Երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իր տե­սա­կին եւ ծա­ւա­լին մէջ ե­զա­կի` «Ա­րի պա­րի´ ­Քո­չա­րի» բնա­բա­նով մշա­կու­թա­յին ձեռ­նար­կը։ Հա­մա­հայ­կա­կան նա­խա­գի­ծը սկիզբ ա­ռաւ 2018ի ­Մար­տին, Ֆ­րան­սա­յի Կ­րե­նոպլ քա­ղա­քի «­Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի տան» նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ո­րուն նպա­տակն է պա­րե­լով «­Քո­չա­րի»ն` հա­մախմ­բել աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րը բնա­կող հա­յե­րը, ամ­րագ­րել «­Քո­չա­րի»ի տե­ղը «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի կող­մէ ըն­դու­նո­ւած ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու ցան­կին մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ օ­տար­նե­րը ծա­նօ­թաց­նել հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին:
Այս տա­րո­ւան ե­լոյ­թը նո­ւի­րո­ւած էր հայ ա­նո­ւա­նի մե­ծե­րու` ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի եւ  ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տի ծննդեան 150ա­մեակ­նե­րուն: ­Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, բա­ցի «­Կար­նոյ ­Քո­չա­րի»էն, ծրագ­րին մէջ ընդգր­կած էին նաեւ ­Կո­մի­տա­սի գրի ա­ռած պա­րե­ղա­նակ­նե­րէն «­Շո­րոր»ը:
Այս­պէս՝ ­Մա­յիս 25ին, աշ­խար­հի 30է ա­ւե­լի եր­կիր­նե­րու եւ 100 քա­ղաք­նե­րու մէջ, 141 խում­բեր ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած` մաս­նակ­ցած են պա­րե­րու ծրագ­րին. մար­դիկ հե­ղե­ղած են փո­ղոց­ներն ու հրա­պա­րակ­նե­րը, օ­դը լե­ցո­ւած է «­Քո­չա­րի»ի խրոխտ եւ «­Շո­րոր»ի ա­նոյշ ե­լե­ւէջ­նե­րով։
­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին հա­մար, ան­ցեալ տա­րո­ւան «Ա­րի պա­րի´ ­Քո­չա­րի»ն­ ի­րա­կա­նա­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ, իսկ այս տա­րի, ­Գո­մո­թի­նիի հա­մայն­քի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մաս­նակ­ցե­ցաւ ծրագ­րին։
­Մա­յիս 25ին, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մէկ­տե­ղո­ւե­ցան ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ­կա­կան ա­կում­բին առ­ջեւ եւ միաս­նա­բար պա­րե­ցին ու եր­գե­ցին հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին ե­ղա­նակ­նե­րը։ Ե­լոյ­թը լայն ար­ձա­գանք եւ տա­րա­ծում ու­նե­ցաւ քա­ղա­քի լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն մէջ։