Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը, Նոր Տարուան աւանդական գաթան կտրելու եւ այդ առիթով նաեւ գաղութի բոլոր կառուցային միաւորներու ներկայացուցիչները ի մի բերելու, Թեմիս նորնշանակ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի հետ ծանօթանալու հաւաք մը կազմակերպեց Չորեքշաբթի՝ 22 Փետրուար 2017ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս:
Ներկայ եղան Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Գերապայծառ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Գոքինիոյ եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւները,Յունաստանի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեան, Հ.Հ. դեսպանութեան ռազմական կցորդը, Թեմական Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Տնտեսական, Ուսումնական Խորհուրդներու եւ Ծերանոցի խնամակալ մարմնոյ անդամները, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները, Ատտիկէի Թաղային Խորհուրդներու եւ Տիկնանց Մարմիններու, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու Համազգայինի Շրջանային Վարչութեանց անդամները, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Կ.Խ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղերու վարչութեանց անդամները, Սկաուտական ու Երիտասարդական կազմերու անդամները, տնօրէններ, ուսուցիչներ, եւ Ծնողական Մարմիններու անդամները եւ մամլոյ ներկայացուցիչները: Ներկայ էին նաեւ անցեալի Ազգային Վարչութեանց անդամներ:
Հաւաքի բացումը կատարեց Ազգային Վարչութեան ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան, որ նախ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յատկապէս Գերաշնորհ Սրբազան Հօր, Իր նոր առաքելութեան ստանձման առիթով:
Ան ներկայացուց Սրբազան Հօր ամփոփ կենսագրականը, ապա անդրադարձաւ գաղութիս ազգային-եկեղեցական ներկայ իրավիճակը յուզող հարցերուն եւ զանոնք դիմագրաւելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:
Գերաշնորհ Կոմիտաս Սրբազան նախ շնորհաւորեց ներկաներն ու Յունաստանի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Ապա՝ անդրադարձաւ այդ օրուան Վարդանանց տօնի նախօրէի խորհուրդին, Ս. Ղեւոնդ Երէցի եւ Ս. Վարդան Մամիկոնեանի եւ հայ ռազմիկներու ուխտին: Շեշտեց սուրբ հաղորդութեամբ «Վասն Հաւատոյ եւ Վասն Հայրենեաց» անձնազոհութեան Վարդանանց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայ ժողովուրդի գոյապայքարին մէջ բոլոր դարերուն, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին սրբութեանց ծառայողներու անձնուիրութեան միեւնոյն ոգիին շարունակութիւնը: Մաղթեց ներկաներուն մեր հայրերու նուիրումին օրինակը ժառանգ ձգել մեր նոր սերունդի զաւակներուն:
Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ որպէս յունահայ գաղութի զաւակներ պարտաւոր ենք պահելու եւ պահպանելու մեր սրբազան աւանդութիւնները, եւ միշտ սիրով մօտենալու եւ այդ սէրը գործնականապէս արտայայտելու իրարու նկատմամբ:
Ապա՝ խօսք առաւ պրն. Դեսպանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ու յաջողութիւն մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր ստանձնած նոր առաքելութեան, եւ իր յանձնարութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց օգտակար ըլլալու յունահայ համայնքին, դիմագրաւած հարցերուն լուծման եւ անոր բարգաւաճման ընթացքին:
Այնուհետեւ՝ Սրբազան Հայրը օրհնեց եւ կտրեց Հացը՝ մաղթելով նոր տարեշրջանի բեղուն եւ յաջող գործունէութիւն: Յաջորդեց հիւրասիրութիւն ուրախ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ:
ԴԻՒԱՆ ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ