Պէտք չէ զար­մա­նալ նախ «Էւ­րեն­սել ­Քիւլ­թիւր» (­Տիե­զե­րա­կան Մ­շա­կոյթ) պար­բե­րա­կա­նին ար­­գիլ­ման հա­մար։ ­Վասն­զի հա­­մաշ­­խար­հա­­յին մշա­­կոյ­­թը ճի­­հա­տա­­կան­­նե­­­րու եւ ա­նոնց հե­­տե­ւորդ­նե­­րուն գլխա­­ւոր թի­­րախն է։

ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ ան­­ցեալ­­նե­­­րը յայ­­տա­­­րա­րեց, թէ իր կող­­մէ ­Հա­­մաշ­­խար­հա­­յին Մ­շա­­կու­­թա­­­յին ­Ժա­­ռանգ ըլ­­լա­­­լով ճշդուած 65 վայ­­րե­­­րէն 20ը այ­­ցե­­­լել ան­­կա­­­րե­լի է կամ խիստ վտան­­գա­­­ւոր։
Այդ քսա­­նին մաս կը կազ­­մեն ­Հա­­լէ­պի բերդն ու շրջա­­կայ­­քը եւ Ա­մի­­տա­յի ­Սուր թա­­ղա­մա­­սը, ա­նոր ան­­մի­­­ջա­կան հա­­րե­ւա­­նու­թեամբ ­Հեւ­­սե­­­լի պար­­տէզ­նե­­րը։
­Պատ­­մա­­­կան ­Հա­­լէ­պը ա­ւե­­րո­ղը ոչ թէ ՏԱՀԵ­Շը, այլ ­Ռե­­ճեփ ­Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղա­նի հո­­վա­նա­­ւո­րած Ալ ­Նուս­րան է։
Էր­­տո­­­ղան ­Փու­­թի­­­նի սի­­րոյն խնդրա­­կա­տար ե­ղաւ եւ Ալ ­Նուս­րա հե­­ռա­ցաւ ­Հա­­լէ­պէն, ա­պա­­ցու­­ցե­­­լով ­Թուր­քիոյ նա­­խա­գա­­հին հետ ու­­նե­­­ցած կա­­պը։
­Սու­­րիոյ բազ­­մամ­շա­­կու­­թա­­­յին ­Ղա­­միշ­­լի քա­­ղա­քը սահ­­մա­­­նա­կից է ­Թուր­քիոյ պատ­­մա­­­կան Մծ­բին (­Նու­­սայ­պին) քա­­ղա­քին, ուր հնա­­գոյն ժա­­մա­նակ­­նե­­­րուն հիմ­­նո­ւած էր ­Մի­­ջին Ա­րե­­ւել­­քի ա­ռա­­ջին հա­­մալ­­սա­­­րա­նը։ 1915ի կո­­տո­րած­­նե­­­րէն փախ­­չող հա­­յեր, ա­սո­­րի­ներ, քաղ­դէա­ցի­­ներ կամ էզ­­տի­­­ներ ­Ղա­­միշ­­լի ա­պաս­­տա­­­նե­լով նոր կեանք, բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին նոր կեն­­ցաղ մը գո­­յա­ցու­­ցին եւ տա­­րած­­քը ա­ւե­­լի զար­­գա­­­ցաւ բաղ­­դատ­մամբ Մծբ­նի։
­Հի­մա Մծ­բին գետ­­նին հա­­ւա­սա­­րած է։ Այժմ վտան­­գը ուղ­­ղո­ւած է Աֆ­­րի­­­նին, ­Քո­­պա­նիին ու ­Ռո­­ժա­վա­­յին։
Ա­մի­­տան բնո­­րո­շող ­Սու­­րը այ­­լեւս գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ ­Սու­­րիոյ կոր­­ծա­­­նած քա­­ղաք­­նե­­­րուն նման է նաեւ պատ­­մա­­­կան ­Ճի­­զի­րը։
­Սու­­րիոյ մէջ ՏԱՀԵ­Շին, Ալ ­Նուս­րա­­յին ը­րած­­նե­­­րը ­Թուր­քիոյ մէջ պե­­տու­­թիւնն է, որ կ­՚ը­նէ։
2011ի գար­­նան ա­ճա­­պա­րան­­քով այ­­ցե­­­լե­ցի ­Հա­­լէպ եւ ­Տէր ­Զօր։ ­Կը զգա­­յի, թէ ե­թէ այդ օր չեր­­թամ, ան­­գամ մըն ալ պի­­տի չկա­­րե­նամ եր­­թալ։
­Նոյն տա­­րո­ւան աշ­­նան, հա­­յոց ե­կե­­ղե­ցիի բաց­­ման ներ­­կայ գտնո­ւե­լէ ետք, շրջե­­ցայ ­Սուր թա­­ղա­մա­­սը։ Մթն­շա­­ղին այ­­ցե­­­լե­ցի բեր­­դա­­­քա­ղա­­քի բան­­տը։ Կ­մախք­ներ յայտ­նա­­բե­րո­ւած էին, ով գի­­տէ ո՞ր կո­­տո­րա­­ծէն մնա­­ցած։
Մթն­շա­­ղին կը լու­­սան­կա­­րէի։ ­Պո­լիս վե­­րա­դար­­ձիս բեր­­ման են­­թար­կո­ւե­ցայ։
­Հա­­լէ­պի մէջ ­Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նոցն ալ մթնշա­­ղին լու­­սան­կա­­րած էի։
Ի վեր­­ջոյ ե­կած էի իր մա­­սին ­Սար­­գիս ­Վար­­պե­­­տէն այդ­քան շատ բան լսած ­Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նո­ցը։ Մթն­շա­­ղին կը մագլ­ցէի հիւ­­րա­­­նո­ցին աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը, կը շրջէի կի­­սա­մութ նրբանցք­նե­­րուն մէջ։
­Սար­­գիս ­Վար­­պե­­­տէն լսած էի իր հօր՝ ­Ղա­­զա­րոս ­Չեր­­քե­­­զեա­նի օգ­­նու­թեամբ Ա­րամ Ան­­տո­­­նեա­նի ­Մես­­քէ­­­նէի ճամ­­բա­­­րէն դէ­­պի ­Հա­­լէպ փա­­խուս­տը։ Ա­պա Ան­­տո­­­նեան այս հիւ­­րա­­­նո­ցի սե­­նեակ­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ ստո­­րագ­­րած ան­­ցա­գի­րով ա­պա­­հո­վո­ւած էր ­Չեր­­քե­­­զեան­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նի­քին ­Կի­­լի­կիա վե­­րա­դար­­ձը։ Ան ա­պա գրի ա­ռած էր բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւն­ներ այս հիւ­­րա­­­նո­ցէն ան­­ցած մարդ­կանց մա­­սին։ Ո­րո՞նք չկա­­յին որ այդ ցան­­կին մէջ։ ­Ճե­­մալ, ­Լի­­ման ­Ֆոն ­Սան­­տերս, ­Մուս­թա­­ֆա ­Քե­­մալ ­Փա­­շա­ներ։ ­Հիւ­­րա­­­նո­ցի սե­­փա­կա­­նա­տէր ­Մազ­­լու­մեան եղ­­բայր­ներ ­Ճե­­մալ ­Փա­­շա­յի բա­­րե­խօ­­սու­­թեամբ փրկել փոր­­ձած էին օ­­ս­­մա­­­նեան խորհր­դա­­րա­նի ե­րես­­փո­­­խան­­ներ ­Զոհ­­րապն ու ­Վարդ­գէ­­սը։
­Հա­­լէպ ան­­գամ մը եւս կ­՚ո­ղո­­ղո­ւէր գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու հոս­­քով։ ­Մազ­­լու­մեան եղ­­բայր­ներ մեծ ջանք կը վատ­­նէին ­Տէր ­Զօ­­րի ա­նա­­պա­տին մէջ մա­­հը սպա­­սող ի­րենց ցե­­ղա­կից­­նե­­­րուն օգ­­նե­­­լու հա­­մար։ ­Վեր­­ջա­­­պէս Մ­շոյ հրէշ Ապ­­տուլ­հա­­լիք ­Ռեն­­տա­­­յի ­Հա­­լէ­պի կու­­սա­­­կալ նշա­­նա­կուե­լէ ետք ի­րենք ալ դժո­ւա­րով յա­­ջո­ղե­­ցան ի­րենց կեան­­քը փրկե­­լ։
­Սեպ­­տեմ­բե­­րեան օր մը, երբ թուրք հրա­­մա­նա­­տա­րը յե­­տին թո­­ղած կա­­մուրջ­նե­­րը եւ եր­­կա­­­թու­­ղին ռմբա­­կո­ծե­­լով կը հե­­ռա­նար ­Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նո­ցէն, ի­րեն փո­­խա­րի­­նե­լու կու գար անգ­լիա­կան բա­­նա­կի հրա­­մա­նա­­տար զօ­­րա­վար Է­լըն­­պայ։ Այդ մի­­ջո­ցին Ան­­տո­­­նեան թարգ­մա­­նի­չի պաշ­­տօ­­­նին զու­­գա­­­հեռ կը շա­­րու­­նա­­­կէր փաս­­տա­­­թուղթ­ներ հա­­ւա­քե­­լու։ Եւ ­Մազ­­լու­մեան­­նե­­­րու հիւ­­րա­­­նո­ցի բնա­­կիչ­­նե­­­րէն մէկն ալ ­Նա­յիմ ­Պէյ ա­նուն օս­­մա­­­նեան պաշ­­տօ­­­նեայ մըն էր։
­Թա­­լաթ ­Փա­­շա իր պաշ­­տօ­­­նեա­նե­­րուն, երբ պաշ­­տօ­­­նա­կան հե­­ռա­գիր­­ներ կ­՚ու­­ղար­կէր, ան­­դին իր ­­ցան­­ցին ալ կ­՚ու­­ղար­կէր գաղ­­տնագ­րո­ւած հե­­ռա­գիր­­ներ, ո­րոնք կ­՚ա­ւար­­տէին «ըն­­թեր­ցե­­լէ ետք ոչն­չաց­­նե­­­լ» հրա­­հան­­գով։ ­Կարգ մը պաշ­­տօ­­­նեա­ներ չէին հնա­­զան­­դեր այդ վեր­­ջին հրա­­հան­­գին եւ «օր մը պէտք կ­՚ըլ­­լայ» խոր­­հե­­­լով կը պա­­հէին այդ զոյգ մա­­հիկ­­նե­­­րով հե­­ռա­գիր­­նե­­­րը։ ­Նա­­յիմ ­Պէյ այդ խմբա­­կէն պաշ­­տօ­­­նեայ մըն էր, քա­­նի որ ­Շիւք­րիւ ­Գա­­յա­յի գլխա­­ւո­րած «­Գաղ­­թա­­­կա­նաց ­Բա­­ժին»ին մաս կը կազ­­մէր։
Այս բո­­լո­րը վեր­­յի­­­շե­լուս պատ­­ճա­­­ռը եր­­կու գիր­­քեր ե­ղան։ Ա­ռա­­ջի­նը՝ «Ա­րաս» հրա­­տա­րակ­­չա­­­տան լոյս ըն­­ծա­­­յած Ֆ­լա­­ւիա Ա­մա­­պիլ եւ ­Մար­­գօ ­Թո­­սաթ­­թիի հե­­ղի­նա­­կած «­Հա­­լէ­պի ­Պա­­րոն­­նե­­­րը», երկ­րոր­­դը՝ «Ի­լե­­թի­շիմ»ի հրա­­տա­րա­­կած եւ պատ­­մա­­­բան ­Թա­­նէր Աք­­չա­­­մին թուրք պաշ­­տօ­­­նա­կան տե­­սու­­թեան ան­­գամ մը եւս հա­­րո­ւա­­ծե­լուն ա­ռիթ ըն­­ձե­­­ռող «­Նա­­յիմ Է­ֆէն­­տիի յու­­շագ­րու­­թիւ­նը եւ ­Թա­­լաթ ­Փա­­շա­յի հե­­ռա­գիր­­նե­­­րը» ա­նուն ու­­սում­նա­­սի­րու­­թիւ­նը։
­Պատ­­մու­թեան պաշ­­տօ­­­նա­կան տե­­սու­­թեան դէմ ուժ­գին հա­­րո­ւած մըն ալ նա­­խա­պէս ե­կած էր դար­­ձեալ ­Թա­­նէր Աք­­չա­­­մի եւ Այ­­հան Աք­­թա­­­րի կող­­մէ։ Ա­նոնք բա­­ցա­յայ­­տած էին ­Տար­­տա­­­նե­լի պա­­տե­րազ­­մի ժա­­մա­նակ օս­­մա­­­նեան բա­­նա­կին մէջ ծա­­ռա­յող հայ, յոյն եւ հրեայ զի­­նո­ւոր­­նե­­­րու ի­րո­­ղու­­թիւ­նը։ Ի­րո­­ղու­­թիւն մը՝ որ դի­­տում­նա­­ւոր կեր­­պով կ­՚ա­­նտե­­­սո­ւէր պատ­­մա­­­գիր­­նե­­­րու կող­­մէ։ ­Չեմ գի­­տեր ին­չու, բայց ­Չա­­նաք­­քա­­­լէի զի­­նո­ւոր­­նե­­­րու գո­­յու­­թիւ­նը ջրե­­լու հա­­մար շարժ­ման ան­­ցած էր պատ­­մա­­­բան ­Հա­­լիլ ­Պերք­թայ։ Իսկ հի­­մա ­Նա­­յիմ է­ֆեն­­տիի յու­­շագ­րու­­թիւն­նե­­րէն ան­­հանգս­տա­­նալն ալ վի­­ճա­կե­­ցաւ Էթ­­յեն ­Մահ­­չու­պեա­նին։ ­Թե­­րեւս ան­­կողմ­նա­­կալ ըլ­­լա­­­լը փաս­­տե­­­լու մար­­մաջ, թե­­րեւս ալ վախ։ Ին­­չե­­­ւի­ցէ ու­­րիշ վար­­կած­նե­­րու մա­­սին չխօ­­սինք։ ­Բայց կա­­րե­ւոր ե­ղա­­ծը ու­­րա­­­ցու­­մին դի­­մաց յստակ եւ պարզ կե­­ցո­ւածք որ­­դեգ­րելն է։
Ո­մանք կը կար­­ծէին, թէ յա­­ջո­ղած են «­Կա­­պոյտ ­Գիրք»ը ար­­ժեզր­կե­­լ։ Ա­հա­­ւա­սիկ Ա­րա ­Սա­­րա­ֆեա­նի այդ գիր­­քը վե­րահ­րա­­տա­րա­­կե­լը շատ կա­­րե­ւոր հա­­րո­ւած մըն էր ու­­րաց­ման այդ փոր­­ձին դէմ։ Այդ ե­րեք հիմ­­նա­­­կան աղ­­բիւր­նե­­րը ար­­ժեզր­կե­­լով ­Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ի­րո­­ղու­­թիւնն ալ թաքց­նել մի­­տող ­Շիւք­րիւ Է­լէք­­տաղ որ­­քան մեծ սար­­սա­­­փի մը մատ­­նո­ւած էր այդ հրա­­տա­րա­­կու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաւ։
­Վե­­րա­դառ­­նանք ­Պա­­րոն օ­թել։ ­Ֆայ­­սալ ­Մեծն ­Սու­­րիոյ ­Թա­­գա­ւո­­րու­­թիւ­նը 1919-ին այս­տե­­ղէն յայ­­տա­­­րա­րած էր եւ կարճ ժա­­մա­նակ անց ալ հար­­կադ­րո­ւած էր եր­­կի­­­րը անգ­լիա­ցի­­նե­րէն փո­­խա­ռած ֆրան­­սա­­­ցի­նե­­րուն յանձ­նե­­լու։ Ի­րա­­կա­նու­­թեան մէջ այդ օ­րը ­Սու­­րիոյ պա­­տե­րազ­­մին ծագ­­ման օ­րը ե­ղաւ։
­Ճի­­հա­տա­­կան­­նե­­­րու հսկած տա­­րած­­քը հա­­զիւ 50 մեթր հե­­ռա­ւո­­րու­­թիւն ու­­նէր ­Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նո­ցէն։ Այժմ Ա­սա­­տի զի­­նո­ւոր­­նե­­­րու յա­­ռա­ջըն­­թա­­­ցով սպառ­­նա­­­լի­քը քիչ մը նո­ւա­զած կ­՚ե­րե­­ւի։ ­Հիւ­րա­­նո­ցի յա­­րա­տե­­ւու­­թիւ­նը ա­պա­­հո­վող վեր­­ջին սե­­րուն­դը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէր Ար­­մէն ­Մազ­­լու­մեան, որ այս տա­­րեսկզ­բին մա­­հա­ցաւ։
­Ներ­­կա­­­յիս իր կի­­նը ­Ռու­­պի­­­նա ­Թաշ­­ճեան կը շա­­րու­­նա­­­կէ հիւ­­րա­­­նո­ցը բաց պա­­հե­լու ա­ռա­­քե­լու­­թիւ­նը։ ­Մազ­­լու­մեան­­ներ հա­­րիւր տա­­րի ա­ռաջ հայ աք­­սո­­­րեալ­­նե­­­րուն տէր կը կանգ­նէին։ ­Հիւ­­րա­­­նո­ցը այ­­սօր ալ հա­­րա­զատ տու­­նէն զրկո­ւած­­նե­­­րուն ա­պաս­­տան ըլ­­լա­­­լով կը շա­­րու­­նա­­­կէ իր ա­ռա­­քե­լու­­թիւ­նը։ ­Մե­­զի կը մնայ մաղ­­թել, որ ­Պա­­րոն հիւ­­րա­­­նո­ցը յա­­ջո­ղի նոր ­Սու­­րիոյ վե­­րել­­քին ալ ա­կա­­նա­տես ըլ­­լալ։