Մարտ 5ին կը լրանայ ծննդեան 90րդ տարեդարձը հայ մամուլի երախտաւորներէն՝ սփիւռքահայ լրագիրի եւ դաշնակցական պաշտօնաթերթի իւրայատուկ դրօշակիր «Ազդակ»ին։
Լիբանանի հայութեան ծոցէն ծնաւ «Ազդակ» եւ ողն ու ծուծով արիւնատար երակը եղաւ հայրենամերձ հայաշխարհի կենսունակ այս գաղութին։
Բայց նաեւ իր մտաւորական կոչումով, գաղափարական ներշնչումով ու հրապարակագրական ներդրումով՝ «Ազդակ» չսահմանափակուեցաւ Լիբանանի սահմաններով։ Ոչ միայն համասփիւռքեան, այլեւ համահայկական իր բաբախումով՝ համայն հայութեան շարժիչ ուժերէն եղաւ ան՝ այսօր իր 90ամեակը տօնող դաշնակցական մամուլի յառաջապահը։
Դաշնակցական «խենթ» մը՝ ազգային եւ կուսակցական բազմավաստակ գործիչ Հայկ Պալեան 5 Մարտ 1927 հիմը դրաւ սեփական թերթի մը, որ կարճ ժամանակ «Փիւնիկ» անունով լոյս տեսնելէ ետք՝ վերջնականապէս մկրտուեցաւ «Ազդակ» եւ, իբրեւ այդպիսին, փառաւոր իր տեղը գտաւ հայ մամուլի ոսկեմատեանին մէջ։
Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, հայրենամերձ գօտիի հայօճախներու տարածքին, դաշնակցական մամուլի դրօշը բարձր պարզած՝ «Ազդակ» հաստատակամօրէն կանգուն մնաց յառաջապահ դիրքերու վրայ՝ Թեհրանի «Ալիք»ին, Գահիրէի «Յուսաբեր»ին եւ Հալէպի «Արեւելք»ին հետ միասին։ Յատկապէս 1950ականներու կէսերուն, երբ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ քաղաքական վերիվայրումներն ու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռը գրաւելու խորհրդային տխրահռչակ ոտնձգութիւնը ցնցեցին Արաբական Աշխարհն ու սփիւռքահայ կեանքը, լիբանահայ գաղութին հետ «Ազդակ» եւս ծանրութեան կեդրոնը դարձաւ Միջին Արեւելքի հայութեան եւ ազգային-քաղաքական կեանքին։
90ամեայ իր հրատարակութեան շրջանին «Ազդակ»ի առաջին ոստումը արձանագրուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ սկսաւ հրատարակութիւնը «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի, որ օրաթերթին զուգահեռ ինքնարժէք պարբերական մը դարձաւ՝ թէ՛ իբրեւ «Համազգայինի Ճեմարան»ին շուրջ խմբուած Հայաստանի Անկախութեան սերունդի վեթերան դէմքերուն եւ անոնց շունչով կազմաւորուած նորայայտ մտաւորականներու աշխոյժ ժամադրավայրը, թէ՛ իբրեւ լրագիր «Ազդակ»ին գաղափարական թռիչք տուող ու ազգային-մշակութային արժէքներու ներշնչարան նկարագիրը թրծող մտաւորական բեմ։
Կարօ Սասունի եւ Մուշեղ Իշխան, Նիկոլ Աղբալեան եւ Կարօ Գէորգեան, Լեւոն Շանթ եւ Յ. Գեղարդ, Սիմոն Վրացեան եւ Բաբկէն Փափազեան կը գլխաւորեն, բայց չեն սպառեր անուանացանկը այն փաղանգին, որ 1940ականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ ճառագայթող վերաթարմացումի ենթարկեց «Ազդակ»ը՝ անոր դաշնակցական նկարագիրը արմատաւորելով։
Եւ «Ազդակ» արագընթաց վերելքի իր ուղին հարթեց տասնամեակէ տասնամեակ։ «Շաբաթօրեակ»ը երկար չապրեցաւ, բայց նորովի ապրելու շունչ տուաւ օրաթերթ «Ազդակ»ին։ Հայկ Պալեան շարունակեց մնալ թերթին տէրն ու տնօրէնը, Տիգրան Ոսկունիի եւ Պարգեւ Շիրինեանի (Հրազդան), իսկ աւելի ետք Պօղոս Սնապեանի, Սարգիս Զէյթլեանի եւ Լեւոն Գարմէնի օրինակով երիտասարդ ուժեր թարմացուցին թերթին անձնակազմը։
Արդէն ճամբան բացուած էր եւ Դաշնակցութեան օրուան ղեկավար մարմինները առանձնայատուկ կարեւորութեամբ լծուեցան «Ազդակ»ը Միջին Արեւելքի դաշնակցական առաջատար պաշտօնաթերթը դարձնելու աշխատանքին։
Քսաներորդ դարու յիսունականներուն եւ վաթսունականներուն՝ ոչ միայն Միջին Արեւելքի դաշնակցական մտաւորականութեան ամէնօրեայ ժամադրավայրը դարձաւ «Ազդակ»ը, այլեւ՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հետ համախորհուրդ, քայլ առ քայլ իր ձեռքը առաւ թերթին խմբագրական եւ գաղափարական ղեկը։ 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի ոգեւորիչ ժամանակներուն, Հայկ Պալեան պաշտօնապէս Դաշնակցութեան յանձնեց ամբողջական հոգատարութիւնը իր սեփական… «զաւակը» հանդիսացած թերթին։ «Ազդակ» իր երկրորդ եւ կարեւորագոյն ոստումը կատարեց 1970ին, երբ ձեռնարկեց ամէնօրեայ (շաբաթը 6 օր) 8 էջով հրատարակութեան՝ անձնակազմային, տպագրական եւ տպարանային ու հեռահաղորդակցական միջոցներու արմատական թարմացումով եւ արդիականացումով։
8էջեայ «Ազդակ»ը օրին յայտնութիւն մը եղաւ հայ մամուլի համայն ընտանիքէն ներս։
— Հայ կեանքի ամէնօրեայ լրատուութեան դաշտ ստեղծեց՝ հայրենի ոստաններէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները ցրուած հայութիւնը ներքնապէս հաղորդակից դարձնելով եւ իրարու կապելով։
— Արդի հասկացողութեամբ մամլոյ հաստատութիւն դարձաւ՝ ե՛ւ անձնակազմով ու աշխատակիցներու ցանցով, ե՛ւ տնտեսական ու տպագրական առումներով ինքնաբաւ կառոյցի մը վերածուելով։
— Հայ Դատի պահանջատիրութեան ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական-մտաւորական խարոյկը վառեց եւ անխոնջ լծուեցաւ հայոց նորահաս սերունդներու յեղափոխականացման ու մարտունակութեան կայծերը վառ պահելու աշխատանքին։
— Քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան որակ ստեղծեց եւ մշակութային ու գեղարուեստական ճաշակ մշակեց։
— Հայ կեանքը հունաւորող բազմազանութիւնը (յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական) յարգելու, անխտրական ոգիով քաջալերելու եւ, ամէնէն կարեւորը, փոխադարձ հանդուրժողութեան ոգին տարածելու անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ։
— Դաշնակցական մտքին վերադարձուց իր վարակիչ կենսունակութիւնը, որ այլապէս, Պաղ Պատերազմի տարիներուն եւ հայ կեանքի սերնդափոխութեան հետեւանքով՝ զգալի տեղատուութեան մատնուած էր։
Այդպէ՛ս իր աւանդը վերանորոգեց եւ նոր բարձունք նուաճեց «Ազդակ» նոյնիսկ 1975էն յետոյ, երբ քաղաքացիական ահաւոր եւ երկարատեւ պատերազմը զգետնեց Լիբանանն ու անոր հետ, բնականաբար, սփիւռքի հայութեան բաբախուն սիրտը։
Տասնամեակներու վրայ երկարած Լիբանանի քաղաքացիական տագնապի ամբողջ տեւողութեան, ի հեճուկս լիբանահայ գաղութի արիւնահոսութեան, «Ազդակ» չընկրկեցաւ եւ գաղութի պահապան հրեշտակ Մեր Տղոց հետ կանգուն մնաց գոյատեւման ու վերականգնման առաջին դիրքերուն վրայ, մինչեւ որ Լիբանանեան խաղաղութեան եւ հաշտութեան աստիճանական հաստատումին հետ, սկսաւ դարմանել վէրքերը եւ նորովի կենսունակութեամբ վերականգնիլ՝ հայ մամուլի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։
Այսօր 90ամեակն է «Ազդակ»ի, որուն 21րդ դարու շունչով վերաշխուժացման ի տես՝ պարզապէս աշխարհի չորս ծագերէն կ՛արժէ «Ծնունդդ շնորհաւոր» ըսել եւ «Բարի երթ» մաղթել անոր առաքելութիւնը շարունակելու կոչումին տէր կանգնած մերօրեայ նուիրեալներուն։
«Ազդակ»ը բարձր ու պայծառ ճակատն է ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան տեսլականով մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու հաւաքական մեր ուխտին ու վճռականութեան։
«Ազդակ» օրաթերթ — 5 Մարտ 1927
5 Մարտ 1927. Լոյս աշխարհ եկաւ սփիւռքահայ մամուլի դրօշակիրներէն «Ազդակ» օրաթերթը ն.