Նոյեմբեր 9ին, սուրիական բանակը իր դաշնակից ուժերուն հետ միասին, Տէր Զօրի նահանգին մէջ «Իսլամական Պետութեան» ահաբեկիչներէն ազատագրեց Ալպուքամալ քաղաքը, որ Իրաքի սահմանակից այդ շրջանին մէջ ահաբեկիչներու վերջին յենակէտն էր: Նոյն գործողութեան ընթացքին ազատագրուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները պարունակող Մարկատէ շրջանը:
Թրքական «Անատոլու» լրատուամիջոցին համաձայն՝ սուրիական բանակին աջակցած են քիւրտերու ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական միութիւն քրտական կուսակցութեան ուժերը:
Մարկատէի ազատագրումով՝ այժմ ազատագրուած է ամբողջ Հասիչէ նահանգը, որուն մեծ մասը քրտական յիշեալ ուժերու հովանաւորութեան տակ կը գտնուի: