Ազգային ներաշխարհ
«Հայաստանը արիւնիս մէջ է մտնում
ամէնօրեայ գինիի հետ միասին»:
Կոստան Զարեան
…Ու ազգային ներաշխարհն է արդ բացակայ, զոր կը զգամ ու կը տեսնեմ հայութեան մէջ: Ներաշխարհ մը, զոր պէտք է արժանավայել կերպով դրսեւորենք:
Դրական գործի վերածենք:
Եւ հայրենիքը խօսքով չի կառուցուիր, այլ տոկուն արարքներով: Մնայուն արարքներով եւ ոչ թէ անցողիկ: Առանց զոհի արարք գոյութիւն չունի, ըլլայ ան մտային, նիւթական, «ֆիզիքական» կամ հերոսական: Պէտք է սրբագրենք անցեալի մեր պատմութիւնը: Պէտք է տանք անոր կառուցողական նպատակ: Ու այս մէկը կ՛ըլլայ միմիայն միահամուռ կամքով: Ժողովրդական հայրենախմբուածութեամբ: Այլապէս փրկութիւն չկայ, ո՛չ ժողովրդին եւ ոչ ալ հայրենիքին:
Ստորեւ՝ կրկներգ մը եւս, հոգիէս ու մտքէս բխած:
Հայրենիքի փառաբանութիւնը
(Խօսքը վերածենք գործի)
Ամանորի այս օրերուն
ուրիշ խոհեր չունիմ ես,
հայրենիքն է իմ խոհը բուն,
որուն փարած կ՛ապրիմ ես:
Ու կը ցանկամ ժողովուրդիս
սէր միութիւն տայ Աստուած,
այսքան տարի տոկացինք մենք
օտարութեան մէջ ցրուած:
Ու տոկացինք, հա՜ տոկացինք՝
վառ տենչերը մեր սրտին:
Հայրենիքը մենք գրկեցինք
ձեռքերովը հոգիին:
Հողը այժմ մեզ կը սպասէ,
ազատագրուած եւ հուժկու
ոչ թէ անոր մէջ թաղուելու
այլ զայն խօսուն ընելու:
Հայու քրտինք, հայու խոնջէնք,
հայու արիւն կայ անոր մէջ,
որ Յարութեան ուժ ունի ան,
գոյատեւման Արշալոյս:
Մեր ձեռքերուն սպասողն է,
արիական ու փառաշուք,
ականչ դնենք մենք մեր հողին,
սրտով լսենք իր կանչին:
Հասանելի կանչ մըն է ան,
մեր հոգիին առջեւ փռուած,
թէեւ հեռուն, բայց մերձակայ մեր սրտերուն,
մեր դարաւոր երազներուն ու տենչերուն:
Դուն հեռու ես արդ կանգնած
ու չես կրնար զայն շոյել,
մտերմանալ անոր հետ
որ գալիքին տէր դառնաս:
Պատմութիւնը քու ազգին
հողիդ վրայ է խրախուսիչ,
որ լուռ ձայնով կը խօսի,
եռանդ կու տայ քու կեանքին:
Եթէ կ՛ուզես անցեալիդ
ծանօթանալ ճիշդ կերպով,
հողիդ վրայ պէտք է գաս,
ու հոս ապրիս անվրդով:
Հողը կեանք է, իմացիր,
ապրած կեանքիդ չի նմանիր,
գիրկդ տուր դուն իր գրկին,
որ ուժ դառնանք միասին:
Մարգար Շարապխանեան
Արագածոտնի մարզ, գիւղ Ուշի