35 տա­րի­ներ ա­ռաջ հա­յու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս, իսկ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­բար կը կորսնցնէր խո­նարհ, լռու­թեամբ գոր­ծած, բայց միեւ­նոյն ա­տեն քաջ մար­տի­կի ու ա­ռաս­պե­լա­կան ղե­կա­վա­րի յատ­կու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րուն շուն­չով թրծո­ւած են սե­րունդ­ներ, ո­րուն ձգած ա­ւան­դով հարս­տա­ցած է կեանք մը ամ­բողջ:
35 տա­րի­ներ ա­ռաջ թրքա­կան ա­նարգ ո­ճի­րի մը զո­հը կը դառ­նար Ա­բօ Աշ­ճեան, ո­րուն յի­շա­տա­կը ան­մա­հաց­նե­լու եւ ա­նոր վաս­տա­կին ու նո­ւի­րա­կա­նու­թեան հա­մար ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­լու նպա­տա­կով՝ 29 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30ին, ­Պուրճ ­Հա­մու­տի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը «Աբ­րա­համ Աշ­ճեան» փո­ղո­ցին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի շե­փո­րա­խում­բին կող­մէ հնչած ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րէն ետք խօսք ա­ռին ­Պուրճ ­Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ ­Ճորճ Գ­րի­գո­րեան եւ ­Պուրճ ­Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պետ ­Մար­տիկ ­Պօ­ղո­սեան, ո­րոնք անդ­րա­դար­ձան այն ի­րո­ղու­թեան, թէ 35 տա­րի ա­ռաջ ա­ռե­ւան­գո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան կար­կա­ռուն դէմ­քե­րէն Ա­բօ Աշ­ճեա­նին շատ բան կը պար­տին հա­յու­թիւ­նը, լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս ­Պուրճ ­Հա­մու­տի բնա­կիչ­նե­րը անխ­տիր:
Իր խօս­քը եզ­րա­փա­կե­լով` ­Մար­տիկ ­Պօ­ղո­սեան դի­տել տո­ւաւ, որ թէեւ նման անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ո­չինչ կ­՛ակն­կա­լեն ի­րենց կա­տա­րա­ծին փո­խա­րէն, սա­կայն ­Պուրճ ­Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը ե­րախ­տա­գի­տու­թեան հա­մեստ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կ­՛ու­նե­նայ Աբ­րա­համ Աշ­ճեա­նի ա­նու­նով կո­չե­լու ­Պուրճ ­Հա­մու­տի կա­րե­ւոր փո­ղոց­նե­րէն մէ­կը: Այ­նու­հե­տեւ, ­Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հէ Եպս. ­Փա­նո­սեան օրհ­նեց փո­ղո­ցը:
Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Աբ­րա­համ Աշ­ճեան» փո­ղոց ա­նո­ւա­նու­մը կրող ցու­ցա­նա­կի քո­ղա­զեր­ծու­մը:
­Պուրճ ­Հա­մու­տի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, Հ.Յ.Դ. «­Սար­դա­րա­պատ» ­Կո­մի­տէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:00ին, «­Սար­դա­րա­պատ» ա­կում­բի «Աբ­րա­համ Աշ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­բօ Աշ­ճեա­նի ա­ռե­ւանգ­ման 35ա­մեա­կին ա­ռի­թով կի­սանդ­րիի զե­տեղ­ման հան­դի­սու­թիւն:
­Ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ա­նի Մկր­տի­չեան-­Տէր­տէ­րեան, ա­պա՝ «­Սար­դա­րա­պատ» ­Կո­մի­տէին խօս­քը ար­տա­սա­նեց ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Շանթ Ա­լե­մէ­զեան, որ վեր ա­ռաւ Ա­բօ Աշ­ճեա­նի ար­ժա­նիք­նե­րը, ա­նոր նկատ­մամբ գոր­ծո­ւած ո­ճի­րին ա­հա­ւո­րու­թիւնն ու ա­նոր կո­րուս­տին ծան­րու­թիւ­նը հա­յու­թեան հա­մար: Ան դի­տել տո­ւաւ, որ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րը ա­պա­հո­վա­կան ծանր պար­տա­կա­նու­թիւն ստանձ­նած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն էր, որ կը յատ­կանշո­ւէր իր խի­զա­խու­թեամբ, անձ­նու­րա­ցու­թեամբ, կը վա­յե­լէր լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թեան յար­գան­քը: Ա­պա՝ Շ. Ա­լե­մէ­զեան անդ­րա­դար­ձաւ «­Սար­դա­րա­պատ» ա­կում­բին մէջ Ա­բօ Աշ­ճեա­նի ա­նու­նով սրա­հին, ուր սե­րունդ­ներ կը կեր­տո­ւին ա­նոր շուն­չով ու ո­գիով` ա­ւելց­նե­լով, որ Ան­դօ ­Պօ­ղո­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ մի­ջոց­նե­րով ա­կում­բի հա­մա­նուն սրա­հին մէջ ար­դէն իսկ զե­տե­ղո­ւած է Ա­բօ Աշ­ճեա­նի կի­սանդ­րին` իբ­րեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րին գոր­ծու­նէու­թեան ու նո­ւի­րու­մին: Օ­րո­ւան պատ­գա­մը ուղ­ղեց ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան, որ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ Ա­բօ Աշ­ճեա­նի նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րը եւ ար­ժա­նիք­նե­րը, ո­րոնց մա­սին յստա­կօ­րէն տեղ մը չէ գրո­ւած թէեւ, սա­կայն ա­նոնց շնոր­հիւ ըն­կեր Ա­բո­յին ա­նու­նը ա­նընդ­հատ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ պա­հո­ւած է ո՛չ միայն զինք ճանչ­ցած, ա­նոր հետ գոր­ծակ­ցած ըն­կեր­նե­րու, այլ նաեւ ի­րե­րա­յա­ջորդ կու­սակ­ցա­կան սե­րունդ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թե­նէ զգա­ցած են մեծ հե­ղի­նա­կու­թեան մը ազ­դե­ցու­թիւ­նը կու­սակ­ցա­կան հա­մա­տա­րած մթնո­լոր­տին վրայ:
Ան դի­տել տո­ւաւ, որ այդ ժա­մա­նա­կուան պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն կամ Լ.Ե.Մ.ա­կան­նե­րու պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ, Ա­բօ Աշ­ճեա­նի հսկո­ղու­թեան տակ գոր­ծող տղա­քը կը ներ­կա­յա­նա­յին իբ­րեւ «վտանգ չէ­զո­քաց­նող, ա­կա­նա­զեր­ծող, զի­նո­ւո­րա­կան ա­րագ գոր­ծո­ղու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող փոր­ձա­գէտ եւ մար­տա­կան հմտու­թիւն ու­նե­ցող­ներ` բո­լորն ալ են­թա­կայ ըն­կեր Ա­բո­յին, բո­լո­րը կար­գա­պահ զի­նո­ւոր­նե­րը ըն­կեր Ա­բո­յին»:
Իր խօս­քի ա­ւար­տին, ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան գոր­ծե­լաո­ճը, ուր տար­բեր տա­րի­քի ան­ձեր միա­ցած էին մէկ նպա­տա­կի շուրջ` ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դրօ­շին տակ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ընդ­հա­նուր գոր­ծին մաս­նակ­ցե­լու, այդ ալ` ըն­կեր Ա­բո­յին ղե­կա­վա­րած դաշ­նակ­ցա­կան կա­ռոյ­ցին յար­կին տակ: «­Կա­ռոյց, որ ո՛չ միայն պա­տո­ւով կա­տա­րեց ի­րեն վստա­հո­ւած կու­սակ­ցա­կան ո­րո­շում­նե­րը ­Լի­բա­նա­նի մէջ, այլ ամ­բողջ հայ ժա­մա­նա­կա­կից ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին նոր փայլք ա­պա­հո­վեց` քան­դե­լով լռու­թեան պա­տը եւ ճամ­բայ հար­թե­լով հա­յոց պատ­մա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Այդ փայ­լուն կա­տա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ռա­ջին հեր­թին, հա­յու­թիւ­նը կը պար­տի ըն­կեր Ա­բո­յին»,- ը­սաւ բա­նա­խօ­սը: