Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին երէկ՝ Ապրիլ 2ին կայացած ընտրութիւններուն, իշխանութեան ղեկին գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Հանրապետական» կուսակցութիւնը վճռորոշ յաղթանակ արձանագրեց։ «Երկիր մեդիա»յի համաձայն՝ Հայաստանի 2000 ընտրաշրջաններէն 1856ի քուէներու արդիւնքին մշակուած տուեալներով, «Հանրապետական» կուսակցութիւնը գրեթէ մօտեցած է 50 տոկոսի մեծամասնութեան՝ որպէսզի առանձինն կարենայ կառավարութիւն կազմել նորընտիր Ազգային Ժողովին մէջ։
Քուէներու նախնական այդ հաշուարկին համաձայն՝ չորս կուսակցութիւններ նուաճած են 5 տոկոս քուէի անցողիկ շեմը՝ հետեւեալ արդիւնքով.-
Հ.Հ.Կ.՝ 49,14%
Ծառուկեան Դաշինք՝ 27,46%
ԵԼՔ՝ 7,70%
Հ.Յ.Դ.՝ 6,61%
Ազգային Ժողով մուտքի 5 տոկոսի շեմը յաղթահարելու դժուարութեան մատնուած կուսակցութեանց ստացած քուէներուն նախնական արդիւնքը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.-
«Հայկական Վերածնունդ» կուսակցութիւն՝ 3,70%
«Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 2,10%
«Կոնգրէս»-Հ.Ժ.Կ. կուսակցութիւններու դաշինք՝ 1,60%
«Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութիւն՝ 0,89%
Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութիւն՝ 0,73%: