223 տա­րի ա­ռաջ, 14 ­Հոկ­տեմ­բե­րի օ­րը, նոր դա­րաշր­ջան բա­ցո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման հա­զա­րա­մեայ ու­ղիին առ­ջեւ։
1794ի հոկ­տեմ­բե­րեան այս օ­րը լոյս տե­սաւ անդ­րա­նիկ հա­մա­րը «Ազ­դա­րար» ա­նու­նով հայ­կա­կան տպա­գիր ա­ռա­ջին թեր­թին։
­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դառն ճա­կա­տա­գի­րը խորհրդան­շե­լով՝ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր թեր­թը լոյս չտե­սաւ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ։ Հ­րա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ Հնդ­կաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին ­Մատ­րաս քա­ղա­քին մէջ, ուր հայ կազ­մա­կերպ հա­մայնք գո­յու­թիւն ու­նէր եւ ուր ­Յա­րու­թիւն ­Քա­հա­նայ Շ­մա­ւո­նեան ա­նու­նով հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ար­ժա­նա­ւոր հո­վիւ մը լծո­ւած էր ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։
­Մատ­րա­սը վա­ճա­ռա­կա­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն, նա­ւա­հան­գիստ¬քա­ղաք էր՝ մի­ջազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեամբ։ ­Հա­յեր հոն հաս­տա­տո­ւած էին 16րդ ­դա­րէն սկսեալ։ 1547ին ար­դէն, ­Մատ­րա­սի մէջ հիմ­նո­ւած էր ու կը գոր­ծէր հայ­կա­կան ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցին։ Իսկ 1772ին հիմ­նո­ւած Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին տա­կա­ւին կը գոր­ծէ։
1770ա­կան­նե­րը ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ծաղ­կու­մի եւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խմո­րում­նե­րու շրջան մը ե­ղան ­Մատ­րա­սի հա­յու­թեան կեան­քին մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջին դրօ­շա­կիր­նե­րէն ­Յով­սէփ Է­մի­նի քա­րոզ­չու­թիւ­նը հա­սաւ Հնդ­կաս­տան եւ վա­րա­կեց ­Մատ­րա­սի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, որ այդ տա­րի­նե­րուն հիմ­նած էր գրա­կան¬քա­ղա­քա­կան իր շար­ժու­մը եւ Եւ­րո­պա­յի, յատ­կա­պէս ­Ռու­սաս­տա­նի օգ­նու­թեամբ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հաս­նե­լու նպա­տա­կը դրած էր իր առ­ջեւ։
­Մատ­րա­սի հա­յու­թեան զար­թօն­քին մէջ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թիւ­նը 1772ին, ­Շա­հա­միր ­Շա­հա­մի­րեա­նի կող­մէ, որ նաեւ ձեռ­նար­կեց ինչ­պէս հայ մա­տե­նա­գիր­նե­րու, նոյն­պէս եւ ժա­մա­նա­կի հայ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րուն տպագ­րու­թեան։
Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ­Յա­րու­թիւն Ա­ւագ ­Քա­հա­նայ Շ­մա­ւո­նեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Մատ­րաս, 1785ին, իբ­րեւ ծխա­տէր քա­հա­նայ ծա­ռա­յե­լու հա­մար հայ հա­մայն­քի հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րուն։
Ան ծնած էր ­Պարս­կաս­տա­նի ­Շի­րազ քա­ղա­քին մէջ, 1750ին։ Ծնն­դա­վայ­րին դպրո­ցը ա­ւար­տե­լէ ետք, միա­ցաւ Ս. Ա­մե­նափր­կիչ վան­քի միա­բա­նու­թեան եւ քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ 1770ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան։ ­Մին­չեւ 1777 քա­հա­նա­յա­կան ծա­ռա­յու­թիւն կա­տա­րեց ­Շի­րա­զի մէջ, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ մին­չեւ 1784, մե­նա­կեա­ցու­թեան դի­մեց, իր ժա­մա­նա­կը ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րե­լով ինք­նա­զար­գաց­ման։
­Սոր­ված էր պարս­կե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն. հմտա­ցած էր գրա­կա­նու­թեան, աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ։ ­Նաեւ՝ ար­հեստ­ներ իւ­րա­ցու­ցած էր։ Այդ բո­լո­րով զի­նո­ւած՝ ­Մատ­րաս ու­ղար­կո­ւե­լով իբ­րեւ ա­ւագ քա­հա­նայ, ­Տէր ­Յա­րու­թիւն Շ­մա­ւո­նեան լծո­ւե­ցաւ ե՛ւ հո­գե­ւո­րա­կան, ե՛ւ ազ­գա­յին¬հա­սա­րա­կա­կան, ե՛ւ մշա­կու­թա­յին¬գա­ղա­փա­րա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան։
Ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, տէր կանգ­նե­ցաւ իր հօ­տի հա­ւա­քա­կան կեան­քի բո­լոր ե­րես­նե­րուն պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման։ ­Զարկ տո­ւաւ ոչ միայն ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին, այ­լեւ իր սոր­ված ար­հեստ­նե­րը տա­րա­ծեց իր շրջա­պա­տին մէջ։ ­Բայց յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան ապ­րում­նե­րուն եւ ո­գե­ւո­րու­թեան թափ տո­ւաւ։ 1789ին իր հեր­թին հիմ­նեց տպա­րան, որ­պէս­զի հայ հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թիւ­նը մատ­չե­լի դարձ­նէ թէ՛ ­Մատ­րա­սի հա­յու­թեան եւ թէ, հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու մի­ջո­ցաւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի աշ­խար­հաց­րիւ զա­ւակ­նե­րուն։
­Յա­րու­թիւն ­Քա­հա­նայ Շ­մա­ւո­նեա­նի ա­նու­նը յա­ւեր­ժա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան մայր տո­մա­րին մէջ 1794ի ­Հոկ­տեմ­բեր 14ին, երբ լոյս ըն­ծա­յեց անդ­րա­նիկ հա­մա­րը հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր թեր­թին՝ «Ազ­դա­րար»ին, որ մին­չեւ 1796ի ­Մար­տը, ամ­սա­կան պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ, հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ եւ վա­րա­կիչ օ­րի­նակ դար­ձաւ։
«Ազ­դա­րար»ի 18 հա­մար լոյս տե­սաւ։ Օ­րի­նակ­ներ պահ­պա­նո­ւած են ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի, նոյն­պէս եւ Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան բո­լոր մեծ գրա­դա­րան­նե­րուն մէջ։ Իսկ 1979ին ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հաս­տա­տու­թիւ­նը, յո­բե­լի­նա­կան եր­կու հա­տոր­նե­րով, «Ազ­դա­րար»ի ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­քա­ծոն ար­ժա­նա­ցուց վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան։
Հ­րա­պա­րա­կագ­րա­կան եւ խմբագ­րա­կան մօ­տեց­ման, ձե­ւա­ւոր­ման ու բա­ժին­նե­րու ա­ռու­մով՝ «Ազ­դա­րար» նա­խա­կա­րա­պե­տը ե­ղաւ սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի ա­ւան­դա­կան պատ­կե­րա­ցու­մին։ Ամ­սա­կան պար­բե­րա­կա­նու­թեան հի­ման վրայ, «Ազ­դա­րար» ամ­փոփ լրա­տո­ւու­թիւ­նը կա­տա­րեց հնդկա­հայ եւ, մա­նաա՛նդ, ­Մատ­րա­սի հայ կեան­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ ­Կա­րե­ւոր բա­ժին մը տրա­մադ­րեց կրօ­նա­բա­րո­յա­կան նիւ­թե­րու եւ հար­ցե­րու։ ­Նաեւ գրա­կան ու պատ­մա­կան բա­ժին մը ու­նե­ցաւ՝ ինք­նու­րոյն թէ թարգ­մա­նա­կան նիւ­թե­րու հրա­տա­րա­կու­թեամբ։
«Ազ­դա­րար»ը հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գաց­ման մէջ՝ հա­յոց ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ռու­սա­կան ա­րե­ւե­լու­մը հու­նա­ւո­րե­լու եւ հիմ­նա­ւո­րե­լու ա­ռու­մով։ ­Պարս­կա­կան եւ թրքա­կան տի­րա­կա­լու­թեանց լու­ծը թօ­թա­փե­լու գա­ղա­փա­րա­կան դրօ­շը բարձ­րա­ցուց՝ շեշ­տը դնե­լով քրիս­տո­նեայ ­Ռու­սաս­տա­նի օգ­նու­թեան ա­պա­ւի­նե­լու ուղ­ղու­թեան վրայ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ «Ազ­դա­րար» հան­դի­սա­ցաւ 19րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ ազ­գա­յին զար­թօն­քի ա­ռա­ջին ծի­ծեռ­նակ­նե­րէն մէ­կը։
«Ազ­դա­րար» ե­ղաւ նաեւ ար­դի հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան նախ­նա­կան խմո­րում­նե­րուն հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան բե­մը։ «Ազ­դա­րար»ի է­ջե­րուն ծա­ւա­լած գա­ղա­փա­րա­կան բա­նա­վէ­ճե­րուն եւ հայ ազ­գա­յին տար­բեր կողմ­նո­րո­շում­նե­րուն մա­սին կը վկա­յեն ստո­րեւ քա­ղո­ւա­ծա­բար ար­տատ­պո­ւած մտո­րում­նե­րը.
— ­Հա­յե­րը միշտ հա­ռա­չում, վա­տա­բա­նում ու ող­բում են հայ ազ­գի վի­ճա­կը եւ փո­խա­նակ փո­խա­դար­ձա­բար գոր­ծակ­ցե­լու գլո­րու­մից կանգ­նե­լու նպա­տա­կով` ձեռ­քե­րը ծա­լում ու յոյ­սե­րը դնում են Աստ­ծոյ վրայ: Այ­նինչ վա­ղուց հնչել է զօ­րա­ւոր խօս­քը, որ ա­սում է.-
«­Բաղ­խե­ցէք, եւ դռնե­րը կը բա­ցո­ւեն ձեր ա­ռաջ»:
Չ­պէտք է միայն խոր­հել ու խօ­սել, այլ գոր­ծել, ա­րիա­նալ: Ն­շա­նա­ւոր ազ­գե­րին հաս­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է նրանց ա­րիու­թիւ­նից օ­րի­նակ առ­նել: ­Ներ­գոր­ծա­բար ա­րիա­նա­լով հրեա­ներն ե­լան Ե­գիպ­տո­սից. ներ­գոր­ծա­բար ա­րիա­նա­լով հռով­մա­յե­ցիք Բ­րու­տո­սի ձեռ­քով ա­զա­տո­ւե­ցին բռնա­կալ­նե­րից:
«Ա­մօթ է ար­տա­սո­ւե­լը, որ­տեղ կայ վրէժխնդ­րու­թեան հնար»։
­Պէտք է միա­նալ, ա­րիա­նալ ու ա­ռա­ջա­նալ. որ­տեղ սրանք կան, ան­կաս­կած այն­տեղ կայ «ա­զա­տու­թիւն, փառք, պա­տիւ եւ ա­մե­նայն ցան­կա­լիք կե­նաց»:
Ի զուր է յու­սա­լը, թէ հրաշ­քով կա­րե­լի է փրկո­ւել: Ով­քեր ոտ­քի են կանգ­նել, ա­րիու­թիւնն է այն ա­րել:
Արդ, դուք, հա­յոց ե­րի­տա­սարդ­ներ, ի­մա­ցէք, աշ­խար­հիս ե­րե­սին ա­մէն ա­րիու­թիւն ե­րի­տա­սարդ­նե­րի գործն է ե­ղել, եւ ա­մէն յաղ­թա­նակ ե­րի­տա­սարդ­ներն են վա­յե­լել: Զ­գաս­տա­ցէք, ո­րով­հե­տեւ ծե­րերն անց են կաց­րել ի­րենց ժա­մա­նա­կը եւ բնա­կա­նա­բար այլ բան չեն կա­րող ա­նել: Այժմ ժա­մա­նա­կը ձեր ձեռ­քումն է. ին­չո՞ւ էք նստում իբ­րեւ ան­դա­մա­լոյծ…
— «­Յոյժ հար­կա­ւոր է մեզ ու­սումն, քան թէ յի­մա­րա­բար աշ­խա­տանքն»:
­Նախ ու­սում­նա­տուն, եւ ա­պա վա­յել­չու­թիւն»:
­Հա­յե­րը ծոյլ չեն, այլ աշ­խա­տա­սէր, տքնում են, մեծ կա­րո­ղու­թիւն են ձեռք բե­րում, բայց եւ շու­տով վատ­նում, եւ ի­րենք էլ ոչն­չա­նում են: ­Բա­րո­յա­կան այ­լան­դա­կու­թիւ­նը կա­թո­ւա­ծա­հար է ա­նում հա­յե­րին: «­Ժո­ղո­վեն նե­ղու­թեամբ եւ ա­գա­հու­թեամբ, կո­րու­սա­նեն յի­մա­րու­թեամբ»: «­Նե­ղում ու զրկում են բո­լո­րին, ոչ միայն օ­տար­նե­րին, այ­լեւ ի­րենց մեր­ձա­ւոր ա­րե­նա­կից­նե­րին»: ­Հա­մար­ձա­կա­պէս պա­տիւ են վա­յե­լում կեղ­ծա­ւոր­նե­րը, ստա­խօս­նե­րը, տխմար­նե­րը… այ­լեւ նրանց նման ըն­չա­ւոր­նե­րը (հա­րուստ­նե­րը — Թ. Ա.), թէեւ մերկ են ա­մէն մի ա­ռա­քի­նու­թիւ­նից»: ­Լաւ չէ՞ր լի­նի, որ մեր հա­րուստ­նե­րը ի­րենց գոյ­քից բա­ժին հա­նէին հա­սա­րա­կու­թեա­նը: «Ն­րանց դրամ­նե­րի մի քա­ռոր­դը բա­ւա­կան էր մեր ազ­գի նման մի ըն­կած ազգ յա­րու­ցե­լու հա­մար:
— Ու­սու­մը աշ­խար­հիս վրայ է եւ ոչ թէ երկն­քում, որ­տե­ղից աշ­խա­տում են ստա­նալ ան­հիմն ա­ղօթք­նե­րի մի­ջո­ցով: … ­Հա­մար­ձա­կում եմ հա­ւա­տալ, որ ա­մէն թե­րու­թիւն, թէ՛ ուս­ման, թէ՛ ա­ռող­ջու­թեան, թէ՛ յա­րու­թեան եւ թէ փառ­քի, կա­րե­լի է ոչ միայն լրաց­նել, այ­լեւ (ստա­ցա­ծը) հաս­տա­տուն պա­հել միշտ: Որ­քա՜ն բան կա­րող է կա­տա­րել պա­կա­սու­թիւնն զգա­ցո­ղը, որ­քան վե­րա­նո­րո­գել կա­րող է ա­զա­տու­թեան ձգտո­ղը…
Հ­րա­ժա­րում՝ երկ­նա­յին օ­րիեն­տա­ցիա­յից եւ միու­թեամբ ու ա­րիու­թեամբ պայ­քար՝ ա­զա­տու­թեան հա­մար»:
­Կու­տա­կո­ւած հայ­կա­կան կա­պի­տա­լի խնա­յո­ղու­թիւն ու ազ­գօ­գուտ գոր­ծադ­րու­թիւն՝ ազ­գի բա­րո­յա­կան վե­րակր­թու­թիւն «ու­սում­նատ­նե­րի» մի­ջո­ցաւ։