­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին» ­հայ կր­թա­կան եւ մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղին եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ «Μύρο» ցու­ցա­հան­դէ­սին, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Մա­յիս 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։00-10։00, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րո­ւես­տի նկար­նե­րու ա­ճուրդ, մաս­նակ­ցու­թեամբ 25 ­յոյն եւ 25 ­հայ նկա­րիչ­նե­րու։ ­Յայտ­նենք, որ ա­ճուր­դէն գո­յա­ցած ե­կա­մու­տը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Άλμα Ζωής»  հիմ­նադ­րա­մին, որ կ’օգ­նէ կուրծ­քի քաղց­կե­ղով հի­ւանդ կա­նանց։­ Սոյն մշա­կու­թա­յին ձեռ­նար­կին տե­ղի ու­նե­ցան սրտի խօս­քեր, ինչ­պէս նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր, ուր ­«Հա­մազ­գա­յին» ­հայ կր­թա­կան եւ մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» ­մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ե­լոյթ ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան-ա­ւան­դա­կան պա­րե­րով։ Ն­շենք, որ սոյն ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ­հայ եւ յոյն մշա­կու­թա­սէր­ներ։