ՄԻՆՍԱՐ

Ան­վի­ճե­լի ու փաս­տո­ւած ի­րա­կա­նու­թիւն է, թէ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­թաց­քին՝ մա­մու­լը, ազ­դե­ցիկ ու հսկայ ուժ մը ե­ղած է, ո­րուն ղե­կա­վա­րո­ղը կրցած է իր գա­ղա­փար­նե­րը, տե­սու­թիւն­նե­րը, խոր­հուրդ­նե­րը, մտա­պատ­կեր­նե­րը, եւ ին­չու չէ՝ նոյ­նիսկ իր սե­փա­կան շա­հե­րը քօ­ղար­կո­ւած ձե­ւով փո­խան­ցել ըն­թեր­ցող­նե­րուն, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ժո­ղո­վուր­դը հա­ղոր­դա­կից ու հա­մա­միտ դարձ­նե­լու այս բո­լո­րին…
Ան­շուշտ որ բո­լորս ալ ա­կա­նա­տես ե­ղած ենք պա­րա­գա­նե­րու, երբ այս կամ այն գա­ղա­փա­րին ծա­ռա­յող օ­րա­թեր­թեր, ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն դի­տո­ւած եւ կամ ալ մի­տում­նա­ւոր ու մի­միայն ի­րենց շա­հե­րէն ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով, սե­ւը ներ­կա­յա­ցու­ցած են որ­պէս ճեր­մակ եւ կամ ալ… ճիշդ հա­կա­ռա­կը…
­Վե­րո­յի­շեալ բա­ցա­սա­կան այս ե­րե­ւոյթ­նե­րէն, վստահ թէ հե­ռու մնա­ցած է հայ մա­մու­լը, ո­րու կար­գին նաեւ մեր «Ա­զատ Օր»ը…
­Յու­նաս­տա­նի մէջ ծնած ու հա­սակ նե­տած մեր ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը, ի­րենց ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման ա­մէ­նօ­րեայ հո­լո­վոյ­թին ու դժո­ւար պայ­քա­րին մէջ, որ­պէս դաշ­նա­կից ու­նե­ցած են մե­զի շատ սի­րե­լի «Ա­զատ Օր»ը…
«Ա­զատ Օր»ը, ինչ­պէս որ ան­ցեա­լին իր հսկայ դե­րը ու­նե­ցած է, վստահ՝ թէ ներ­կա­յիս եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ իր պար­տա­ւո­րու­թեան նոյն բա­ժի­նը վերց­նել, ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թին կազ­մա­ւոր­ման՝ դժո­ւար, խրթին ու ան­վար­ձա­հա­տոյց աշ­խա­տան­քին մէջ, միա­ժա­մա­նակ տա­նե­լով նաեւ ի­րեն վի­ճա­կո­ւած, Ս­փիւռք — հայ­րե­նիք շաղ­կա­պի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը…
Աշ­խա­տանք մը, որ մին­չեւ այ­սօր կը կա­տա­րո­ւի պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ, գի­տակ­ցու­թեամբ ու ճշդա­պա­հու­թեամբ, շնոր­հիւ թեր­թին ծա­ռա­յող սպա­սար­կու­նե­րուն հա­ւատ­քին ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան…
Ար­ժա­նի յա­ջոր­դը ըլ­լա­լով իր­մէ 17 տա­րի­ներ ա­ռաջ, ­Փոքր Ա­սիոյ Ա­ղէ­տի շրջա­նին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Նոր Օր»ին, 1945 ­Փետ­րո­ւար 25-ին, գա­ղու­թէս ներս պի­տի սկսի հրա­տա­րա­կո­ւիլ «Ա­զատ Օր»ը, նախ իբ­րեւ եր­կօ­րեայ, եւ ա­պա՝ որ­պէս օ­րա­թերթ…
­Հայ մա­մու­լի պան­դէո­նին մէջ ընդ­հան­րա­պէս, ու ­Յու­նա­հայ մա­մու­լին պատ­մու­թեան մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս, «Ա­զատ Օր» ու­նե­ցած է, ու կը շա­րու­նա­կէ ու­նե­նալ իր մաս­նա­յա­տուկ դե­րը…
Անց­նող մօ­տա­ւո­րա­պէս ու­թը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, գա­ղու­թիս եւ ին­չու չէ, Եւ­րո­պա­յի միակ հայ­կա­կան օ­րա­թեր­թի ա­մէ­նօ­րեայ ու պար­տա­ճա­նաչ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը կանգ չա­ռաւ, հա­կա­ռակ իր դէմ ցցո­ւած այ­լա­զան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն…
­Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­ներ,
Ան­շուշտ որ անհ­նա­րին պի­տի ըլ­լար յօ­դո­ւա­ծի մը սեղմ տո­ղե­րուն մէջ, ամ­փո­փել ու ներ­կա­յաց­նել այդ ամ­բողջ հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը, որ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն 76 տա­րի շա­րու­նակ տա­րած է, կը տա­նի, ու ան­կաս­կած որ պի­տի շա­րու­նա­կէ տա­նիլ «Ա­զատ Օր»ը, մեր գա­ղու­թի գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րի՝ ան­հա­ւա­սար, դժո­ւար, կնճռոտ ու շատ ան­գամ նոյ­նիսկ տքնա­ջան դաշ­տա­վայ­րին վրայ…
Ար­դէն մեր սի­րե­լի օ­րա­թեր­թի տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած այ­սօ­րո­ւան բա­ցա­ռի­կի է­ջէ­րուն մէջ լոյս տե­սած մնա­ցեալ յօ­դո­ւած­նե­րը, վստահ որ մէկ ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նու­թեամբ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն այս բո­լո­րը…
Ու­րեմն պի­տի ու­զէի այս յօ­դո­ւածս վեր­ջաց­նել քա­ղո­ւած­քով մը, «Ա­զատ Օր»ի ­Հինգ­շաբ­թի՝ 25 ­Փետ­րո­ւար 1999-ի հրա­տա­րա­կու­թե­նէն, ուր ու­րիշ­նե­րու կար­գին կը կար­դանք հե­տե­ւեալ­նե­րը…
«55 տա­րի «Ա­զատ Օր» ա­մէ­նօ­րեայ ապ­րող ներ­կա­յու­թիւն դար­ձաւ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս, մաս կազ­մե­լով հա­մա­հայ­կա­կան եւ ­Դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի մեծ ըն­տա­նի­քին, ապ­րե­լով յետ-պա­տե­րազ­մեան վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու գա­ղու­թա­յին ու հա­մաշ­խար­հա­յին տաք ու պաղ օ­րե­րը, իր ներդ­րու­մը բե­րե­լով սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան դժո­ւար գոր­ծին»…
­Սի­րե­լի «Ա­զատ Օր»ա­կան­ներ, (խնդրեմ ին­ծի ար­տօ­նե­ցէք, որ գոր­ծա­ծեմ այս ան­փորձ եզ­րը)…
Որ­պէս հայ մեր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րա­ծի հան­գիստ ու գոհ խիղճ մը ու­նե­նա­լու հա­մար, ե­կէք այ­սօր միաս­նա­բար խոս­տում մը տանք մենք մե­զի…
­Յանձ­նա­ռու դառ­նանք, թէ ո­րե­ւէ ջանք ու ճիգ պի­տի չխնա­յենք, որ­պէս­զի «Ա­զատ Օր»ը, մե՛ր «Ա­զատ Օր»ը, շա­րու­նա­կէ գո­յա­տե­ւել ու ապ­րիլ ու­րիշ տաս­նա­մեակ­ներ եւս, ան­ցեա­լի նման դաս­տիա­րա­կե­լով մեր ա­պա­գայ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը…
Վեր­ջա­պէս գի­տակ­ցինք, թէ «Ա­զատ Օր»ը մեր նա­խորդ­նե­րուն ժա­ռանգն էր մե­զի փո­խան­ցո­ւած, ու մենք ալ մեր կար­գին նո՛յն հա­ւատ­քով ու բծախնդ­րու­թեամբ, պէտք է որ զայն կտա­կենք մե­զի յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն: