Հա­յաս­տա­նի մէջ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մէկ ա­միս մնա­ցած է: ­Մարտ 5ին պի­տի մեկ­նար­կէ նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւը, ո­րու ըն­թաց­քին ընտ­րա­կան գոր­ծին մաս­նա­կից քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը պի­տի փոր­ձեն ընտ­րող­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել ի­րենց ծրա­գիր­նե­րը եւ եր­կի­րը զար­գաց­նե­լու տես­լա­կա­նը: ­Քա­րո­զար­շա­ւի մեկ­նար­կին ըն­դա­ռաջ Հ.Հ. կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը (Կ.Ը.Յ.) հրա­պա­րա­կած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ընտ­րե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն թի­ւը` ըստ ընտ­րա­կան տա­րածք­նե­րու, ցան­կը՝ մին­չեւ հի­մա ընտ­րու­թիւն­նե­րը լու­սա­բա­նե­լու հա­մար հա­ւա­տար­մագ­րուած տե­ղա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ տե­ղա­կան ու մի­ջազ­գա­յին դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած են ընտ­րու­թիւն­նե­րը դի­տար­կե­լու հա­մար:
­Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հրա­պա­րա­կած տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն` ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նի 2 մի­լիոն 564 հա­զար 334 քա­ղա­քա­ցի:
Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը լու­սա­բա­նե­լու հա­մար կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած է 24 տե­ղա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց: ­Ցարդ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն թի­ւը 351 է:
Ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար Կ.Ը.Յ.ի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած է 6 տե­ղա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն: ­Մի­ջազ­գա­յին դի­տոր­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն Հ.Հ. Ա.Ժ. յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը դի­տար­կե­լու հա­մար մին­չեւ հի­մա հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած է միայն Ե.Ա.Հ.Կ./Ժ.Հ.Մ.Ի.Գ. («­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու գրա­սե­նեակ»): ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը դի­տար­կե­լու մա­սին յայ­տա­րա­րած է նաեւ Ե.Խ.Խ.Վ.ն (Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան ­Վե­հա­ժո­ղով):
­Քո­ւէար­կու­թեան ե­լեկտ­րո­նա­յին ե­ղա­նա­կով մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նին 877 քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնց ցան­կը նոյն­պէս հրա­պա­րա­կած է Հ.Հ. կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը:
Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին 9 քա­ղա­քա­կան ու­ժեր, ո­րոնց­մէ 5ը՝ կու­սակ­ցու­թիւն, 4ը՝ դա­շինք: Ընտ­րա­պայ­քա­րին մէջ կը մտնեն «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան», «­Հայ­կա­կան վե­րած­նունդ» «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն», «Ա­զատ ­Դե­մոկ­րատ­ներ» եւ «­Հա­յաս­տա­նի ­Կո­մու­նիս­տա­կան» կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ «Ելք», «Օ­հա­նեան-­Րաֆ­ֆի-Օս­կա­նեան», «­Կոնգ­րէս-Հ.Ժ.Կ.» եւ «­Ծա­ռու­կեան» դա­շինք­նե­րը: