ՄԻՀՐԱՆ Ք.

­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան վե­հա­րա­նի դահ­լի­ճը վե­րա­ծո­ւած է ըն­դար­ձակ ժո­ղո­վաս­րա­հի, ուր մէկ­տե­ղո­ւած են բո­լոր թե­մե­րէն ժա­մա­նած շուրջ հա­րիւր ե­րե­սուն ժո­ղո­վա­կան­ներ՝ ա­ռաջ­նորդ­ներ, ի­րա­ւա­սու ձայ­նով պատ­գա­մա­ւոր­ներ, միա­բան­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ, զե­կու­ցող­ներ, ո­րոնք չորս օ­րե­րու ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ պի­տի դնեն կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու ա­նոր թե­մե­րուն քա­ռա­մեա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ աշ­խա­տան­քի նոր ու­ղի պի­տի ճշդեն ա­ռա­ջի­կա­յին հա­մար:
Իւ­րա­քան­չիւր պատ­գա­մա­ւո­րի տրա­մադ­րու­թեան տակ դրո­ւած են կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ­Քա­ղա­քա­կան ու Կ­րօ­նա­կան ժո­ղով­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ թե­մե­րու քա­ռա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեանց տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, ծա­ւա­լուն ու ան­ջա­տա­բար կազ­մո­ւած ու գիր­քի վե­րա­ծո­ւած ե­րեք հա­տոր­ներ՝ շուրջ 500 մե­ծա­դիր է­ջե­րու հան­րա­գու­մա­րով:
­Հինգ հա­րիւր մե­ծա­դիր է­ջեր, ո­րոնց վրայ գու­մա­րած ա­նոնց բո­վան­դա­կու­թիւ­նը բա­ւա­րար են ար­դէն, որ լիո­վին ար­ժե­ւո­րո­ւած հա­մա­րո­ւի անց­նող քա­ռա­մեա­կը, երբ մա­նա­ւանդ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծին ծա­ւալն ու տա­րած­քը եւ կեն­դա­նի շուն­չը թե­մե­րէն ան­դին կ­՚անց­նին եւ ինչ­պէս բա­ցո­ւած գիրք՝ ծա­նօթ են բո­լո­րի՚ն, ամ­բո՚ղջ հա­յու­թեան:
­Շու­տի­կով կա­տա­րած այս գնա­հա­տու­միս կը յա­ջոր­դէ անձ­կու­թիւն մը: ­Հինգ հա­րի՜ւր էջ: ­Ժո­ղո­վի բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը եւ իբ­րեւ հիմ­քը քննար­կու­մի՝ տե­ղե­կագ­րե­րու ըն­թեր­ցում-ներ­կա­յա­ցու­մը կ­՚են­թադ­րեն, ինչ որ կը շշմեց­նէ զիս: 500 է­ջի ըն­թեր­ցում: Մ­տո­վի կը պատ­կե­րեմ ժո­ղո­վաս­րա­հը տաղտ­կա­լի ըն­թեր­ցա­րա­նի վե­րա­ծո­ւած եւ յօ­րան­ջող-մրա­փող ժո­ղո­վա­կան­ներ…: ­Բայց վե­հա­փա­ռին բաց­ման ա­ղօթ­քէն ու նե­րա­ծա­կան խօս­քէն ետք կը փա­րա­տի անձ­կու­թիւնս:
­Մե­ծա­դիր պաս­տա­ռի վրայ կեն­դա­նի խօս­քով ու պատ­կե­րով կը ներ­կա­յա­ցուի հա­մադ­րո­ւած խտա­ցու­մը ե­րի­զագ­րո­ւած քա­ռա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան, որ ա­ւե­լի պեր­ճա­խօս է, աչ­քին ու ա­կան­ջին ա­ւե­լի հա­ճե­լի եւ մա­նա­ւանդ՝ ժա­մա­նա­կի խնա­յո­ղու­թիւն:
Ա­հա՛ ար­հես­տա­գի­տու­թեան բա­րի­քը: ­Մե­զի ին­չե՜ր կը պար­գե­ւէ ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ա­նոր նո­րա­գոյ­նը՝ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած ըն­կե­րու­թեան ա­ռանց­քը՝ հա­մա­ցան­ցը: Որ­քա՜ն օգ­տա­կար կրնայ ըլ­լալ ա­տի­կա մե­զի պէս հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած, աշ­խար­հով մէկ ցրո­ւած ազ­գի հա­մար, ե­թէ հա­յօ­ճախ­նե­րը հմտօ­րէն օգ­տա­գոր­ծեն զայն, «armenian social media»նե­րու մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­ներ ստեղ­ծեն ու գոր­ծար­կեն՝ սե­րուն­դին ազ­գա­յին զգա­ցո­ղու­թիւ­նը արթնց­նե­լու-խթա­նե­լու նպա­տա­կով,- կ­՚ը­սեմ ես ին­ծի:
­Ցու­ցադ­րո­ւած ժա­պա­ւէ­նէն կը ցո­լան կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ծա­ւա­լուն ու բազ­մա­մա­կար­դակ ի­րա­գոր­ծում­նե­րը՝ տա­րաբ­նոյթ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ.- Կ­րօ­նա­կան, կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան, քա­րոզ­չա­կան, շի­նա­րա­րա­կան, յա­րա­բե­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, վար­չա­րա­րա­կան, ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդ­ման եւ այլ մար­զե­րու մէջ: Ն­շա­նա­կա­լից են թե­մե­րուն տո­ւած ­Վե­հա­փա­ռին հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան հա­մար ցու­ցա­բե­րած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, ամ­բողջ քա­ռա­մեա­կին ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան տո­ւած նե­ցու­կը թէ՚ բա­րո­յա­կան եւ թէ գործ­նա­կան — շօ­շա­փե­լի օ­ժան­դա­կու­թեանց ի­մաս­տով: Ընդ­հա­նու­րին մէջ՝ քա­ռա­մեայ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն, ո­րուն ներշն­չումն ու նա­խա­ձեռ­նու­թեան ո­գին յայտ­նօ­րէն ­Վե­հա­փա­ռէն կը բխին, ինչ­պէս նաեւ՝ աշ­խա­տանք­նե­րը իր­մով կը սկսին եւ իր­մով ալ կ­՚ա­ւար­տին…:
­Ժո­ղո­վա­կան նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը կա­տա­րեալ է, ա­մէն բան բծախնդ­րօ­րէն նա­խա­տե­սո­ւած,- կը հաս­տա­տեմ:
­Զար­մանք կը պատ­ճա­ռէ քննար­կո­ւող հար­ցե­րուն ա­ռա­տու­թիւ­նը:
­Լայ­նօ­րէն բա­ցո­ւած կար­կի­նով մը՝ օ­րա­կար­գի դրո­ւած են ազ­գա­յին, կրօ­նա­դաս­տիա­րակ­չա­կան, ըն­կե­րա­յին (նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­կան) մեծ ու մանր զա­նա­զան խնդիր­ներ, ո­րոնք այս կամ այն ձե­ւով կ­՚առն­չո­ւին ազ­գին ու ե­կե­ղե­ցիին: ­Սե­ղա­նին կը դրո­ւի մին­չեւ իսկ ար­դի ըն­կե­րու­թիւ­նը յու­զող միա­սե­ռա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ հայ ե­կե­ղե­ցիի դիր­քո­րո­շու­մը յստա­կաց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ այլն:
­Հար­ցե­րու ա­ռա­տու­թիւ­նը եւ զե­կու­ցում­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը եր­բեմն կը յոգ­նեց­նեն ու ան­համ­բեր կը դարձ­նեն զիս՝ դա­դա­րի պա­հե­րուն սպա­սու­մով: ­Միա­ժա­մա­նակ կը գի­տակ­ցիմ, որ դրո­ւած ու քննար­կո­ւող խնդիր­նե­րուն ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը մի­տի հայ ե­կե­ղե­ցիին ու հայ­րե­նի­քի ամ­րաց­ման, նո­րա­հաս սե­րուն­դը ազ­գին ու ազ­գա­յի­նին կա­պե­լու նպա­տա­կին, հա­յօ­ճախ­նե­րը մղե­լու, որ վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւին ու կեն­սա­գործ կա­ռոյց­նե­րով օժ­տո­ւին:
Ընդ­հա­նու­րին մէջ թե­լադ­րա­կան է ժո­ղո­վա­կան պատ­կե­րը: ­Բո­լո­րը՝ բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան թէ նո­րօծ ա­բե­ղայ, ա­ռաջ­նորդ թէ պատ­գա­մա­ւոր կամ հրա­ւի­րեալ, հա­րուստ թէ աղ­քատ, տա­րեց ու ե­րի­տա­սարդ, գիտ­նա­կան թէ ար­հես­տա­ւոր հոս հա­ւա­սար են ի­րա­րու, ժո­ղո­վա­կան նոյն կա­նո­նին ու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին են­թա­կայ, նոյն ի­րա­ւունք­նե­րով ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով: Որ­քա՜ն գե­ղե­ցիկ պի­տի ըլ­լար կեանքն ալ, ե­թէ ժո­ղո­վա­կան այս կարգն ու կա­նո­նը կի­րար­կո­ւէին նաեւ ա­ռօ­րեա­յի կեն­ցա­ղա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ,- կը մտա­ծեմ:
­Փա­կու­մի «պահ­պա­նիչ»էն ետք, սրա­հէն դուրս ել­լե­լու պա­հուս, ժո­ղո­վա­կից բա­րե­կա­մի մը կ­՚ը­սեմ.- «Այս քա­ռօ­րեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ժո­ղով մը ըլ­լա­լէ ա­ռաջ ու վերջ թե­մե­րուն՝ ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կառ­չած ըլ­լա­լու եւ մնա­լու վկա­յու­թիւնն է եւ ա­նոր հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն…: