Հայաստանի Ազգային ժողովը 19 Մայիսի իր նիստին քննարկեց խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերու կազմութեան հարցը: Յայտնենք, որ ներկայացուած էին երկու առաջարկներ` Հանրապետական կուսակցութիւնը (Հ.Հ.Կ.) կ՛առաջարկէր յանձնախումբերուն թիւը 12էն վերածել 9ի, իսկ «Ելք» Դաշինքին առաջարկն էր ունենալ 10 յանձնախումբ:
Տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն: Հ.Հ.Կ. առաջարկին թեր քուէարկեց 64 պատգամաւոր, դէմ` 9, ձեռնպահ` 4: «Ելք» դաշինքի առաջարկին քուէարկութեան պատկերը հետեւեալն էր` 30 թեր, 1 ձեռնպահ: Այսպիսով որդեգրուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան առաջարկը եւ յանձնախումբերուն թիւը պիտի ըլլայ 9: Քուէարկութեան նախորդած քննարկման ընթացքին Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան պարզեց Դաշնակցութեան դիրքորոշումը եւ յայտնեց, որ Հ.Յ.Դ. ներկայացուած երկու առաջարկներուն ալ համահեղինակ չէ: «Ազգային Ժողովը ներկայացուցչական մարմին է, ուստի անհրաժեշտ է, որ յանձնախումբերուն դերը աւելնայ: Մենք 7 հոգիէ կազմուած պատգամաւորական խմբակցութիւն ենք եւ հարց ունինք բոլոր յանձնախումբերուն մէջ ներկայացուածութիւն ունենալու: Այս կը նշանակէ, որ մեզի ձեռնտու է մնայուն յանձնախումբերուն թիւը նուազեցնելով վերածել 7ի, որպէսզի կարենանք ամէն տեղ ներկայացուցիչներ ունենալ», ըսաւ Ռուստամեան:
Ըստ անոր, աւելցնելով յանձնախումբերուն թիւը, իրենք պիտի զրկուին ամէն տեղ ներկայութիւն ըլլալու կարելիութենէն` դիտել տալով, որ ասիկա միայն Դաշնակցութեան խնդիրը չէ, ուրիշ կազմեր եւս նոյն դժուարութեան դէմ յանդիման կրնան ըլլալ: Միեւնոյն նիստին, Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան յայտարարեց 4 խմբակցութիւններու ղեկավարներուն ու քարտուղարներուն անունները` դիտել տալով, որ օր մը առաջ բոլոր խմբակցութիւնները գումարած են ժողովներ եւ ընտրած իրենց խմբակցութիւններուն նախագահներն ու քարտուղարները: Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Արմէն Ռուստամեան, իսկ քարտուղար` Աղուան Վարդանեան: Հ.Հ.Կ. խմբակցութեան ղեկավար ընտրուեցաւ Վահրամ Բաղդասարեան, իսկ քարտուղար` Գագիկ Մելիքեան: «Ծառուկեան» Դաշինքի խմբակցութեան ղեկավար` Գագիկ Ծառուկեան, քարտուղար` Վահէ Էնֆիաջեան: «Ելք» Դաշինքի խմբակցութեան ղեկավար` Նիկոլ Փաշինեան, իսկ քարտուղար` Գէորգ Գորգիսեան: Նոյն ժողովին Էդուարդ Շարմազանով, Արփինէ Յովհաննիսեան եւ Միքայէլ Մելքումեան ընտրուեցան վեցերորդ գումարման Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալներ: Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները հրապարակեց ժամանակաւոր քուէախոյզ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան: 105 պատգամաւորներէն քուէարկեցին 100ը, որոնցմէ Շարմազանովին թեր` 84ը, դէմ` 13ը, Յովհաննիսեանին թեր` 73ը, դէմ` 22ը, իսկ Մելքումեանին թեր` 65ը, դէմ` 29ը: Շարմազանով եւ Յովհաննիսեան իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան, իսկ Մելքումեան «Ծառուկեան» Դաշինք խմբակցութեան պատգամաւորներ են:
Ազգային Ժողով
Ազգային Ժողովի մնայուն յանձնախումբերուն թիւը պիտի ըլլայ 9