ արուեստագէտներէ եւ մշակոյթի մարզերու մէջ աշխատողներէ։ Ոմանք կը փափաքին, որ h-pemը ներկայացնէ զիրենք կամ իրենց մէկ ձեռնարկը։ Բեմին գլխաւոր թիրախէն՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն կը լսենք ծրագիրին հետաքրքրական բնոյթը ընդգծող արտայայտութիւններ։ Յարաճուն կերպով կը բազմանայ կայք այցելողներու եւ արձանագրուողներու թիւը, իսկ ընկերային ցանցերու վրայ կը կազմուի հաւատարիմ հետեւորդներու հաւաքականութիւն մը։
Հայաստանէն մինչեւ Եւրոպա, Հիւսիսային Ամերիկա եւ Լիբանան ոչ միայն մշակոյթով հետաքրքիր անձեր եւ կազմակերպութիւններ, այլ նաեւ հայութենէ հեռու երիտասարդներ h-pemի վրայ կը տեսնեն դասականէն տարբեր դիմագիծ եւ իբրեւ այդպիսին կը յանձնարարեն զայն։ Կը հաւատանք, որ անոնք պիտի կատարեն օղակի դեր, եւ աստիճանաբար պիտի հասնինք ոչ հայախօս երիտասարդութեան։
Կարելի՞ է նշել յատկանշական կարծիքներ եւ գործակցութեան օրինակներ։
Լ.Կ.Ս.- Գոհունակութեամբ լսեցինք «Զուլալ եռեակ»ի, «Նաղաշ անսամպլ»ի ղեկավար Ճոն Հոտեանի, «Կիւրճիեֆ անսամպլ»ի ղեկավար Լեւոն Իսքենեանի, ռոք երգիչ Կիւրիւմիրանի, ինչպէս նաեւ Վահէ Պէրպէրեանի, Էրիք Նազարեանի եւ Ջիւան Աւետիսեանի նման արուեստագէտներու դրուատական խօսքերը, որոնք յաջորդեցին հարցազրոյցներու։ Անգլիագիր գրագէտ Քրիս Պոհջալեան յաճախ h-pemը կը մէջբերէ ընկերային ցանցերու վրայ։ Վերջերս The Armenian Weeklyի մէջ հայապահպանումի քաղաքականութեան ժամանակավրէպ ըլլալու իրողութիւնը լուսարձակի տակ առնող յօդուած մը h-pemը նշեց իբրեւ թարմ շունչ բերող նախաձեռնութիւն։ Իսկ Հիւսիսային Ամերիկայէն երիտասարդներ կը գրեն՝ «լսեցի բեմին մասին եւ ծայրէ ծայր կարդացի բոլոր նիւթերը», «հասած էր տեղ մը, ուր հայկական նիւթերը այլեւս չէին խանդավառեր զիս։ Շնորհակալութիւն h-pem, որ շրջեցիր այս» կամ՝ «հայկական կայքերու հետ չեմ գործակցիր, շատ քաղաքական են, սակայն սիրեցի h-pemի գաղափարը»։
Ոգեւորիչ էր ստեղծագործական գրականութեան մէջ բեմին գործակցութիւնը Թումոյի, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Համազգայինի ArtLinks ծրագիրին հետ։ Իսկ Նոյեմբերին Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղին շարժապատկերի «Նուռ» փառատօնը h-pemի վրայ լուսարձակի տակ առնուեցաւ յօդուածներով եւ կենդանի սփռումներով։ Փոխադարձաբար՝ փառատօնին ընթացքին սփռուեցաւ h-pemի ընձեռած կարելիութիւնները նկարագրող տեսերիզ մը, որ նաեւ կը պարունակէ Ադոմ Էկոյեանէն, Վահէ Պէրպէրեանէն եւ Սերժ Թանքեանէն վկայութիւններ, որոնք կը շեշտեն ծրագիրին կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը։
Ինչպէ՞ս կը տարբերի h-pemը հայկական այլ կայքերէ։ Հայկական ինչպիսի՞ իրականութիւն մը կը ձգտի արտացոլել։
ԼԻԼԻ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (h-pemի ծրագրաւորումի օգնական պատասխանատու).- H-Pemի իւրայատկութիւնը կը կայանայ տարբեր հայերու գրաւիչ թուելու իր յատկութեան մէջ։ Ամերիկեան գիւղաւանի մը մէջ բնակող հայ մը այս կայքին վրայ նոյնքան զինք հետաքրքրող նիւթեր կը գտնէ, որքան՝ պէյրութահայ մը։ Հայկական մէկ ինքնութիւն չկայ։ Մեր նպատակն է հայ երիտասարդին տրամադրել այնպիսի միջավայր, ուր կարելի է յայտնաբերել ինքնութեան բազմաթիւ երանգներ։ Մեր հաւաքական ինքնութիւնը կը բաղկանայ այլազան պատումներէ, ոմանք՝ աւելի ցայտուն։ Կը ձգտինք առիթ տալ, որ բոլո՛ր պատումները լսելի դառնան։ Հայկական իրականութիւնը ներկայացնելու լաւագոյն ձեւն է այս։ Տարբերութիւններու կաշկանդումը չի նպաստեր մեր մշակոյթին։ Կը յուսանք, որ h-pemը պիտի կամրջէ հայ հաւաքականութիւնները եւ լուսարձակի տակ առնէ անոնց տարբերութեան գեղեցկութիւնը։ Մեր դաւանած արժէքներէն են փոխադարձ յարգանքը, հարազատութիւնը եւ գործակցութիւնը։ Հարազատ ձայներ լսելի դարձնելով կը յուսանք ստեղծել վստահութեան վրայ հիմնուած հաւաքականութիւն մը, ինչ որ ինքնին ծնունդ կու տայ որակաւոր բովանդակութեան։ H-Pem‑ը հայ մշակոյթի ամրոց մըն է, ուր կ՚արձանագրենք մերօրեայ պատմութիւնը, ուր տեղի կ՛ունենայ հայրենիքի, հայկականութեան եւ ինքնութեան գաղափարներու ընկալումը, ինչպէս նաեւ՝ արուեստի, երաժշտութեան եւ այլ մարզերու ձեւաւորումը։ Անիկա բեմն է բոլոր հայերուն, մասնաւորաբար՝ նոր սերունդներուն, եւ անոր հիմնական դերերէն մէկն է մշակոյթ ստեղծել։
Նշուեցաւ, թէ h-pemը ունի մասնակցողական բնոյթ։ Ի՞նչ ձեւով կառուցուած է կայքը եւ ի՞նչ մակարդակներու վրայ կը զարգանայ բեմ-հանրութիւն կապը։
Ռուբէն Ճանպազեան (h-pemի բովանդակութեան պատասխանատու խմբագիր).- Գանատական եւ ամերիկեան անձնական փորձառութենէս մեկնած կրնամ ըսել, թէ ճիշդ չէ անտեսել հայ երիտասարդ սերունդի լայն մաս մը, որ հայերէնէն տարբեր լեզուով կ՚ապրի իր առօրեան։ Այս խաւը յանցաւոր նկատելը եւ ամօթի մատնելը միայն կը վհատեցնէ զայն եւ թոյլ չի տար, որ հաղորդակից դառնայ իր ժողովուրդին պատմութեան, մշակոյթին, արուեստին եւ աւանդութիւններուն։ Աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար գտնել այս խաւին հասնելու ճիշդ լեզուն եւ նոր միջոցներով վերահաստատել կապը հայկական ինքնութեան հետ։
Ճիշդ այս է, որ կը փորձէ կատարել h-pemը. հանրութեան ներկայացնել հայ մշակոյթի հայաստանեան եւ սփիւռքեան փորձառութիւնները՝ ընդունելով տարբեր դիտանկիւններ զարգացնող գրութիւններ եւ ստեղծագործութիւններ։
Թէեւ ունինք մնայուն աշխատակիցներ, սակայն կը ձգտինք ստեղծել գործակցութեան ոգիով յատկանշուած միջավայր մը, ուր այցելուներ կրնան մասնակից դառնալ մեր զրոյցին՝ միշտ բարձր պահելով որակի եւ արհեստավարժ գործելաոճի սկզբունքները։ H-Pemի խմբագրական կազմը հաւաքաբար կը սերտէ կատարուած առաջարկները եւ կը կայացնէ հրատարակութեան որոշումները։
Կայքը բաժնուած է երկու մասի։ Featured Content, ուր կը հրատարակուին բեմի աշխատակիցներուն գրութիւնները եւ Your Stage, ուր լուսարձակի տակ կ՚առնուին այցելուներու գործերը։ Featured Content-ը կայքին «թերթ»ն է, կ՚ընդգրկէ յօդուածներ, հարցազրոյցներ, արուեստագէտներու եւ գրագէտներու տիպարներ, լուսանկարներով եւ տեսերիզներով պատմուած նիւթեր եւ քննական ակնարկներ։
Your Stageը փորձարկութեան վայր մըն է, ուր տաղանդաւոր երիտասարդներու կը տրամադրենք իրենց աշխատանքը վերբեռնելու, ծանօթացումի եւ գործակցութեան վայր մը։ Collaborations մասով կ՚իրականացնենք գործակցաբար մշակուած ծրագիրներ՝ արուեստագէտներու, գրագէտներու, մշակութային գործիչներու, ուսանողներու, նորաւարտներու, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ տարբեր գաղութներէ հայերու հետ։ Կը փորձենք կատարել հայկական մշակութային իրադարձութիւններու կենդանի սփռումներ (Live Streaming)՝ առիթ տալով, որ աշխարհի տարածքին հայ մշակոյթով հետաքրքիր անձեր կարենան անմիջականօրէն հաղորդակից դառնալ եւ իրենց կարծիքը յայտնել։ Մեր փափաքն է, որ նման անձեր մասնակից դառնան կայքին երթին եւ անոր ընկերային ցանցերուն վրայ ծաւալող զրոյցին։
H-pemը ի՞նչ չափով կ’օգտագործէ ընկերային ցանցերը՝ հասնելու համար նոր սերունդներուն։ Որքա՞ն յառաջընթաց արձանագրած է ընկերային ցանցերու վրայ։
Շահէն Արապօղլեան (h-pemի ընկերային ցանցերու մարտավարութեան պատասխանատու).- H-Pemի «բեմը» ընկերային ցանցերն են: Անոնց միջոցով կը տարածենք բեմին բովանդակութիւնը։ Առցանց հսկայ ծրագիրներ յաճախ կը ձախողին հակառակ հսկայական ներդրումներու, պարզապէս որովհետեւ ընկերային ցանցերը լայն, լուրջ եւ հմուտ ձեւերով չեն օգտագործուիր: Ընկերային ցանցերը մերօրեայ կեանքին անբաժան մէկ մասն են, յաճախ՝ տեղեկութեան միակ աղբիւրը:
H-Pem-ի քարոզչութիւնը մեծ մասամբ կը կատարուի ընկերային ցանցերու ճամբով՝ երիտասարդ սերունդին հասնելու մարտավարութեամբ: Վեց ամսուան ընթացքին նկատառելի յառաջընթաց արձանագրած ենք Instagramի, Facebookի, Twitterի, LinkedInի եւ Redditի վրայ։ Հետեւորդներու թիւը շարունակ վերելքի մէջ է:
Երբ կը ձգտինք աշխարհի տարածքին դառնալ հայ երիտասարդութեան, մանաւանդ՝ անգլիախօս հայերու սրտամօտ կապը հայ մշակոյթի հետ, ապա անխուսափելի է, որ պիտի փորձենք ընկերային ցանցերու միջոցով գոհացնել անոնց ակնկալութիւնները եւ ընծայել իրենց գործերը հրապարակելու դիւրութիւնը, միաժամանակ իւրայատուկ կապ մը ստեղծելով բոլորին միջեւ։
Տարբեր տարիքի հետեւորդներ սկսած են հաւաքուիլ բեմին ընկերային ցանցերու էջերուն շուրջ։ Անոնք կամաւոր եւ կանոնաւոր կերպով կը բաժնեն բեմին նիւթերը։ Յաճախ նոր այցելու մը աչքէ կ՚անցընէ նաեւ աւելի կանուխ հրապարակուած նիւթեր։
Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունի բեմը իր թիրախէն եւ ի՞նչ կը խոստանայ։
Լ.Կ.Ս.- Թերեւս նախ պէտք է տալ խոստում՝ ունենալու համար ակնկալութիւն։ Թէեւ ցարդ հեռու ենք հասնելէ հայութենէ խզուած երիտասարդներու, սակայն գէթ սկսած ենք հասնիլ հեռացողներու՝ հայկական ինքնութեան նոր բնորոշումներու խոստումով։
Բեմը կը ձգտի դառնալ հայկական ինքնութեան տարբեր նրբերանգներով ուռճացող մշակութային փոխհարստացման վայր մը, ուր այցելուն ամէն օր պիտի հանդիպի հայ մշակոյթի հաճելի, գողտրիկ, թաքուն կամ հրաշալի որեւէ երեւոյթի։ Կ՚ակնկալենք, որ զանոնք փայփայէ իբրեւ իր սեփականութիւնը, վերադառնայ նոր սպասումներով կամ՝ յանձնառու մասնակցութեամբ արձանագրուի իբրեւ գործօն այցելու (active user), իր տաղանդը ցուցադրող նորահաս արուեստագէտ, ազատ աշխատակից, նոյնիսկ՝ բեմը տարածող կամաւոր դեսպան։
H-Pemի ստեղծած խանդավառութիւնը իրական է եւ մեզ կը պատրաստէ երկարաշունչ աշխատանքի՝ աստիճանաբար կառուցելու համար բազմաշերտ եւ բոլորին սիրելի բեմ մը։ Կը յուսանք, որ բեմին նպատակները, առցանց գործունէութիւնը եւ դրական ընկալումը զայն արժանի պիտի դարձնեն ժողովրդային բարոյական եւ նիւթական զօրակցութեան։
H-Pem կարելի է այցելել հետեւեալ հասցէներով.
Website: www.h-pem.com
Instagram: @hpemonline
Facebook: facebook.com/hpemonline
Twitter: @hpemonline
YouTube: https://www.youtube.com/watch?v=9BZ9uWCg8TU