Միհրան Քիւրտօղլեան
Քանի մը շաբաթ առաջ, «Ազատ Օր»ի թիւերէն մէկուն մէջ «Ազատ խօսքի ընկալման հարցեր» խորագրով յօդուած մը կարդացած էի՝ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթէն արտատպուած, որ յայտնօրէն հրատարակած էր իբրեւ «առաջնորդող» գրութիւն եւ որուն բովանդակութիւնը զուսպ բարկութիւն մըն էր անոնց հանդէպ, որոնք կը վախնան ազատ խօսքէ կամ կը դժկամակին, երբ քննադատութիւններու հանդիպին: Այդ գրութեամբ պատշաճ կերպով կը բացատրուէր, թէ ինչու օգտակար, նոյնիսկ անհրաժեշտ են ազատ խօսքն ու քննադատութիւնը հանրային կեանքի զարգացման ու առաջընթացին համար: Հոն կը նշուէր նաեւ, թէ խոտոր ու թերի երեւոյթներու մատնանշումը պիտի նպաստէ անոնց սրբագրումին եւ մամուլը պիտի վերադարձնէ իր բուն առաքելութեան եւ այլն…:
Ուշադրութեան արժանի այդ գրութիւնը կրկնակի ուշագրաւ էր անոր համար, որ անիկա կու գար ոչ թէ ժողովրդավարութեամբ ու ազատախոհութեամբ համբաւեալ արեւմտեան աշխարհի գրիչներէ, այլ տառապող Հալէպէն…:
Արդ, երբ առաջնորդող գրութիւն մը կայ, կը նշանակէ, թէ քննելի օրակարգ կայ, որ այժմէական է: Ենթադրաբար կը նշանակէ նաեւ, թէ կարծրատիպ հեղինակութիւններ կան, որոնք հնարաւորութիւնն ունին իւրովի մեկնաբանութեամբ մը իրենց կամքը պարտադրելու եւ վճռելու, թէ որ պարագային արտօնելի է ազատ քննադատութիւնը եւ որ պարագային արտօնուած չէ: Որով, «Գանձասար»ի այդ գրութիւնը կարելի է նկատել «պարտադիր» հրաւէր մը մամլոյ գործիչներուն, յօդուածագիրներուն ու մտաւորականութեան, որ օրակարգը հրապարակային քննարկումի խնդիր դարձնեն, ազատ խօսքի դրական երեսներուն անդրադառնան եւ կամ՝ անոր ժխտական (եթէ կան) հետեւանքները մատնանշեն, որպէսզի յստակացուի, թէ ինչ է ընդհանրական տեսակէտը ատոր մասին:
Հասկնալի է անշուշտ, որ խօսքը չի վերաբերիր խծբծանքի, անձնական վիրաւորանքներու ու անտեղի քննադատութիւններու, որոնց հրատարակութեան տեղ տալու-չտալու հարցը պարզ է, թէ կը լուծուի մամլոյ պատասխանատուներու դատումով: Հոս, քննարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ նաեւ քմայքը կարծրատիպերու, որոնք ընդհանրապէս կ’առաջնորդուին դիւանակալի (պիւրոկրաթի) հոգեբանութեամբ, յաճախ նաեւ կանխահոգութեամբ, որ որեւէ պատճառով չխախտին իրենց զբաղեցուցած դիրքերը: Անոնց պիտանիութիւնը չէ, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձուի: Անոնք իրենց նպաստը թող բերեն հանրային գործի այն մարզերուն մէջ, ուր իրենց ներկայութիւնը օգտակար կը համարուի, բայց չմիջամտեն մամուլի աշխատանքներուն, որոնց համար ճշդուած պատասխանատուներ կան…:
Էական փնտռտուքը պիտի միտի գտնելու պատասխանը այն հարցումին, թէ կարծիքի ազատ արտայայտութիւնը սահմանագիծ ունի՞, թէ ոչ:
Եթէ ունի, ինչպէ՞ս կը սահմանուի, ուրկէ՞ կը սկսի եւ ո՞ւր կ’աւարտի անիկա:
Մեզմէ չի պակսիր գիտակցութիւնը, թէ շատ դժուար է, գրեթէ անկարելի՝ սահմանագիծ կանխորոշել ազատ կարծիքի համար ու զայն ենթարկել կաղապարի մը սեղմումին, ինչ որ պիտի նշանակէր արդէն ժխտումը «կարծիքի ազատութիւն» կոչուած յղացքին:
Ուրեմն, ի՞նչն է փնտռուածը: Կը պահանջուի, որ մամուլը դառնայ խայտաբղէտ գաղափարներու սանձարձակ շրջագայութեան հանդիսարա՞ն այնպէս, ինչպէս ընկերային ցանցերն են:
Ո’չ անշուշտ:
Գաղտնիք չէ, որ հանրային մեր կեանքին քիչ-շատ առնչուած մտաւորականներ թէ յօդուածագիրներ կը կրեն կուսակցականի համազգեստ կամ ունին կողմնորոշուածութիւն: Անոնք կոչուած են մտածում արտադրելու եւ ընդհանրական գործին մասնակից դառնալու իրենց մտածումներով, որոնք յաճախ չէ, պայման ալ չէ, որ համընկնին մարմիններու որոշումներուն, ճշդած գործելակերպին: Եթէ պիտի խափանուի մտածումի արտադրանքը, ապա ուրեմն հարցական կը դառնայ յօդուածագիր մտաւորականի գոյութիւնը…:
Գաղտնիք չէ նոյնպէս, որ յատկապէս կուսակցական պատկանելիութիւն ունեցող յօդուածագիրներ թէ խմբագիրներ երկմտանքի մէջ կ’իյնան ամէն անգամ, որ գրիչ ձեռք կ‘առնեն հանրային երեւոյթի մը մասին քննադատաբար (քննելով ու դատելով) տեսակէտ յայտնելու համար: Տատամսանքը աւելի սուր բնոյթ կը ստանայ, երբ քննադատական խօսքը պիտի վերաբերի իրենց կուսակցութեան ընտրանքներուն այն մտավախութեամբ, թէ իրենց տեսակէտները ոչ միայն նկատի պիտի չառնուին,- որ նուազագոյնն է եւ արդէն պայման ալ չէ, որ նկատի առնուին,- այլ ատոնք (յայտնուած մտածումները) եւ առանձնապէս իրե՛նք՝ հեղինակները խիստ դատապարտանքի ենթակայ կը դառնան կարգ մը շրջանակներու կողմէ: Անկասկած, ազատ խօսքի ընկալման մէջ մեկնաբանութեան շփոթ մը կայ, ինչը պատճառ կը դառնայ, որ կարծիքի ազատ արտայայտութեան դէմ կեցուածքը արդարացուի, պատճառաբանուի սկզբունքային հիմքով ու ելակէտով: Առաջ կը քշուի այն թեզը, թէ կուսակցական գրիչը յանձնառու գրիչ է, որով եւ իր այդ յանձառութիւնը կը սահմանափակէ արտայայտուելու անոր ազատութիւնը եւ այլն: Հիմնական թեզն է ասիկա: Մնացեալ առարկութիւնները, թէ ամէն կուսակցութիւն ունի ներքին-ժողովական կառոյց ու միջավայր եւ մեքանիզմ, որոնց ճամբով որեւէ կարծիք կարելի է բարձրաձայնել ու տեղ հասցնել եւ այլն, թէեւ ճիշդ են, բայց անոնք ալ, վերջին հաշուով, կը ծառայեն մեր նշած հիմնական թեզը առաւել ամրացնելու նպատակին:
Հիմա, ինչ կը վերաբերի կուսակցականի մը յանձնառութեան:
Յաճախ կ’անգիտացուի, որ յանձնառութիւնը ազատօրէն կատարուած ընտրանք է, ինքնակամ ստանձնում, որուն մղում տուող ակերն են ենթակային կամքն ու գիտակցութիւնը: Ցամքեցնել այդ ակերը, կղպանք դնել անոնց վրայ կը նշանակէ, որքան ալ տգեղ հնչէ բառը, գրաքննութիւն հաստատել, կը նշանակէ տակաւին ենթակայէն խլել մտածումի ազատութիւնը, որով եւ անէացնել անոր յանձնառութիւնը՝ զինք վերածելով կամազուրկ ու անգիտակից անհատի: Այս տեսակէտէն, շփոթանքի մէջ են նաեւ անոնք, որոնք յանձնառու կուսակցականը կը նոյնացնեն պատերազմող զինուորի հետ, որ գործելու-չգործելու ազատութենէ զրկուած է, իր արարքներուն տէրը չէ, պարտաւորուած կ‘ընէ ինչ որ կը հրամայուի իրեն…:
Յանձնառու մարդը մտածողն է ու տագնապողը: Ան իր տագնապներն ու մտածումները քննադատաբար, քննելով ու ազատօրէն դատելով արտայայտուելու պարտքը ունի: Եւ այդ պարտքը կը թելադրուի իր ստանձնած յանձնառութենէն:
Իսկ ազգի ու հայրենիքի հանդէպ ազնիւ ու գիտակից մարդու յանձնառութիւնը գերակայ է ստանձնուած որեւէ ուրիշ յանձնառութենէ:
Զգո՜յշ ըլլալ՝ յանձնառութեան չհակադրելու համար մտածումի ազատութիւնը:
Կը կրկնենք, առիթ է ու այժմէական եւ նպատակայարմար, որ «Գանձասար»ի «Ազատ խօսքի ընկալման հարցեր» առաջնորդող գրութեան շօշափած թեման հրապարակային քննարկման արժանանայ: