ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

«Ա­զատ Օ­րը 75 տա­րի­քը բո­լո­րեց:
Ան­կաս­կած, այս­քան եր­կա՜ր տա­րի­ներ օ­րի­նա­կե­լի «խեն­դու­թեամբ» մը օ­րա­թերթ պա­հե­լը եւ ա­նոր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լը մե­զի պէս փոք­րա­թիւ հա­յօ­ճա­խի մը հա­մար մեծ պա­տիւ է, մա­նա­ւանդ երբ նկա­տի ու­նե­նանք, որ «Ա­զատ Օր»ը չե­ղաւ միա՛յն յու­նա­հայ կեան­քի ար­ձա­գան­գը տո­ւող բեմ, այլ միա­ժա­մա­նակ ան հան­դի­սա­ցաւ ներշն­չող մը՝ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան եւ ջա­հա­կիր մը՝ ­Հայ դա­տի, մէկ ու միաս­նա­կան հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րի տա­րած­ման: Ա­մէն ի­մաս­տով ե­ղաւ կողմ­նա­ցոյց մը յու­նա­հա­յու­թեան հա­մար:
­Մեզ­մէ շատ ա­ւե­լի մե­ծա­թիւ , բա­րե­կե­ցիկ եւ տնտե­սա­կան ու այլ տե­սա­կէ­տէ շատ ա­ւե­լի լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող հա­յա­գա­ղութ­ներ օ­րա­թերթ չկրցան ու­նե­նալ կամ ի­րենց ու­նե­ցա­ծին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը չկրցան պա­հել-պահ­պա­նել, մինչ «Ա­զատ Օր»-ը ա­հա ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ կը նշէ իր ծննդեան 75-րդ ­տա­րե­դար­ձը:
­Տեղն է ը­սել , որ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ու ներ­կա­յիս ալ, ան կը հան­դի­սա­նայ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան միա՛կ օ­րա­թեր­թը…:
­Փոք­րա­թիւ հա­յա­գա­ղութ եւ… օ­րա­թերթ՝ նոյ­նիսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րու դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ:
­Կա­րե­լի՞ է չհպար­տա­նալ:
Ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, ընդգ­ծու­մով ար­ձա­նագ­րենք նաեւ ար­ժա­նին: «Ա­զատ Օր»-ը սրբա­զան «յա­մա­ռու­թեամբ» պա­հո­ւե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ յու­նա­հա­յու­թեան հա­մար ան պէ՛տք մըն էր եւ այդ պէտ­քը ե­ղաւ ան­յե­տաձգե­լի ու նո­ւի­րա­կան պա՛րտ­քը ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ո­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը այդ պարտ­քը ա­ռին ի­րենց ու­սե­րուն եւ ու­ղե­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ ջանք ու ե­ռանդ չխնա­յե­ցին, բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան ա­մէն զո­հո­ղու­թեան յանձ­նա­ռու դար­ձան, որ­պէս­զի «Ա­զատ Օր»ի եր­թը չխա­փա­նո­ւի, ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը չկա­սի եւ հպար­տու­թեամբ բո­լո­րէ իր ծննդեան 75-րդ ­տա­րի­քը:
­Հոս, հարկ չկայ անդ­րա­դառ­նա­լու «Ա­զատ Օր»ի բազ­մա­կող­մա­նի վաս­տա­կին, չմատ­նուե­լու հա­մար բազ­միցս ը­սո­ւած-լսո­ւած-գրո­ւած խօս­քե­րը կրկնո­ղի ան­բաղ­ձա­լի վի­ճա­կին: ­Շեշ­տենք միայն, որ անց­նող բո­լոր տա­րի­նե­րուն «Ա­զատ Օր»ը հա­ւա­տա­րիմ մնաց ինք­զին­քին, իր կո­չու­մին, իր ա­ռա­քե­լու­թեան:
Իսկ աս­կէ ե ՞տք: Ա­հա հոս է, որ ը­սե­լիք կայ, եւ …ը­նե­լիք:
­Տաս­նա­մեա­կէ մը ա­ւե­լի է, որ հո­գե­վար­քի մա­հա­մերձ վի­ճակ մը ու­նի գրա­ւոր մա­մու­լը եւ յատ­կա­պէս «լրա­գիր» կո­չո­ւած օ­րա­թեր­թը:
­Հո­գե­վար­քը եր­կա­րաձ­գե­լու հրա­տա­րա­կիչ­նե­րու «յա­մա­ռու­թիւ­նը» սե­փա­կան ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան խնդիր կա­րե­լի է հա­մա­րել, ի­րենց ձգո­ւած ա­ւան­դին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու պա­տուա­բեր նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն մը պար­զա­պէս: Ար­հես­տա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման այժ­մու թա­փը այն­պէս, ինչ­պէս որ յե­ղաշր­ջած է ա­մէն բնա­գա­ւառ, նոյն­պէս եւ լրա­տո­ւա­կան դաշ­տը ստա­ցած է նոր ո­րակ ու ձեւ եւ նոր բո­վան­դա­կու­թիւն, ո­րոնք ան­հա­սա­նե­լի պի­տի մնան օ­րա­թեր­թի մը հա­մար:
Այ­սօ­րո­ւան դե­ռա­հասն ու ե­րէ­ցը ի­րենց ա­փին մէջ կը կրեն բջի­ջա­յին կո­չո­ւած փոքր գոր­ծի­քը, (քի­նի­թօ, սե­լիւ­լըր) որ իր տրա­մադրած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ան­պայ­ման պի­տի ա­հա­բե­կէր ե­րէ­կի մար­դուն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը:
Այ­սօ­րո­ւան մար­դուն ոչ միայն ան­բա­ժան ըն­կերն է բջի­ջա­յի­նը, այլ նաեւ կար­ծես թէ ան դար­ձած է մէկ մաս­նի­կը ա­նոր կեան­քին:
­Գի­տենք բո­լորս, որ այդ ափ մը գոր­ծի­քը հե­ռա­խօս է ու միա­ժա­մա­նակ հա­մա­կար­գիչ, գրա­ւոր ու խօ­սուն լրա­տու է, հան­րա­գի­տա­րան է ու բա­ռա­րան, հա­շո­ւիչ է եւ նա­մա­կագ­րու­թիւն կ­՚ըն­ձե­ռէ, օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցէ, ճամ­բոր­դին ճամ­բայ ցոյց կու տայ եւ այլն, եւ այլն…: ­Չենք կրնար պատ­կե­րաց­ներ տա­կա­ւին, թէ վա­ղը ինչ­պի­սի՞ նո­ւա­ճում­նե­րու առ­ջեւ պի­տի դնէ մեզ: Այն­պէս որ, կա­րե­լի է կռա­հել, թէ ներ­կա­յի օ­րա­թերթ կար­դա­ցող­նե­րը ա­նոնք են, ո­րոնք չեն ըն­տե­լա­ցած ար­հես­տա­գի­տու­թեան ըն­ձե­ռում­նե­րուն, եւ կամ՝ օ­րա­թեր­թին հան­դէպ ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւնն է, որ զի­րենք բա­ժա­նորդ կը պա­հէ: Ով գի­տէ, թե­րեւս նաեւ ո­մանք կը փնտռեն թուղ­թին շօ­շա­փիւ­նը եւ մե­լա­նին բոյ­րը:
Ա­մե­նայն­դէպս , ար­տա­յայ­տու­թեան իր բո­լոր ձե­ւե­րուն մէջ գրա­ւոր մա­մու­լը այ­լեւս չու­նի իր լրա­տո­ւու­թիւն­նե­րով հե­տաքրք­րու­թիւն արթնց­նե­լու, հան­րա­յին կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րե­լու, քա­րոզ­չու­թիւն կա­տա­րե­լու իր նախ­կին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը:
«­Չոր­րորդ իշ­խա­նու­թիւն» հա­մա­րո­ւե­լու ա­նոր հան­գա­ման­քէն քիչ բան մնա­ցած է, նե­րա­ռեալ նաեւ ա­նոր կայ­քէ­ջը: Չ­մոռ­նանք, որ կայ­քէ­ջի ըն­թեր­ցող­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւնն ու­նին նոյն է­ջին վրայ իսկ ի­րենց կար­դա­ցա­ծին հա­կա­ռակ տե­սա­կէ­տը կամ տար­բեր-տար­բեր կար­ծիք­ներ հիմ­նա­ւո­րել ու հրամց­նել ըն­թեր­ցող­նե­րուն : ­Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր ­Դի­մա­տետրի (­Ֆէյս­պու­քի) գրա­ռում­նե­րու մա­սին: Ի՜նչ հան­րա­յին կար­ծիք ու­րեմն, ի՜նչ չոր­րորդ իշ­խա­նու­թիւն…:
Ու­զենք թէ ոչ, չոր ի­րա­կա­նու­թիւնն է ա­սի­կա:
Ըն­թեր­ցող­նե­րը պի­տի հաս­տա­տեն ան­շուշտ, որ նո­րու­թիւն­ներ չը­սո­ւե­ցան, բայց ա­ռիթ մըն էր, որ բարձ­րա­ձայ­նո­ւէին ա­նոնք:
­Հի­մա հար­ցո­ւի թե­րեւս, թէ վե­րի այս հպան­ցիկ մատ­նան­շում­նե­րը ար­դեօ՞ք կ­՚ա­ռա­ջադրեն, որ ա­նի­մաստ է «Ա­զատ Օր»ի գո­յու­թիւ­նը, վերջ տրո­ւի ա­նոր գո­յու­թեան:
Գլ­խա­գի՛ր ու միան­շա­նա՛կ «ՈՉ» մըն է պա­տաս­խա­նը: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, կ­՛ա­ռա­ջադ­րո­ւի նոր ո­րա­կով ու բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ նոր ու­ղի­ներ ու ձե­ւեր ո­րո­նե­լով հիմ­նա­ւո­րել ու ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւո­րել ա­նոր գո­յու­թիւնն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ, թէ պա­հանջք կը դրո­ւի յա­ւե­լեալ ճի­գի, յա­ւե­լեալ ներդ­րու­մի, յա­ւե­լեալ յանձ­նա­ռու­թեան, որ­պէս­զի ան լիար­ժէք ծա­ռա­յէ այն նպա­տա­կին, ին­չի հա­մար որ գո­յա­տե­ւած է «Ա­զատ Օր»-ը 75 տա­րի­նե­րէ ի վեր:
­Գի­տենք, փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ չի պակ­սիր մե­զի ը­սե­լու, թէ այն­քան ալ դիւ­րին չէ ժա­մա­նա­կին հետ քայլ պա­հե­լը եւ ա­նոր պա­հանջ­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լը, երբ մա­նա­ւանդ մար­դու­ժի եւ նիւ­թա­կա­նի խիստ սահ­մա­նա­փակ պայ­ման­նե­րու մէջ գոր­ծե­րը հա­զիւ թէ կը մա­տա­կա­րա­րո­ւին: ­Բայց կ­՚ար­ժէ իբ­րեւ օ­րա­կարգ գէթ սե­ղա­նի վրայ դնել ու քննել ներ­կա­յա­ցո­ւած խնդի­րը, ա­նոր լու­ծում տա­լու կամ­քով: ­Թե­րեւս լոյ­սի նշոյլ մը գտնո­ւի:
­Ներ­կա­յիս, ժա­մա­նա­կին վրայ գե­րիշ­խո­ղը հա­մա­ցանցն է, եւ՝ բջի­ջա­յի­նը: ­Պի­տի ներ­դաշ­նա­կո­ւինք ա­նոնց հետ, որ­պէս­զի կա­րե­նանք մե­զի են­թար­կել մեր ապ­րած ժա­մա­նա­կին հո­լո­վոյ­թը, այ­լա­պէս ի զուր պի­տի ըլ­լան բա­զում ջանք մեր:
­Մինչ այդ, մե­զի կը մնայ «Ա­զատ Օ­ր»ին ը­սել՝
­Շա՜տ, շա՜տ եր­կար կեան­քի մաղ­թան­քով՝ ծննդեան 75-րդ ­տա­րե­դարձդ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ: