Երեքշաբթի՝ 5 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ, ընթացք առաւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ՝ 8 Դեկտեմբեր 2017: Քառօրեայ ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Բացման նիստին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Վեհափառ այրապետը, որ նախ եւ առաջ դիտել տուաւ, թէ սոյն ժողովը կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որ կը յատկանշուի հայկական եկեղեցիին ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալու հանգամանքով. առ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բնորոշուի իբրեւ հաւատքի, առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան եկեղեցի,- նշեց Վեհափառ Հայրապետը` շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին կանգուն մնացած է փոթորիկներուն դիմաց, որովհետեւ հաւատարիմ եղած է երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու եւ ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին:
Խօսելով սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին` Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց.- «Իմաստութիւնը եւ քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու` մեր հաւաքական կեանքը վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպներու, գործելակերպներու ու կենցաղակերպներու նկատմամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել: Միաժամանակ՝ անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը` արդիականով, անցեալը` ներկայով եւ տեղականը` համահայկականով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարենանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ»:
Այս առումով՝ Վեհափառ Հայրապետը ժողովին յանձնարարեց յաջորդ քառամեայ գործունէութիւնը ծաւալել հիմնականօրէն կեդրոնանալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման, կրօնական դաստիարակութեան ու ծառայութեան մարզերուն ամրապնդման, հայկական իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան արժեւորման եւ անոնց` մեր գործունէութեան մէջ ներառման, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Դատի պահանջատիրական ծիրերուն եւ սփիւռքի վերակազմաւորման ու վերանորոգման հրամայականին վրայ:
Վեհափառ Հայրապետը ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ վերոնշեալ նիւթերուն նկատմամբ իր ունեցած մտահոգութիւնները: Ան ըսաւ, որ ժողովուրդին կեանքին մէջ նուազած է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն կենսագործման հրամայականը, որուն պատճառով ժողովուրդը կը զգայ այս արժէքներուն պակասը իր առօրեային մէջ: Այս առնչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց վերանորոգելու հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին ներկայացման ձեւերը եւ եղանակները: Շարունակելով՝ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, ծառայութիւնը հիմնական առաքելութիւն մըն է եկեղեցւոյ համար, որուն աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական գործունէութեամբ, այլ ըլլալ կազմակերպուած ու մասնագիտական եւ այժմէական աշխատանք տանիլ այս ծիրին մէջ:
Անդրադառնալով երիտասարդ ուժին, որուն մասին բազմիցս բարձրաձայն արտայայտուած է՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց.- «Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած են խրամատներ գոյանալ: Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր` մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ: Լոզունգներ արձակելով ու քննադատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով՝ ներկայ մտահոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երիտասարդները մեր շրջապատէն: Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները եւ սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ` ոչ «մենք»ի եւ «դուք»ի մօտեցումով, այլ՝ հաւաքական «մենք»ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց»:
Վեհափառը ընդգծեց, որ երիտասարդ մարդուժն է, որ կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդիմութիւն պիտի ապահովէ:
Պատգամին աւարտին՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Ս. Աթոռին առաքելութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկուն մասին, որն է պահանջատիրութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայ Դատի աշխատանքները ճանաչումէն պահանջատիրութեան փուլ անցած են, եւ ասով կը յատկանշուի Սիսի դարաւոր կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով կաթողիկոսութեան բացած դատը Թուրքիոյ դէմ: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ այս քայլը առաջին վճռական քայլն է: Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց, որ հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս կը գտնուի իրաւաքաղաքական ճնշումներու տակ. «հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործին ընթացքը»,- եզրափակեց Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Իսկ սփիւռքի վերանորոգման մասին խօսելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջնահերթութիւն նկատեց թեմերուն վերակազմակերպումն ու վերանորոգումը, մանաւանդ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակի սեմին, որուն առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ համահայկական համագումար պիտի գումարուի եւ կոթող պիտի բարձրացուի մայրավանքի շրջափակին մէջ` ի յիշատակ անկախութեան ճակատամարտներուն նահատակուած եւ անկախութեան համար զոհուած հերոսներուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ.- «Մեր պատգամին մէջ եւ որպէս ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան՝ կարեւորութեամբ կ՛ուզենք վերյիշեցնել, թէ կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող որե՛ւէ աշխատանք եւ իրագործուող որե՛ւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի` մեր ժողովուրդը, եւ մէկ նպատակ` ժողովուրդին ծառայութիւնը»:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն ետք Ազգային Ընդհանուր Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները: Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան:
Ազգային Ընդհանուր Ժողով
Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան զանազան մարզերը յատուկ ուշադրութեամբ ծրագրելու անհրաժեշտութիւնը