ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Դեկտեմբեր 5ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, պիտի գումարուի Ազգային Ընդհանուր Ժողով՝ քննելու համար թեմական հարցեր եւ, բնականաբար, լուսարձակի տակ պիտի առնէ հայօճախները յուզող այլազան խնդիրներ:
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վարչական ու հոգեւոր հովանին վայելող թեմերու երեսփոխանական ժողովները հայօճախներու ընդհանրական հարցերով զբաղա՞ծ են եւ պատգամաւորները համապատասխան եզրակացութիւններով զինուա՞ծ պիտի ներկայանան հոն, թէ՞ ոչ, չենք գիտեր: Գիտենք սակայն, որ բոլոր շրջաններն ալ քիչ-շատ կը գտնուին միեւնոյն դժուարութեանց առջեւ եւ ունին միեւնոյն տագնապները, ինչ կը վերաբերի սերունդին ազգային ինքնազգացողութիւնը խթանելու հրամայականին եւ մեր կառոյցները վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան:
Լեզուն նահանջած է, ազգէն ու ազգայինէն արտագաղթելու գահավէժ հոսանքին մէջն է սերունդը, մեր կառոյցները ինքզինքնին սպառած կը թուին ըլլալ եւ այլեւս ընթացիկ կարիքներն իսկ կաղացումով կը մատակարարուին, իսկ սփիւռքը ամբողջութեամբ վարակուած է անտարբերութեան մահացու ախտէն, որ կը կրծէ, կը կրծէ ու կը հիւծէ մեր էութիւնը:
Նորութիւն չեն ու բոլորիս ծանօթ են ըսուածները, որոնց համար Արամ Ա. Կաթողիկոս չորս բառերու մէջ խտացուցած՝ Հայաստան-սփիւռք համագումարին տուաւ շշմեցնող ահազանգը.- «Սփիւռքը կը մաշի, իսկ հայրենիքը կը պարպուի…»:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ակնկալուի, որ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ինքզինք դնէ դարձակէտի առջեւ՝ թեմական կեանքը վերակազմակերպելու եւ նոր թիրախներ հետապնդելու կամքով:
Վերակազմակերպուիլ՝ ըստ հնարաւորի սփիւռքի մաշումին առաջքն առնելու, միաժամանակ՝ հայրենաթող հայերը լծակից դարձնել կարենալու համար հայօճախներու կեանքին ու աշխուժութեանց:
Կ’ակնկալուի, որ ժողովը անդրադառնայ նաեւ վերջերս Ամերիկա տուած հովուապետական իր այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «եկեղեցին պառակտուած» տեսնելու անընդունելի յայտարարութեան, անոր դէմ դիրքաւորուելու եւ շեշտելու համար, թէ մտքերու մէջ «պառակտում»ի գաղափար սերմանելով որոշ շրջանակներ գրգռելու միտումը ոչ միայն անշահ ու ժամանակավրէպ է եւ ոչինչի կը ծառայէ, այլ նաեւ վտանգաւոր է նոյնինքն եկեղեցիին համար, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի դիմագրաւած ահաւոր խնդիրներու առաջնահերթութեանց ըմբռնումին հայեցողաբար:
Տակաւի՛ն՝ նաեւ շեշտելու, թէ թեմերը առք ու վաճառքի սեփական կալուածներ չեն: Համայնքներուն իրաւունքն է որոշելու վարչական իրենց կապուածութիւնը:
Ի հոգեւորս մէկ ու միաձոյլ եկեղեցին աւելի կ’աշխուժանայ, աւելի կը կենսաւորէ իր պատասխանատուութիւնները, երբ աշխարհագրական իւրայատուկ կեդրոններով կը գործէ եւ ունի վարչական ապակեդրոն դրութիւն ու իրաւասութիւններ:
Յամենայնդէպս, առնուազն զարմանք կը պատճառէ Ամենայն Հայոցին օգտագործած «պառակտում» բառը: Ձեւակա՞ն էր ուրեմն վերջերս գումարուած միացեալ եպիսկոպոսական ժողովը, միասնաբար կատարուած նահատակներու սրբադասումը: Ո՞ւր եւ ի՞նչ աչքերով կը տեսնուի պառակտումը:
Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ եկեղեցին պառակտուած տեսնելու Ամենայն Հայոցին անժամանակ յայտարարութիւնը:
Եկեղեցականներ ներքին պառակտումներ կ’ունենան, բայց եկեղեցին մէ՛կ է, մէ՛կ եղած է անցեալին, մէ՛կ է նաեւ այսօր: