­Ծաղ­կա­զարդ

­Կի­րա­կի՝ 1 Ապ­րիլ 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Ծաղ­կա­զար­դի յա­տուկ ժա­մեր­գու­թիւն եւ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ­Ծաղ­կա­զար­դի Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հոգեւոր հո­վիւ՝ ­Տ. Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։
Իր քա­րո­զին մէջ ­Հայր ­Սուր­բը ա­ւե­տա­րա­նա­կան ճշմար­տու­թեամբ բա­ցատ­րեց օ­րո­ւան տօ­նը՝ ­Յի­սու­սի յաղ­թա­կան մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ, ուր մա­նուկ­ներ, ծե­րեր, պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ ար­մա­ւե­նի­նե­րով ու ձի­թե­նի­նե­րով դի­մա­ւո­րե­ցին ­Մար­դու Որ­դին՝ Ք­րիս­տո­սը։
­Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նը ըլ­լա­լով նաեւ ­հայ մա­նուկ­նե­րուն տօ­նը, ­­Հայր ­Սուր­բը շնոր­հա­ւո­րեց գա­ղու­թի բո­լոր մա­նուկ­ներն ու ա­նոնց ծնող­նե­րը, յոր­դո­րե­լով ա­նոնց, որ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն կառ­չած մնան։
Ան ծնող­նե­րուն ուղ­ղե­լով իր խօս­քը, ը­սաւ. «­Ձեր զա­ւակ­նե՛րն են որ օր մը պի­տի շա­րու­նա­կեն մեր ե­րէց սե­րուն­դի թո­ղած կտա­կը, սոր­վե­ցու­ցէ՛ք ա­նոնց, դաս­տիա­րա­կե­ցէք այն­պէս, որ ա­նոնք գիտ­նան, ճանչ­նան ի­րենց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը, որ­պէս­զի օր մը մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի նման, ա­նոնք ալ փա­ռա­շուք կեր­պով դի­մա­ւո­րո­ւին նո­րօրեայ ար­մա­ւե­նի­նե­րով ու ձի­թե­նի­նե­րով։ ­Կը շնոր­հա­ւո­րեմ ­ձեր զա­ւակ­նե­րը եւ կը մաղ­թեմ որ ա­նոնց կեան­քը ա­ռա­ւել եւս ծաղ­կա­զար­դո­ւի եւ ա­նոնք ու­նե­նան այն­պի­սի լաւ պայ­ման­ներ, որ­պէս­զի մեր ­հայ­կա­կան օ­ճա­խը պա­հեն ա­մուր հի­մե­րու վրայ եւ ի­րենց հա­ւատքն ու սէ­րը հան­դէպ ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գին շա­րու­նա­կեն ա­ռա­ւել մեծ թա­փով…»։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Հայր ­Սուր­բին եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ ս­պա­սա­ւոր­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ ներ­կա­յու­թեամբ ­թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան, ­Ծաղ­կա­զար­դի ա­ւան­դա­կան ու յատ­կա­պէս մա­նուկ­նե­րու թա­փօ­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­լով, ար­մա­ւե­նի­նե­րով ու ձի­թե­նի­նե­րով ըն­թացք ա­ռաւ ե­կե­ղե­ցիէն՝ ամ­բողջ շրջա­բա­կը դառ­նա­լով ու վե­րա­դառ­նա­լով ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին՝ ան­գամ մը եւս խորհրդանշա­կա­նօ­րէն Ք­րիս­տո­սի յաղ­թա­կան մուտ­քը նշե­լու մշտա­կան ու յա­րա­տեւ գի­տակ­ցու­թեամբ։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ ձի­թե­նի­նե­րու օրհ­նու­թիւն։
Ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կին մէջ եր­գո­ւե­ցան Հ.Հ. ­քայ­լերգն ու «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը։

Դռն­բա­ցէք

­Կի­րա­կի՝ 1 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Դռն­բա­ցէ­քի յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս ­հո­գե­ւոր ­հո­վիւ՝ Տ. Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս Ս­պա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նին մէջ գոր­ծող բո­լոր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան։
Աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­րուստ ըն­թեր­ցում­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ Ան­դաս­տա­նի գե­ղե­ցիկ ծի­սա­կա­տա­րու­թեամբ ըն­թացք ա­ռաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, մին­չեւ այն պա­հը, երբ ­ ­Հայր ­Սուր­բը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն, ե­րեք ան­գամ «­Բաց ­Մեզ, ­Տէ՛ր» քաղց­րաթր­թիռ շա­րա­կա­նով, խո­րա­նին առ­ջեւ ծուն­կի ե­կած ա­ղա­չանք­նե­րով ու պա­ղա­տանք­նե­րով թա­կեց դրան եւ խնդրեց, որ ո­ղոր­մու­թեան ­Դու­ռը բա­ցո­ւի մեր բո­լո­րին առ­ջեւ։
Ե­րեք ան­գամ յա­ջոր­դա­բար հարց-պա­տաս­խան­նե­րով, վեր­ջա­պէս ­Դու­ռը բա­ցո­ւե­ցաւ ու ան որ­պէս ժո­ղո­վուր­դի թարգ­մա­նը, մուտք գոր­ծեց այդ դռնէն, ա­ղա­չե­լով որ իր ո­ղոր­մու­թեամբ եւ գթու­թեամբ ­Տէ­րը ըն­դու­նի մե­ղա­ւոր­նե­րուն մուտ­քը եւ իր օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խէ բո­լո­րիս։
Ա­ւար­տին, իր քա­րո­զին մէջ ­­Հայր ­Սուր­բը բա­ցատ­րեց Դռն­բա­ցէ­քի ի­մաստն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ խօ­սե­ցաւ Ք­րիս­տո­սի երկ­րորդ գա­լուս­տին մա­սին։ Իր խօս­քին մէջ, ան ը­սաւ. «­Մեր հո­գիի ու սրտի դռնե­րը բա­նա՛նք Ք­րիս­տո­սի, որ­պէս­զի Ան մտնէ մեր ներ­սի­դիին մէջ ու կեր­պա­րա­նա­փո­խէ մեզ բո­լորս, եւ իր ներ­կա­յու­թեամբ ան­գամ մը եւս խա­ղա­ղու­թեամբ ապ­րինք մեր կեան­քը…»։

­Տա­սը ­Կու­սա­նա­ցի յի­շա­տա­կու­թիւն

Ա­ւագ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 3 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­կո­յեան ­Ժա­մեր­գու­թիւն, ուր նշո­ւե­ցաւ ­Տա­սը ­Կու­սա­նա­ցի յի­շա­տա­կու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց ­շա­բա­թօ­րեայ դպ­րո­ցի եւ այլ կա­մա­ւոր ա­ւե­լի քան տա­սը փոք­րիկ­նե­րու, ի­րենց ծնող­նե­րով, շրջա­նի մէջ գոր­ծող Ազգ. ­կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ­միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի։
­Նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն, ըն­թացք ա­ռաւ Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւ­նը, ուր կար­դա­ցուե­ցան ա­ղօթք­ներ, մաղ­թանք­ներ, Աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան ու Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­ներ։
­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, երբ ­Հայր ­Սուր­բը սկսաւ կար­դալ այն Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը, ուր նշո­ւած է տա­սը կոյ­սե­րու ա­ռա­կին պատ­մու­թիւ­նը, վե­րոն­շեալ փոք­րիկ­նե­րը որ­պէս խորհր­դա­նիշ տա­սը կոյ­սե­րուն, ձեռ­քեր­նին մէ­կա­կան մո­մե­րով, կանգ­նած ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նին մէջ, ինչ­պէս նաեւ նա­խա­պէս պատ­րաս­տուած գե­ղե­ցիկ բա­ցիկ­նե­րով, ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեամբ, սկսան տա­սը կոյ­սե­րու յի­շա­տա­կու­թիւ­նը նշել՝ ո­րոնց­մէ հին­գը ի­մաս­տուն էին եւ հին­գը՝ յի­մար։ Այս գե­ղե­ցիկ ու սրտա­ռուչ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը մեծ տպա­ւո­րու­թիւն ձգեց ո՛չ միայն ծնող­նե­րուն, այլ մա­նա­ւանդ փոք­րիկ­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կար­ծէք ի­րենց ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նե­լով ան­գամ մը եւս ուխ­տե­ցին կառ­չած մնալ ի­րենց մայ­ր­ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ի­րենց ա­պա­գան փոր­ձե­ցին տես­նել ու կռա­հել ­հայ­կա­կան օ­ճա­խէն ներս շա­րու­նա­կե­լու գա­ղա­փա­րա­կա­նը։
Ա­ւար­տին, ­Հայր ­Սուր­բը օ­րո­ւան Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը բա­ցատ­րե­լէ ետք, շնոր­հա­ւո­րեց փոք­րիկ­ներն ու ա­նոնց ծնող­նե­րը, մաղ­թե­լով որ ա­նոնք երբ մեծ­նան, յի­շեն այս գե­ղե­ցիկ օ­րը, ի­րենց կար­գին ու­րիշ­նե­րուն բա­րի օ­րի­նակ դառ­նա­լու մտա­ծու­մով։ Ա­պա ­Հայր ­Սուր­բի ձե­ռամբ ե­կե­ղեց­ւոյս ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի, ինչ­պէս նաեւ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» ­մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան եւ դպ­րո­ցի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան կող­մէ ստա­ցան յի­շա­տա­կե­լի նուէր­ներ։

Ս. ­Հա­ղոր­դու­թեան Պա­տա­րագ

Ա­ւագ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 5 Ապ­րիլ 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝ ի յի­շա­տակ մեր ­Տի­րոջ եւ Փրկ­չին՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Վեր­ջին Ընթ­րի­քի ժա­մա­նակ Ս. ­Հա­ղոր­դու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նիս ­հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ ­Ստե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին բաշ­խո­ւե­ցաւ նաեւ Ս. ­Հա­ղոր­դու­թիւն։
Ն­շենք, որ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ, ­թե­սա­ղո­նի­կա­հայ մօտ 100 հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ե­կան ե­կե­ղե­ցի Ս. ­Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար։ Ս. ­Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­նա­լէ ան­մի­ջա­պէս ետք, ե­կե­ղեց­ւոյս ­Տիկ­նաց ­Միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը կազ­մա­կեր­պած էին պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կէն ներս։
Ա­պա, ­Տիկ­նաց ­Միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը, հրա­ւի­րե­լով ­Հայր ­Սուր­բը դէ­պի իր գրա­սե­նեա­կը, յա­տուկ Ս. ­Զատ­կա­կան նո­ւէ­րով կան­խաւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին ­­Հայր ­Սուր­բին Ս. ­Յա­րու­թեան տօ­նը, մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։

Ոտն­լո­ւա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւն

Ա­ւագ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 5 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։00ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նի ­հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նին եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ոտնլո­ւա­յի հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նին մէջ գոր­ծող բո­լոր Ազգ. կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան։ ­Յի­սու­սի 12 ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը խորհրդան­շող ա­ւե­լի քան 12 պա­տա­նի­ներ, ե­րե­խա­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ տա­րեց­ներ կա­մա­ւոր կեր­պով ե­կած էին ե­կե­ղե­ցի, ի­րենց ոտ­քե­րը լո­ւա­ցո­ւե­լու հա­մար։
­Շա­րա­կան­նե­րու, Աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան ու ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րով այս գե­ղե­ցիկ եւ հա­րուստ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը խորհր­դան­շեց մեր ­Տի­րոջ եւ Փրկ­չին՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի խո­նար­հու­թեան ու հե­զու­թեան գե­րա­գոյն օ­րի­նա­կը. ինք որ­պէս Աս­տո­ւա­ծոր­դի, իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ոտ­քե­րը լո­ւաց։ Ար­դա­րեւ, ­­Հայր ­Սուր­բը ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, «Այ­սօր Ան­ճառ»ի ու «­Վե­րաձ­գողն…»ի շա­րա­կան­նե­րով սկսաւ իւ­րա­քան­չիւր պա­տա­նիի ու ե­րե­խա­յի ոտ­քե­րը լո­ւալ, ա­նոնց ոտ­քե­րուն վրայ օրհ­նե­լով իւ­ղը՝ ի նշան այն պոռ­նիկ կնոջ՝ որ Ք­րիս­տո­սի ոտ­քե­րը իւ­ղով օ­ծեց։
Իր քա­րո­զին մէջ, ­Հայր ­Սուր­բը խօ­սե­ցաւ խո­նար­հու­թեան, հե­զու­թեան ու բա­րու­թեան մա­սին, օ­րի­նակ բե­րե­լով Ք­րիս­տո­սը՝ որ­պէս գե­րա­գոյն խո­նարհ ու հեզ անձ­նա­ւո­րու­թիւն ու մա­նա­ւանդ վեր առ­նե­լով վե­րո­յի­շեալ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց զի­րար սի­րե­լու, զի­րար յար­գե­լու եւ զի­րար քա­ջա­լե­րե­լու մտադ­րու­թեամբ։ Ան շնոր­հա­ւո­րեց իւ­րա­քան­չիւր ծնողք ու պա­տա­նի, ո­րոնք ի­րենց քայ­լե­րը կ’ուղ­ղեն դէ­պի ե­կե­ղե­ցի՝ Ք­րիս­տո­սի խօս­քը տա­րա­ծե­լու ի խնդիր ու յո­դո­րեց բո­լո­րին նոյն բա­րի օ­րի­նա­կը առ­նե­լու ի­րենց զա­ւակ­նե­րը յա­ճա­խեց­նել ե­կե­ղե­ցի, որ­պէս­զի ա­նոնք Ք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քով ա­ռա­ւել եւս զօ­րա­ցած, ա­պա­գա­յա­տե­սիլ հե­ռան­կա­րով ի­րենք եւս շա­րու­նա­կեն ի­րենց մե­ծե­րուն եր­թը։

Խա­ւար­ման գի­շեր

Ա­ւագ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 5 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30էն սկսեալ մին­չեւ ուշ գի­շեր, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մեր ­Տի­րոջ եւ Փրկ­չին՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Չար­չա­րանք­նե­րուն եւ ­Խա­չե­լու­թեան ­Խա­ւար­ման ­Գի­շե­րի սրտա­ռուչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս ­հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի մէջ գոր­ծող Ազգ. հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ու կա­ռոյց­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ միու­թիւն­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, մէջ ընդ մէջ սաղ­մոս­նե­րու եւ «Այ­սօր Ան­ճառ»ի յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ կար­դա­ցո­ւե­ցան 7 Ա­ւե­տա­րան­ներ։
­Հո­գե­պա­րար ու խորհր­դա­լից պա­հը այն էր, երբ «­Փառք ի բար­ձունս»ի ժա­մա­նակ, ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ջա­հե­րը մա­րո­ւե­ցան եւ խորհրդա­ւոր պա­հուն լսո­ւե­ցաւ «Ուր ես ­Մայր իմ…» գե­ղե­ցիկ տա­ղը, որ շրջա­նի ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն՝ պրն. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան մեր սրտե­րը պա­րու­րեց իր գե­ղե­ցիկ ու մեղմ ձայ­նով։
­Պա­րու­րո­ւած հո­գի­ներն ու սրտե­րը գօ­տեպն­դեց ­Հայր ­Սուր­բը իր գե­ղե­ցիկ ու խորհր­դա­ւոր քա­րո­զով, օ­րո­ւան խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լով բո­լո­րիս։
Ա­ւար­տին, «­Խա­չի քո Ք­րիս­տոս…» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ան­գամ մը եւս հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը երկրպա­գե­ցին Ք­րիս­տո­սի ­Չար­չա­րանք­նե­րուն ու ­Խա­չե­լու­թեան պատ­կե­րին առ­ջեւ եւ Ս. Ա­ւե­տա­րանն ու ­Խա­չը համ­բու­րե­լով ի­րենց Ք­րիս­տո­նէա­կան ուխ­տը ան­գամ մը եւս վե­րա­նո­րո­գե­ցին։

­Թաղ­ման ­Կարգ եւ ­Հան­դի­սա­ւոր ­Թա­փօր

Ա­ւագ Ուր­բաթ՝ 6 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր ­Տի­րոջ եւ Փրկ­չին՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Թաղ­ման ­Կար­գը, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր ­հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն, եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի մէջ գոր­ծող բո­լոր Ազգ. կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ-ան­դա­մու­հինե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան։
Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նին մէջ դրո­ւած էր հա­րուստ ծա­ղիկ­նե­րով զար­դա­րո­ւած Ք­րիս­տո­սի ­Գե­րեզ­մա­նը։
Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան կի­սուն, խորհր­դա­ւոր պա­հը այն էր, երբ ­Հայր ­Սուր­բը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը ծուն­կի ե­կած Ք­րիս­տո­սի ­Գե­րեզ­մա­նին դի­մաց, «­Սուրբ Աս­տո­ւած…» շա­րա­կա­նը եր­գե­ցին ի յի­շա­տակ ի­րենց Աս­տո­ւա­ծորդ­ւոյն ­Թաղ­ման ­Կար­գին։
­Սաղ­մոս­նե­րով, Աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րով ու մա­նա­ւանդ նա­խա­տօ­նա­կի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ, ուր «­Պար­գե­ւա­տուն Ա­մե­նե­ցուն» գե­ղե­ցիկ շա­րա­կա­նով, ­­Հայր ­Սուր­բը խնկար­կեց ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը օրհ­նե­լով, մօ­տե­ցաւ Ք­րիս­տո­սի ­Գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ եւ համ­բու­րե­լով ա­նոր ­Գե­րեզ­մա­նը ա­ռաւ Ա­նոր օրհ­նու­թիւ­նը։
Իր քա­րո­զին մէջ, ­Հայր ­Սուր­բը Ք­րիս­տո­սի ­Գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ կե­ցած յոր­դո­րեց որ «այ­սօր այս ­Գե­րեզ­մա­նին մէջ Ք­րիս­տոս թա­ղո­ւած է, սա­կայն, մեր Ք­րիս­տո­նէա­կան ­Հա­ւատ­քը մեզ կը թե­լադ­րէ, որ նոյն այս ­Գե­րեզ­մա­նէն, նոյ­նինքն Ք­րիս­տոս լո՛յս կը սփռէ հա­մայն ժո­ղո­վուր­դին… Ք­րիս­տոս իր չար­չա­րանք­նե­րու եւ զո­հա­բե­րու­թեան մի­ջո­ցաւ թող մաք­րէ մեր հո­գի­ներն ու սրտե­րը, մեզ ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի լու­սա­ւոր հո­րի­զոն­ներ, որ­պէս­զի իր լոյսն ու աս­տո­ւա­ծա­յին խոր­հուր­դը սփռե­լով հա­մայն մարդ­կու­թեան խա­ղա­ղու­թիւն բե­րէ ամ­բողջ աշ­խար­հին»։
Ա­ւար­տին, տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հան­դի­սա­ւոր ­Թա­փօր, ուր ­­Հայր ­Սուր­բի կող­մէ Ա­ւե­տա­րան­նե­րու ըն­թեր­ցու­մով, ­Թեսա­ղո­նի­կէի «­Չի­միշ­քի» փո­ղո­ցէն դուրս գա­լով հան­դի­պե­ցանք ­Յոյն Ուղ­ղա­փառ «Ս. ­Կոս­տան­դի­նոս եւ Է­լե­նի» ե­կե­ղեց­ւոյ ­հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րին եւ այն­տեղ ­ ­Հայր ­Սուրբն ու ­Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Վար­դա­պե­տը զի­րար բա­րե­մաղ­թանք­ներ կա­տա­րե­լով՝ ող­ջա­գու­րո­ւե­ցան։
Ա­պա դար­ձեալ այս ան­գամ «­Չի­միշ­քի» փո­ղո­ցի միւս մա­սով ­Հայ­կա­կան ­Խաչ­քա­րի կող­քով անց­նե­լով մուտք գոր­ծե­ցինք ե­կե­ղե­ցի ու ե­կե­ղեց­ւոյ դրան մուտ­քին ­­Հայր ­Սուր­բը «­Պահ­պա­նիչ…» ա­ղօթ­քով եզ­րա­փա­կեց այս հան­դի­սա­ւոր տօ­նը։
Ն­շենք, որ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, որ­պէս հա­ւատ­քի գե­րա­գոյն օ­րի­նակ, Ք­րիս­տո­սի ­Գե­րեզ­մա­նին տա­կէն անց­նե­լով ­Տիկ­նաց մարմ­նի ան­դա­մու­հի­նե­րուն կող­մէ մէ­կա­կան ծա­ղիկ­ներ վեր­ցու­ցին եւ այդ­պէս մեկ­նե­ցան ի­րենց տու­նե­րը։
­Յայտ­նենք, որ ամ­բողջ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ի­րենց կող­մէ Ք­րիս­տո­սի ­Գե­րեզ­մա­նին հա­մար նո­ւի­րե­ցին ա­մե­նա­լաւ ծա­ղիկ­ներն ու վար­դե­րը, ինչ­պէս նաեւ տե­ղի ու­նե­ցան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ։

Ս. ­Յա­րու­թեան տօն

­Շա­բաթ՝ 7 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00էն սկսեալ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ճ­րա­գա­լոյ­ցի ժա­մեր­գու­թիւն, Ս. ­Գիր­քե­րու ըն­թեր­ցում եւ ա­պա յա­ջոր­դեց Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց՝ շրջա­նիս ­հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս բո­լոր սպա­սա­ւոր­նե­րուն, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նէն ներս գոր­ծող Ազգ. ­Կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թեան։ ­Ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին, ե­րեք «Ո­ղոր­մեա»նե­րու ճա­շու ժա­մեր­գու­թեան յա­ջոր­դեց ըն­թեր­ցո­ւած­նե­րու ըն­թեր­ցում­նե­րը, ­Դա­նիէլ ­Մար­գա­րէին «Ո­չինչ է պի­տոյ» մե­ծա­գոյն ըն­թեր­ցո­ւածն ու Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գը։
Իր քա­րո­զին մէջ, ­­Հայր ­Սուր­բը անդ­րա­դար­ձաւ Ք­րիս­տո­սի Հ­րա­շա­փառ Ս. ­Յա­րու­թեան գա­ղա­փա­րին, ը­սե­լով. «Ք­րիս­տո­նէու­թեան հզօ­րու­թեան աղ­բիւ­րը ու յա­ւեր­ժու­թեան ե­րաշ­խի­քը՝ Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թիւնն է. Ք­րիս­տոս իր մա­հով մա­հո­ւան յաղ­թեց. մին­չեւ ­Գող­գո­թա բարձ­րա­ցաւ, որ­պէս­զի մեր բո­լո­րին կեանք պար­գե­ւէ եւ իր Հ­րա­շա­փառ ու ­Սուրբ ­Յա­րու­թեամբ բո­լո­րին կոչ կ’ուղ­ղէ այ­սօր դառ­նա­լու ի­րեն՝ ­Խա­չին, լսե­լու Աս­տու­ծոյ պատ­գամն ու խօս­քը եւ ստա­նա­լու խա­չին ոյժն ու զօ­րու­թիւ­նը…»։
­Հայր ­Սուր­բը նաեւ իր խօս­քին մէջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն փո­խան­ցեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­Գա­հա­կալ՝ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­միս ­Բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ՝ ­­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեա­նին եւ Ազգ. ­Վար­չու­թեան բա­րե­մաղ­թանք­ներն ու լա­ւա­գոյն շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Ս. ­Զատ­կո­ւան տօ­նին ա­ռի­թով։
Ն­շենք, որ գա­ղու­թիս ծխա­յին­նե­րէն՝ ­Տիկ. ­Սի­րա­նոյշ ­Չա­լը­քեան իր քաղցր ու մեղմ ձայ­նով, Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին եր­գեց «­Սուրբ, ­Սուրբ…»ն­ ու «­Տէր Ո­ղոր­մեա…»ն։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, խորհր­դա­ւոր պահն այն էր, երբ ­Հայր ­Սուր­բը ե­կե­ղեց­ւոյ ­Մայր կան­թե­ղէն վա­ռեց ճրա­գը՝ Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը եւ յա­ջոր­դա­բար փո­խան­ցեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք ի­րենց ձեռ­քին ու­նէին մէ­կա­կան զար­դա­րո­ւած մո­մեր՝ պատ­րաս­տո­ւած Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ եւ ի­րենց հետ տուն տա­նե­լով ու հա­մայն աշ­խար­հին ը­սե­լու՝ «ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ. ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։ Ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րէն՝ ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեա­նի կող­մէ ծնծղա­յի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան եր­գեց «Այ­սօր ­Յա­րեաւ…» շա­րա­կա­նը։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին յա­ջոր­դեց ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած ­Զատ­կա­կան հաւ­կիթ­նե­րով հաւկ­թա­խա­ղը ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կէն ներս։ Յա­ջորդ օր, ­Կի­րա­կի 20 Ապ­րի­լին մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. ­Զատ­կո­ւան ­Պա­տա­րա­գը։
Իսկ Եր­կու­շաբ­թի 21 Ապ­րի­լին, ­Մե­ռե­լո­ցի յի­շա­տա­կու­թեան օ­րը, ­Հայր ­Սուր­բը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ազգ. ­Գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կա­տա­րեց ­Գե­րեզ­մա­նօրհ­նէք եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն սկսաւ նաեւ Ս. ­Զատ­կուան տօ­նին ա­ռի­թով Տ­նօրհ­նէ­քի։