Հինգշաբթի՝ 15 Նոյեմբեր 2018ի առաւօտեան ժամը 8։30ին, Թեսաղոնիկէի «Արիստոտէլեան» համալսարանի աստուածաբանական ճիւղի աւելի քան 60 ուսանողներ, իրենց հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներով, այցելեցին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցին, ուր անոնց համար մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, զոր մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, ուրարակիներուն եւ դպիրներուն։
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ, ապա, տեղի ունեցան եկեղեցական, ծիսական, դաւանաբանական, աստուածաբանական եւ այլ տեսակի հարց-պատասխաններ եւ Հայր Սուրբը, հայերէն լեզուով, սպառիչ կերպով պատասխանեց։ Յունարէն լեզուով թարգմանութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Թոնի Գասեմեան։
Աւարտին, Հայր Սուրբը անդրադարձաւ յոյն եւ հայ եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեան ընդլայման եւ առաւել սերտացման, եւ կոչ ուղղեց յատկապէս ներկաներուն, որոնք երիտասարդ-երիտասարդուհիներ էին, որ քրիստոնեայ աշխարհը ու մանաւանդ աշխարհի վրայ գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցիները, Քրիստոսի մե՜ծ սիրով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն եւ յանսասանութիւն բոլոր եկեղեցիներու եւ ի խնդիր բարգաւաճման ի մասնաւորի հաւատացեալ ժողովրդեան։ Աւարտին, յիշատակի խմբային նկար մը առնուեցաւ։ Յարգարժան հիւրերը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ խանդավառութեամբ ու գոհունակ սրտով ու մանաւանդ երախտագիտութեամբ ու շնորհակալութեամբ վերադարձան համալսարան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք «Արիստոտէլեան» համալսարանի ուսանողները կ’այցելեն «Ս. Աստուածածին» եկեղեցի
«Արիստոտէլեան» համալսարանի ուսանողները կ’այցելեն «Ս. Աստուածածին» եկեղեցի
Թեսաղոնիկէի «Արիստոտէլեան» համալսարանի աստուածաբանական ճիւղի ուսանողները կ’այցելեն «Ս. Աստուածածին» եկեղեցի