19 Յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի Տուն» ծրագիրի 2017ի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին 163 սփիւռքահայ պատանիներ 7 երկիրներէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Քանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ նշեց, թէ մինչ այդ՝ 10-20 Ապրիլին, «Արի Տուն» ծրագիրի յատուկ փուլով Հայաստան այցելած էին 66 պատանիներ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէյլի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:
«Սիրելի՛ արիտունցիներ, բարով եկած էք հայրենիք: Շնորհակալ ենք ձեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն, որոնք վստահեցան եւ Հայաստան ուղարկեցին ձեզ` մասնակցելու հայրենաճանաչութեան այս լաւագոյն ծրագիրին:
Հիւրընկալ ընտանիքներուն մէջ 9 եւ ճամբարային 5 օրերու ընթացքին դուք պիտի այցելէք Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, թանգարաններ, հանդիպումներ պիտի ունենաք պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ:
Հայաստանի մէջ սորվեցէ՛ք, կատարելագործեցէ՛ք ձեր մայրենին եւ յիշեցէ՛ք, որ միայն լաւ մարդ եւ մրցունակ մասնագէտներ դառնալով կրնաք ստեղծել ձեր արժանապատիւ ապագան եւ ձեր լուման ներդնել հայրենիքի շէնացման գործին»,- ըսաւ նախարար Յակոբեան:
Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան նախարարութիւններուն եւ համայնքային ծառայութիւններուն` «Արի Տուն» ծրագիրի մասնակիցները Հայաստանի մէջ յաւուր պատշաճի ընդունելու, տեղաւորելու, անոնց անվտանգութիւնն ու ժամանցը կազմակերպելու համար:
Այնուհետեւ նախարարը աւանդութեան համաձայն «Արի Տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկը հագցուց ծրագիրի ամէնէն կրտսեր մասնակիցին:
«Արի Տուն»
Սկիզբ առաւ այս տարուան «Արի Տուն» ծրագիրին իրագործումը