ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

­Նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դու­նու­մէն ետք, երբ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան հա­մա­կար­գը նա­խա­գա­հա­կա­նէն ան­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կա­նի, Ապ­րիլ 2ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քով պի­տի ձե­ւա­ւո­րո­ւի նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վը, ուր մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող ու­ժը կամ ու­ժե­րը հե­տա­գա­յին՝ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի պաշ­տօ­նա­վար­ման շրջա­նի ա­ւար­տէն ետք, պի­տի ա­ռա­ջադ­րեն նոր կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու վար­չա­պե­տը։ Եւ վար­չա­պե­տը պի­տի ըլ­լայ երկ­րի թիւ 1 գոր­ծա­դիր իշ­խա­նա­ւո­րը՝ իր շուրջ ու­նե­նա­լով նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը եւ իր թի­կուն­քին՝ խորհր­դա­րա­նի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը։
­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միշտ կողմ ե­ղած էր իշ­խա­նու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­ձե­ւին, ե՛ւ Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րե­րուն, ե՛ւ 1991ի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք վեր­ջին 25 տա­րի­նե­րու բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն։ Ու ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւ­նը եւ խորհր­դա­րա­նա­կան իշ­խա­նու­թեան ան­ցու­մը յաղ­թա­նակն են նախ եւ ա­ռաջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան։ Այս պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն կու տայ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հե­տապն­դած ծրա­գիր­նե­րը կը թե­ւա­կո­խեն ի­րա­գործ­ման նոր հանգ­րո­ւան:
­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը ար­դէն իսկ սկսած են ի­րենց նա­խընտ­րա­կան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը, կազ­մո­ւած են դա­շինք­ներ, որ­պէս­զի միաս­նա­բար կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­նան յաղ­թա­հա­րե­լու խորհր­դա­րան մուտ­քի պայ­ման­նե­րը։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է 9 քա­ղա­քա­կան ուժ. 4ը՝ դա­շինք­ներ — «­Ծա­ռու­կեան», «Ելք», Հ.Ա.Կ.-Հ.Ժ.Կ., «Օ­հա­նեան-­Րաֆ­ֆի-Օս­կա­նեան», 5ը՝ կու­սակ­ցու­թիւն — ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թիւն, Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն, «­Հայ­կա­կան ­Վե­րած­նունդ», «Ա­զատ ­Դե­մոկ­րատ­ներ» եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հա­մայ­նա­վար ­Կու­սակ­ցու­թիւն:
Ու­ժե­րու այս դա­սա­ւոր­ման մէջ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շած է ա­ռան­ձինն մաս­նակ­ցիլ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, որ­պէս գա­ղա­փա­րա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան կուռ կա­ռոյց։
Ընտ­րա­ցու­ցակ­նե­րը ­Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան ­Յանձ­նա­խում­բին ներ­կա­յաց­նե­լու վեր­ջին պայ­մա­նա­ժամն էր 16 ­Փետ­րո­ւա­րը։ ­Միւս քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու կար­գին, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ալ ներ­կա­յա­ցուց իր թեկ­նա­ծու­նե­րը, ընդ­հա­նուր թո­ւով 171 հո­գի։ Ա­նոնց­մէ 19ը կը ներ­կա­յա­նան հա­մա­մաս­նա­կան կար­գով։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ընտ­րար­շա­ւի պետն է Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան։ ­Ցու­ցա­կը կը գլխա­ւո­րէ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, երկ­րորդ դիր­քի վրայ է Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան, եւ շա­րու­նա­կա­բար` ­Դա­ւիթ ­Լո­քեան, Ար­մե­նու­հի ­Կուր­ղի­նեան, ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան, Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան, Ար­մէն ­Բա­բա­յեան, ­Ռու­զան­նա Ա­ռա­քե­լեան, Ս­պար­տակ ­Սէյ­րա­նեան, ­Մի­քա­յէլ ­Մա­նու­կեան ե­ւայլն: Հ.Յ.Դ. ցան­կին վրայ կան 45 ան­կու­սակ­ցա­կան­ներ։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան կար­գա­խօսն է «­Նոր սկիզբ, ար­դար ­Հա­յաս­տան»: Ար­դար, ո­րով­հե­տեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար ար­դա­րու­թիւ­նը ա­մէն ին­չի հիմքն է եւ բարձ­րա­գոյն ար­ժէք: «Ար­դար ­Հա­յաս­տա­նը ա­զատ ­Հա­յաս­տանն է: Ար­դար ­Հա­յաս­տա­նը զար­գա­ցող, ու­ժեղ, ինք­նիշ­խան, բա­րե­կե­ցիկ, ե­րի­տա­սարդ, ի­րա­ւուն­քի, հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թի ­Հա­յաս­տանն է։ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կ­՚ակնկա­լէ լայ­նա­ծա­ւալ քո­ւէ, լուրջ, ծան­րակ­շիռ ներ­կա­յա­ցո­ւա­ծու­թիւն Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին մէջ»,- յայ­տա­րա­րեց Հ.Յ.Դ. նա­խընտ­րա­կան գրա­սե­նեա­կի պետ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան՝ ցան­կի հրա­պա­րակ­ման առ­թիւ:
«­Մենք մեր ծրա­գիր­նե­րը ու­նինք, եւ ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը ա­ռա­ջար­կէ միա­ցեալ աշ­խա­տանք տա­նիլ այդ ծրա­գիր­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան, մենք ա­նոնց հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաստ ենք: Այ­լա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չի մի­տիր ինք­նան­պա­տակ դա­շինք­ներ ու միա­ւո­րում­ներ հաս­տա­տե­լու` պար­զա­պէս ա­թոռ­ներ բազ­մաց­նե­լու եւ փա­ռա­մո­լու­թեան խնդիր­ներ լու­ծե­լու նպա­տա­կով»,- հաս­տա­տեց ­Ռուս­տա­մեան: Ար­դա­րեւ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ չկան անձ­նա­կան փա­ռա­սի­րու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւող թեկ­նա­ծու­ներ, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը այն կու­սակ­ցու­թիւ­նը չէ, որ կազ­մո­ւած ըլ­լայ ան­ձի մը շուրջ հա­մախմ­բո­ւած հա­մա­կիր­նե­րէ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քի ու գոր­ծե­լա­ձե­ւի հիմ­քը իր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւնն է, ո­րու անձ­նու­րաց զի­նո­ւոր­ներն են բո­լո՛ր ան­դամ­ներն ու հա­մա­կիր բազ­մու­թիւն­նե­րը։
­Նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւը պաշ­տօ­նա­պէս կը սկսի 5 ­Մար­տին։ ­Դաշ­նակ­ցա­կան նա­խընտ­րա­կան մե­քե­նան ա­մէն ճիգ պի­տի թա­փէ հիմ­նա­ւո­րուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով ժո­ղո­վուր­դը հա­մո­զե­լու, որ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն թի­կունք կանգ­նի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ցան­կին, ո­րով­հե­տեւ խորհր­դա­րա­նին մէջ որ­քան մեծ ըլ­լայ կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, այն­քան ա­ւե­լի դիւ­րու­թեամբ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ յա­ջո­ղա­պէս ի­րա­գոր­ծել ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծրա­գիր­նե­րը ի խնդիր ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան, ար­դա­րու­թեան, ար­դար վաս­տա­կի ի­րա­ւուն­քի, ար­տա­գաղ­թի կա­սեց­ման, տնտե­սա­կան մի­ջին դա­սա­կար­գի ստեղծ­ման, եւ ի վեր­ջոյ՝ հզօր եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման ուղ­ղու­թեամբ։