ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

­Հա­ճոյ­քով կ­՚ար­ձա­գան­գեմ վեր­ջերս «Ազ­դակ»ին մէջ լոյս տե­սած ընկ. ­Վա­րագ ­Գեթ­սե­մա­նեա­նի յօ­դո­ւա­ծին («Օս­մա­նա­հա­յե՞ր. Ա­յո՛, Օս­մա­նա­հա­յեր», http://hairenikweekly.com/2017/03/16/31440), որ գի­տակ հա­կա­ճա­ռու­թիւն մըն է եր­կու տա­րի ա­ռաջ «Աս­պա­րէզ»ի, «Ազ­դակ»ի եւ այլ Հ.Յ.Դ. օր­գան­նե­րու մէջ լոյս տե­սած իմ յօ­դո­ւա­ծիս հիմ­նա­կան կէ­տե­րուն եւ ա­նուղ­ղա­կի կո՛չ մը՝ նոր եւ գի­տա­կան լոյ­սի տակ քննար­կե­լու այս խնդիր­նե­րը։ ­Յայտ­նեմ, որ լիո­վին կը բաժ­նեմ իմ ե­րի­տա­սարդ ըն­կե­րոջ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը լայն տե­սա­դաշ­տով մտա­ծե­լու, հնուց ժա­ռան­գո­ւած վար­կած­նե­րը նոր փոր­ձաքն­նու­թեան են­թար­կե­լու եւ ժա­մա­նակ­նե­րու յա­րա­ցոյ­ցը (paradigm) ճիշդ ըմբռ­նե­լու։
­Վե­րո­յի­շեալ իմ յօ­դո­ւա­ծով ես կ­՚ա­ռար­կէի «օս­մա­նա­հա­յու­թիւն», «օս­մա­նա­հա­յեր» եւ նմա­նօ­րի­նակ այլ եզ­րե­րու գոր­ծա­ծու­թեան դէմ՝ զա­նոնք հա­մա­րե­լով ոչ միայն սխալ, այ­լեւ մեր ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան դիր­քե­րէն՝ խո­ցե­լի եւ ա­նըն­դու­նե­լի՛։ ­Վա­րագ ­Գեթ­սե­մա­նեան իր գի­տաշ­խա­տո­ղի դի­տան­կիւ­նէն կը հաս­նի այլ եզ­րա­կա­ցու­թեան՝ դի­տել տա­լով, որ «ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւն» եւ «ա­րեւմ­տա­հա­յեր» եզ­րե­րը բա­ւա­րար չեն պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը իր ամ­բող­ջու­թեա­նը մէջ ընդգր­կե­լու եւ հե­տե­ւա­բար կ­՚ա­ռա­ջար­կէ, որ ա­ռանց վե­րա­պա­հու­թեան իւ­րա­ցո­ւին «օս­մա­նա­հա­յու­թիւն» ու «օս­մա­նա­հայ» ի­մա­ցու­թիւն­նե­րը որ­պէս ըն­դու­նո­ւած բա­ռա­պա­շար։
Կ­՚ու­զեմ ան­մի­ջա­պէս շեշ­տել, թէ մեր լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան մէջ ստեղ­ծո­ւող եզ­րա­բա­նա­կան այս եր­կո­ւու­թիւ­նը պա­տա­հա­կան չէ։ Ան ար­մատ­ներ ու­նի, ո­րոնց կրկին պի­տի անդ­րա­դառ­նամ այս յօ­դո­ւա­ծով՝ յու­սա­լով, որ ի վեր­ջոյ կը փա­րա­տի ներ­կայ այս շփո­թը եւ կը հաս­նինք նոր յստա­կու­թեան մը մեր ընդ­հան­րա­կան ինք­նու­թեան հետ կա­պո­ւած այս խնդրին մէջ։
Ընկ. ­Վա­րա­գի ա­ռա­ջին դի­տար­կու­մը կը հիմ­նո­ւի այն ի­րո­ղու­թեան վրայ, որ ա­րեւմ­տա­հայ բնաշ­խար­հը (մօ­տա­ւո­րա­պէս Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճռի սահ­ման­նե­րով) չ­՚ընդգր­կեր ամ­բող­ջու­թիւ­նը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յու­թեան, մինչ­դեռ «օս­մա­նա­հա­յեր» եզ­րը զայն կ­՚ընդգր­կէ ա­ռանց դժո­ւա­րու­թեան։ ­Կողմ­նա­կի յի­շեց­նենք, որ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճռի հաս­տա­տած տա­րածքն ալ, իր կար­գին, չ­՚ընդգր­կեր ամ­բող­ջու­թիւ­նը ա­րեւմ­տա­հայ բնաշ­խար­հին, բայց այս քննարկ­ման հա­մար կա­րիք չկայ մտնե­լու այդ ման­րա­մաս­նու­թեան մէջ։ ­Միտ­քը յստակ է։ Յս­տակ է, բայց ոչ հա­մո­զի՛չ։
Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ ա­րեւմտա­հա­յու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի հին եւ շատ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ պատ­մա­կան-աշ­խար­հագ­րա­կան կեր­տո­ւածք մըն է քան Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ի՛նք։ Ա­նոր բնաշ­խար­հը ­Բագ­րա­տու­նեաց ­Հա­յաս­տա­նի քայ­քայ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րով եւ հե­տա­գա­յին նաեւ ­Կի­լի­կեան ­Հա­յաս­տա­նի թա­գա­ւո­րու­թեան լու­ծա­րու­մով ան­ցած է բիւ­զան­դա­կան, ա­րա­բա­կան, սել­ճու­քեան, մոն­ղո­լա­կան եւ թա­թա­րա­կան ա­ւե­րիչ ոտ­նա­կո­խում­նե­րէն, ի վեր­ջոյ ամ­բող­ջո­վին բա­ժին իյ­նա­լով (1555ի Ա­մա­սիա­յի թուրք-պարս­կա­կան դաշ­նագ­րով) օս­մա­նեան սուլ­թան­նե­րու եր­կա­րա­տեւ եւ դա­ժան տի­րա­պե­տու­թեան։ Ա­նոր ժո­ղո­վուր­դը օս­մա­նեան տի­րա­կալ­նե­րուն կող­մէ են­թար­կո­ւած է հե­տե­ւո­ղա­կան խտրա­կա­նու­թեան եւ շա­հա­գործ­ման։ ­Դա­րեր շա­րու­նակ ան կե­ղե­քո­ւած է եւ բռնի հա­ւա­տա­փո­խու­թեան են­թար­կո­ւած։ ­Դա­րեր շա­րու­նակ ան օ­տա­րո­ւած է իր հայ­րե­նի­քէն եւ ի վեր­ջոյ, ­Սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ի նա­խա­ձեռ­նած զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ա­նոր մէկ մեծ զան­գո­ւա­ծը փա­խուստ տո­ւած է օս­մա­նեան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն դէ­պի Ե­գիպ­տոս, դէ­պի Եւ­րո­պա, դէ­պի Ա­մե­րի­կա եւ 1908ի շե­մին ար­դէն վե­րա­ծո­ւած՝ հա­մաշ­խար­հա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը։ Իսկ 1908ի Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րա­կան կար­ճա­տեւ պատ­րան­քէն ետք, ան ե­ղած է բնա­ջինջ նոյ­նինքն Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ՝ վե­րապ­րե­լով միայն Ս­փիւռ­քի իր վտա­րան­դի գո­յա­վի­ճա­կով եւ ­Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս ապ­րող փշրանք­նե­րով։
­Հե­տե­ւա­բար կա­րե­լի չէ այս տե­ւա­բար տե­ղա­շար­ժո­ւող եւ ընդ­լայ­նո­ւող ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թիւ­նը «օս­մա­նեան» պի­տա­կով սահ­մա­նա­փա­կել, ինչ­պէս կա­րե­լի չէ ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թիւ­նը պի­տա­կա­ւո­րել որ­պէս սոսկ «ռու­սա­հա­յու­թիւն»։ Եւ որ­պէս ընդ­հա­նուր սկզբունք՝ պէտք է խու­սա­փիլ հա­յու­թեան ապ­րող եւ ինք­նօ­րի­նակ այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը սահ­մա­նե­լէ կայս­րու­թիւն­նե­րու պատ­կա­նե­լիու­թեամբ։ ­Փաս­տը ցոյց տո­ւած է, որ ա­րեւմ­տա­հու­թիւնն ու ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի տո­կուն ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ են քան կայս­րու­թիւն­նե­րը ի­րե՛նք։ Եւ ա­սի­կա՝ ի հե­ճուկս կայս­րու­թիւն­նե­րու — եւ յատ­կա­պէս թուրք պե­տու­թեա՛ն — ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
­Փաստ է, որ 1877-78ի ­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մի ա­լի­քը հա­սաւ մին­չեւ ­Բարձր ­Հայք։ ­Ռու­սա­կան ու­ժե­րը գրա­ւե­ցին ­Կա­րի­նը եւ ե­թէ մի­ջազ­գա­յին շա­հե­րու խա­ղա­տախ­տա­կը ի վեր­ջոյ այլ կերպ դա­սա­ւո­րո­ւէր, ա­րեւմ­տա­հայ մշա­կոյ­թի օր­րան­նե­րէն մէ­կը՝ ­Բարձր ­Հայ­քը կրնար մնալ ­Ռու­սա­կան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ա­ռանց ե­թէ­նե­րու խա­ղին զոհ եր­թա­լու, կ­՚ու­զեմ կրկին շեշ­տել, որ հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին շեր­տա­ւո­րում­նե­րու դա­սա­կար­գու­մը ճիշտ չէ կա­պել կայս­րու­թիւն­նե­րու յա­րա­փո­փոխ սահ­մա­նագ­ծում­նե­րուն։
Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ ընկ. ­Վա­րագ կը յի­շեց­նէ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը։ Ի վեր­ջոյ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է ա­ռար­կա­յա­կան այն փաս­տը, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող հա­յե­րը ե­ղած են օս­մա­նահ­պա­տակ­ներ, ինչ­պէս թուր­քե­րը, քիւր­տե­րը, յոյ­նե­րը եւ կայս­րու­թեան միւս ժո­ղո­վուրդ­նե­րը։ Ին­չո՞ւ նոյ­նաց­նել օս­ման­ցիու­թիւ­նը թրքու­թեան հետ։ ­Պարզ խօս­քով, ին­չո՞ւ չդի­տել օս­ման­ցիու­թիւ­նը որ­պէս գեր-ազ­գա­յին պե­տա­կան կար­գա­վի­ճակ եւ «չխրտչիլ» օս­մա­նա­հայ կո­չե­լէ այն հա­յե­րը, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տո­ւեալ­նե­րով մաս կազ­մած են այդ պե­տա­կա­նու­թեան։ Եւ մա­նա­ւանդ չիյ­նալ հին աշ­խար­հի պե­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը նոր աշ­խար­հի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց չա­փա­նիշ­նե­րով դա­տե­լու փոր­ձու­թեան մէջ։
Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, սա­կայն, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը այդ­պի­սի կայս­րու­թիւն մը չէ ե­ղած եր­բեք։ Իր հաս­տա­տած բռնա­տի­րու­թիւ­նը եր­բեք չէ տա­րա­ծո­ւած կայս­րու­թեան բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ հա­ւա­սա­րա­պէս։ ­Ճիշտ է, որ զուտ մար­տա­վա­րա­կան եւ տնտե­սա­կան հա­շիւ­նե­րով ­Բարձ­րա­գոյն ­Դու­ռը հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի տա­նե­լի պայ­ման­նե­րով օժ­տած է ­Պոլ­սոյ, Իզ­մի­րի եւ ­Փոքր Ա­սիոյ ո­րոշ բնա­կա­վայր­նե­րու հա­յու­թեան կեան­քը ի տար­բե­րու­թիւն հայ­կա­կան բնաշ­խար­հի հա­յու­թեան վի­ճա­կին, բայց այդ մէ­կը ո­չին­չով կը փո­խէ այն կեդ­րո­նա­կան փաս­տը, որ հա­յը պաշ­տօ­նա­պէս ու­նե­ցած է ստո­րին կար­գա­վի­ճակ կայս­րու­թեան մէջ՝ բաղ­դա­տած թուր­քե­րուն եւ քիւր­տե­րուն։ ­Հա­յը եր­բեք չէ ե­ղած օս­ման­ցի։ Ան չէ վա­յե­լած օս­ման­ցիու­թեան կար­գա­վի­ճա­կէն բխող հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­ներ՝ նոյ­նիսկ երբ ­Պոս­լոյ մէջ ան շփա­ցո­ւած է ա­մի­րա­յու­թեան տիտ­ղոս­նե­րով եւ պե­տա­կան բարձր պաշ­տօն­նե­րով։ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը պէտք չէ շփո­թել Բ­րի­տա­նա­կան ­Կայս­րու­թեան հետ, ուր եւս գո­յու­թիւն ու­նէր ա­նար­դա­րու­թիւն եւ շա­հա­գոր­ծում եւ սա­կայն ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գի խո­րունկ վի­հով մը կը բաժ­նուէին այդ եր­կու­քը ի­րար­մէ։ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ո­չինչ բե­րած է մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան։ Ան միայն կո­ղոպ­տած է կամ փո­շիա­ցու­ցած է այն քա­ղա­քակր­թա­կան մեծ ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ո­րուն հո՛­ղը յափշ­տա­կած է ան։ ­Ժա­ռան­գու­թիւ՛ն՝ ո­րուն ի­րա­ւա­տէր­նե­րէն մէ­կը հայ ժո­ղո­վուրդն է։
Այս ը­սե­լէ ետք կը հասկ­նամ, թէ յա­մե­նայն դէպս պատ­մա­բան­նե­րը ու­նին բնո­րո­շու­մի խնդիր մը։ Ինչ­պէ՞ս բնո­րո­շել հա­յը այս պե­տա­կա­նու­թեան մէջ։ Իմ կար­ծի­քով՝ «օս­մա­նա­հայ»ը ճիշդ բնո­րո­շու­մը չէ։ Ան հա­յը կը հա­ւա­սա­րեց­նէ կայս­րու­թեան թուրք տար­րին՝ ա­պա­կողմ­նո­րո­շե­լով ար­դի միտ­քը։ ­Մենք թուր­քե­րուն հա­ւա­սար չէինք եւ չենք այ­սօր եւս ­Թուր­քիոյ մէջ (որ իր պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ շա­րու­նա­կու­թիւնն է օս­մա­նեան ի­րա­կա­նու­թեան)։ ­Հա­յը կա­րե­լի է ներ­կա­յաց­նել որ­պէս «օս­մա­նահ­պա­տակ» եւ սա­կայն մեծ բա­ցա­ռու­թեան մը յա­ւե­լու­մով։ Այ­սինքն՝ յստա­կօ­րէն ընդգ­ծե­լո՛վ, որ ան են­թա­կայ էր խտրա­կա­նու­թեան, ի­րա­ւազր­կու­մի եւ, ի վեր­ջոյ, ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Ա­ռանց այս յստակ բա­ցա­ռու­թեան՝ դժո­ւար է զայն նոյ­նիսկ օս­մա­նահ­պա­տակ ա­նո­ւա­նել։ Իսկ օս­մա­նա­հայ՝ եր­բե՛ք։
­Գո­յու­թիւն ու­նի նաեւ այս եզ­րա­բա­նա­կան հար­ցին ոչ-հա­յե­րէն ե­րե­սը։ ­Հայ պատ­մա­բան­նե­րը կը գոր­ծեն մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան հար­թակ­նե­րուն վրայ։ Ա­նոնք բնա­կա­նա­բար կը հա­ղոր­դակ­ցին մտա­ւո­րա­կան այդ մեծ աշ­խար­հի լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեամբ, ո­րուն եզ­րա­բա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տո­ղը ան­պայ­ման ի­րենք չեն։ Ottoman Armenian բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւ­նը իր են­թաբ­նագ­րա­յին պատ­գա­մը ու­նի։ Ան կը յայտ­նէ, թէ զայն գոր­ծա­ծո­ղը դուր­սէն դի­տողն է, որ ճշգրիտ պատ­կե­րա­ցում չու­նի, թէ իս­կա­պէս ի՞նչ էր հա­յը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ եւ թէ ինչ­պի­սի՞ բարդ փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ յան­կարծ ան­տե­սա­նե­լի կը դառ­նան եւ կը կոր­սո­ւին ստեղ­ծո­ւած այդ պի­տա­կին տակ։ ­Հայ պատ­մա­բա­նին դժո­ւա­րին մար­տահ­րա­ւէրն է բա­ռա­պա­շա­րի այս «կայ­սե­րա­կան» պա­տը փուլ բե­րել եւ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան խնդիր­նե­րը պար­զա­բա­նե­լու մար­զին մէջ նոր չա­փա­նիշ­ներ հաս­տա­տել մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան կեան­քի ո­լոր­տին հա­մար։ Ես վստահ եմ, որ այս հար­ցը շա­րու­նա­կա­կան մղձա­ւանջ է (կամ պէտք է ըլ­լայ) Ա­րեւ­մուտ­քի հայ գի­տաշ­խա­տող­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան ա­ռօ­րեա­յին մէջ։
­Վա­րագ ­Գեթ­սե­մա­նեան դի­տել կու տայ, որ պատ­մա­բա­նը այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ ի­րա­ւունք չու­նի ա­րեւմ­տա­հա­յը ան­ջա­տե­լու իր մի­ջա­վայ­րէն։ Օս­մա­նեան շրջա­նի հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը պա­րա­պու­թեան մէջ չէ, որ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի։ ­Հա­յը ի­րո­ղա­պէս կը շփո­ւէր իր շրջա­պա­տին հետ եւ կը բաժ­նէր շրջա­պա­տի խնդիր­նե­րը։ ­Կա­րե­լի չէ ա­նոր պատ­մու­թիւնն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը հասկ­նալ եւ վեր­լու­ծել՝ ա­ռանց ա­նոր օս­մա­նա­կան առն­չու­թիւն­նե­րը ա­զա­տօ­րէն ըն­դու­նե­լու։ ­Ճի՛շդ է։ Ոչ միայն ճիշդ է, այ­լեւ՝ ա­նու­րա­նա­լի՛։ Եւ ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով իսկ պէտք է մեր­ժել Ա­րեւ­մուտ­քէն եւ յատ­կա­պէս ­Թուր­քիա­յէն գի­տա­կան պի­տա­կի տակ թե­լադ­րո­ւող ա­պա­կողմ­նո­րո­շիչ եզ­րե­րը։ ­Հա­կա­ռակ իր հա­ւա­քա­կա­նօ­րէն ի­րա­ւա­զուրկ կար­գա­վի­ճա­կին՝ հա­յը ան­տա­րա­կոյս պի­տի ջա­նար իր կեան­քը պա­հել օս­մա­նեան պե­տու­թեան մէջ եւ պի­տի բաժ­նէր օս­մա­նեան հա­սա­րա­կու­թեան կեն­սա­տա­րա­ծու­թիւ­նը։ Այդ կեն­սա­փոր­ձի բո­վին մէջ, ան պի­տի հաս­տա­տէր կա­պեր իր թուրք եւ քիւրտ ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն հետ։ ­Յա­ճախ՝ սե՛րտ։ Եւ սա­կայն պի­տի նաեւ ըն­դու­նինք, որ ի­րա­ւա­կան, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­բա­նա­կան եւ մա­նա­ւանդ հո­գե­բա­նա­կան շատ բարդ փոխ-յա­րա­բե­րու­թեան մը վրայ կը հանգ­չի հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­նե­րու տե­ւա­կա­նու­թեամբ ձե­ւա­ւո­րո­ւած այն կա­ցու­թա­ձե­ւը, որ հա­յունն է ե­ղած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ։
­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու գի­տու­թեան — եւ յատ­կա­պէս հայ գի­տաշ­խա­տո­ղի՛ն — մեծ մար­տահ­րա­ւէրն է հասկ­նալ այդ կա­ցու­թա­ձե­ւը իր ողջ բար­դու­թեա­նը մէջ։ «Օս­մա­նա­հայ» շին­ծու եզ­րը ար­դա­րու­թիւն չ­՚ը­ներ գի­տա­կան այդ ճի­գին։ Ան ա­ւե­լի շուտ կը ծած­կէ այդ բարդ եւ մշտա­պէս ստրկաց­նող գո­յա­վի­ճա­կը։ ­Գո­յա­վի­ճա՛կ՝ որ հաս­տա­տո­ւած է պե­տա­կան կան­խամ­տա­ծու­մով։ ­Մենք գործ ու­նինք «ռա­յա» (rayah, rayat) ի­մա­ցու­թեան հետ, որ­մով օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը բնո­րո­շած է իր ոչ-իս­լամ հպա­տակ­նե­րը։ «­Ռա­յա»ն­ օ­րէն­քով ի­րա­ւա­զուրկ հպա­տակն է։ ­Պե­տու­թիւ­նը կրնայ իր հա­շիւ­նե­րէն ել­լե­լով — ո­րոշ ռա­յա­նե­րու շնոր­հել յա­տուկ ի­րա­ւունք­ներ, բայց ան չի դադ­րիր ռա­յա ըլ­լա­լէ։ ­Ռա­յան ա­րա­բա­կան ծա­գում ու­նե­ցող բառ է։ Ա­նոր ար­մա­տա­կան ի­մաս­տին մէջ կայ «հօտ»ը, «նա­խիր»ը։ Այ­սինքն՝ օ­րի­նա­ւո­րա­պէս շա­հա­գործ­ման են­թա­կայ կեն­դա­նա­կան զան­գուա՛­ծը։ ­Շա­հա­գործ­ման մնա­յուն գոր­ծըն­թա՛ց մը ՝ որ ա­զատ կը կա­ցու­ցո­ւի յան­ցա­գոր­ծու­թեան մեղ­քէն եւ օս­մա­նեան օ­րի­նա­կար­գին կող­մէ կը նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւի որ­պէս կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։
­Գաղտ­նիք չէ, որ եր­կար ժա­մա­նակ օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թեան յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կա­րե­լի դարձ­նող ռազ­մա­կան ու­ժը ե­նի­չե­րի բա­նակ­ներն էին, ո­րոնց կազ­մու­թիւ­նը կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան գո­յու­թեան հա­մար։
Առ­նոլտ ­Թոյն­պի, 20րդ ­դա­րու պատ­մա­գի­տու­թեան ա­կա­նա­ւոր դէմ­քը, որ թէեւ հե­տա­գա­յին Անգ­լիոյ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հե­րէն դրդո­ւած բա­րե­նիշ­ներ շնոր­հեց ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ կը գրէ հե­տե­ւեա­լը.-
«The Ottoman method of conscription was to take a tribute of children from the conquered Christians so many children from each family every so many years bring them up in barracks as fanatical Moslems and train them as professional recruits.
«These ՚Janissaries,՚ militarized from their youth up and divorced from every human relation except loyalty to their war-lord, were the most formidable soldiers in Europe, and each new Christian land they conquered was a new field of recruitment for their corps.
«The Ottoman Empire literally drained its victims՚ blood, and its history as a Vampire-State is unparalleled in the history of the world”.
(From Arnold J. Toynbee, «The Murderous Tyranny of the Turks», Pages 11-12, Hodder & Stoughton, London, 1917)։
­Թոյն­պի շատ ա­ւե­լի ծանր ո­րա­կում­ներ կու տայ օս­մա­նեան պե­տա­կա­նու­թեան եւ ա­նոր թուրք տար­րին այս գրքին մէջ՝ ճշտե­լով տե­ղը կայս­րու­թեան հայ հպա­տակ­նե­րուն։ ­Պարզ է, որ մա­կա­բոյ­ծի եւ զո­հի այս յա­րա­բե­րու­թիւ­նը պէտք ու­նի շատ ա­ւե­լի ճշգրիտ բնո­րո­շու­մի մը, քան այն, որ կը ծնի «օս­մա­նա­հայ» եզ­րոյ­թէն։
Այս քննար­կու­մը կա­րե­լի է ընդ­լայ­նել (եւ մաս­նա­գի­տա­կան հո­ղի վրայ պէտք է ան­պայ­մա՛ն զայն ընդ­լայ­նել) եւ սա­կայն այդ մէ­կը այլ ժա­մա­նա­կի խնդիր է։ Եզ­րա­փա­կե­լէ ա­ռաջ, մենք դեռ պէտք է խօ­սինք այս հար­ցին քա­ղա­քա­կան էու­թեան մա­սին։
­Մենք չենք ապ­րիր պատ­մա­գի­տու­թեան մէջ։ ­Մենք կ­՚ապ­րինք քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։ «Օս­մա­նեան»ը միայն պատ­մա­կան-աշ­խար­հագ­րա­կան ի­մա­ցու­թիւն չէ. ոչ ալ՝ սոսկ պե­տա­կան մակ­դի՛ր։ Հ­նուց իւ­րա­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան իր օ­րի­նա­կար­գը եւ ե­րեք փու­լե­րով գոր­ծադ­րո­ւած հա­յաջն­ջու­մի իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ամ­րագ­րած են որ­պէս մշա­կու­թաս­պան գոր­ծօն։ Այ­սինքն՝ մարդ­կու­թեան դէմ ո­ճի­րի հե­ղի­նակ պե­տա­կա­նու­թիւն, ինչ­պէս ­Նա­ցիա­կան ­Գեր­մա­նիան էր։ Ան ոչ միայն ինքն էր ցե­ղաս­պան, այ­լեւ իր պե­տա­կան բնազդ­նե­րով ե­ղաւ ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ներշն­չողն ու թե­լադ­րո­ղը իր ժա­ռան­գորդ եւ ի­րա­ւա­յա­ջորդ ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ, որ իր կար­գին հե­ղի­նակ դար­ձաւ հա­յաջն­ջու­մի չոր­րորդ փու­լին։ Այ­սօր թուրք պե­տու­թիւ­նը իր պե­տա­կան եւ ա­կա­դե­մա­կան օր­գան­նե­րով ա­մէն ճիգ կ­՚ը­նէ հա­րա­զա­տագ­րե­լու (legitimize) օս­մա­նեան պատ­մու­թիւ­նը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ ար­դա­րաց­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով իր ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ փրկել ինքն իր կա­շին։ Եւ որ­պէս­զի կա­րե­նա՛յ հա­շո­ւի նստիլ թուր­քե­րու նոր սե­րուն­դի լու­սա­միտ մէկ շեր­տին հետ, որ կեն­սա­կան կա­րի­քը ու­նի դի­մագ­րա­ւե­լու իր ինք­նու­թեան դա­ժան խնդի­րը։
­Թուր­քիան հար­կադ­րո­ւած կը զգայ օս­մա­նեան իր ան­ցեա­լը հա­րա­զա­տագ­րե­լու, քա­նի որ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիան ի­րա­ւամբ վար­կա­բե­կո­ւած է Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի փլու­զում­նե­րու բո­վին մէջ։ ­Թուր­քիան պէտք ու­նի այդ քա­ղա­քա­կան դիա­կին նոր կեն­դա­նու­թիւն նե­րար­կե­լու, որ­պէս­զի նաեւ կա­րո­ղա­նայ ար­դա­րաց­նել իր ներ­կա­յի ծա­ւա­լա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Իսկ ­Թուր­քիոյ դաշ­նա­կից մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը — ա՛յլ հա­շիւ­նե­րէ դրդո­ւած — ցարդ կը լրաց­նեն ­Թուր­քիոյ գոր­ծը այս մար­զին մէջ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը որ­պէս «օս­մա­նա­հա­յու­թիւն» (Ottoman Armenians) պի­տա­կա­ւո­րե­լով ՝ ­Թուր­քիան կը փոր­ձէ ի­մա­ցա­բա­նա­կան հա­րա­զատ հող ստեղ­ծել նախ­կին վար­չա­պետ ­Տա­ւու­թող­լո­ւի յայտ­նի պնդու­մին հա­մար — ­Հա­յոց Ս­փիւռ­քը որ­պէս ­Թուր­քիոյ Ս­փիւռք ներ­կա­յաց­նե­լու… եւ մեր հո­ղա­յին պա­հանջ­նե­րը ի սկզբա­նէ հիմ­նազր­կե­լու եւ վար­կա­բե­կե­լու։
Այս բո­լո­րէն ետք, պէտք է ան­պայ­ման ըն­դու­նիլ, որ այս հար­ցը նաեւ լե­զո­ւա­կան է իր բնոյ­թով եւ լե­զուն կ­՚ապ­րի իր նրբե­րանգ­նե­րով։ Ոչ ոք կրնայ տի­րա­պե­տու­թիւն հաս­տա­տել «լե­զու» ե­րե­ւոյ­թին վրայ եւ բա­ռա­պա­շար պար­տադ­րել։ Ա­մէն բառ իր տե­ղը ու­նի մեր կեան­քին մէջ եւ կ­՚են­թադ­րեմ, թէ «օս­մա­նա­հայ» ի­մա­ցու­թիւնն ալ — թէ­կուզ իր ժխտա­կան ի­մաս­տա­շեր­տե­րով — մաս կը կազ­մէ մեր բա­ռա­րա­նին։ Իմ ա­ռար­կու­թիւնս «ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւն» եզ­րը «օս­մա­նա­հա­յու­թիւն» եզ­րով փո­խա­րի­նե­լու դի­տա­ւո­րեալ մի­տու­մին կը վե­րա­բե­րի։
Երբ կ­՚ը­սենք «ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւն», կը հասկ­նանք պատ­մա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տո­ւած եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հա­րա­զատ դար­ձած մէկ ի­մա­ցու­թիւն։ Իմ կար­ծի­քով, հար­ցը «ա­պա­պատ­մա­կա­նաց­նե­լու» (dehistoricize) խնդիր չկայ այս­տեղ, այլ կայ պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը իր նրբու­թեան մէջ յար­գե­լու մեծ պար­տա­ւո­րու­թիւն մը։ ­Բա­ցի ո­րոշ պա­րա­գա­յա­կան ե­լոյթ­նե­րէ (Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի քա­նի մը գրու­թիւն­նե­րուն կամ 1908ի լրագ­րու­թեան մէջ ե­րեւ­ցող), մեր ժո­ղո­վուրդն ու քա­ղա­քա­կան միտ­քը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն նո­ւի­րա­գոր­ծած են «ա­րեւմ­տա­հայ» բնու­թագ­րու­մը, որ իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ օս­մա­նեան լու­ծը — եւ բո­լոր միւս լու­ծե՛­րը — մեր­ժե­լու եւ մեր ինք­նու­թեան հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու մեր յա­մառ ո­րո­շու­մը։ ­Պատ­մա­գի­տու­թիւ­նը պէտք է յար­գէ այդ ո­րո­շու­մը։ Օ­րի­նա­չա­փը յար­գելն է։
­Հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մա­գի­տու­թեան բե­մը այս յստա­կու­թեամբ օժ­տե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ռա­ջին հեր­թին, կը պատ­կա­նի հայ պատ­մա­բան­նե­րու նոր սե­րուն­դին։ Ես կ­՚ակն­կա­լեմ, որ ա­նոնք հա­մար­ձա­կօ­րէն ստանձ­նեն այս պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ բա­նա՛ն պայ­քա­րի այդ ճա­կա­տը, ե­թէ հարկ է։ ­Կա­րե­ւոր է, որ տէ՛ր կանգ­նինք բա­ռա­պա­շա­րին, քա­նի որ բա­ռը ուժ է եւ ան մէկ այլ կեն­սա­կան ռազ­մա­գիծն է մեր ընդ­հան­րա­կան պայ­քա­րին։
Այ­լա­պէս պի­տի ստի­պո­ւինք մեր վրայ կրել մեր ինք­նու­թեան ան­յա­րիր եւ հա­կա­սող ան­հա­րա­զատ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թիւն­ներ եւ յան­կարծ «օս­մա­նա­հայ» ան­հե­թեթ պի­տա­կով պի­տի բնու­թագ­րենք մի­լիո­նա­ւոր այն հա­յե­րը, ո­րոնք զոհ գա­ցին Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան։