ԱՐԱՔՍԻԱ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Այ­սօր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փնտռե­լու հա­մար հա­մա­ցան­ցի օգ­նու­թեան կը դի­մենք: Ո­ւի­քի­փե­տիան տար­բեր լե­զու­նե­րով գոր­ծող հան­րա­գի­տա­րան է, նո­րա­րա­րու­թեան ձեւ մը՝ լե­զո­ւի զար­գաց­ման եւ հարս­տաց­ման մէջ: ­Վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն հա­յե­րէն լե­զո­ւով նիւ­թե­րու մեծ աճ կը նկա­տո­ւի:
­Հե­տաքրքրու­թիւն մը ու­նէինք հասկ­նա­լու, թէ ո­րո՞նք, ինչ­պէ՞ս, ի՞նչ գոր­ծիք­նե­րով կը ստեղ­ծեն բազ­մա­թիւ հա­յե­րէն յօ­դո­ւած­ներ:
Այս Ա­մառ, ­Յու­լիս 10էն 17, հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցանք՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեա­նի հետ ճամ­բոր­դե­լու Ա­ղո­ւե­րան (­Կո­տայ­քի մարզ, ­Հա­յաս­տան), եւ մաս­նակ­ցե­լու «­Վի­քի­մե­դիա ­Հա­յաս­տա­նի» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած «Ո­ւի­քի դա­սըն­թացք-հա­ւա­քին, սփիւռ­քի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, մա­մու­լի աշ­խա­տա­կից­նե­րու եւ հե­տաքրք­րո­ւած ան­հատ­նե­րու հա­մար: Ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տա­կերն էին ա­ջակ­ցիլ եւ խթա­նել հա­մա­ցան­ցէն ներս հա­յե­րէ­նի բո­վան­դա­կու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին օ­տար լե­զու­նե­րով յօ­դո­ւած­նե­րու զար­գաց­ման եւ, յատ­կա­պէս, ստեղ­ծել ու զար­գաց­նել «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիան»:
­Մէկ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, եւ օ­րա­կան 10-12 ժամ խան­դա­վառ աշ­խա­տան­քով (կրնայ եւ ա­ւե­լի), մաս­նա­կից­ներս ծա­նօ­թա­ցանք «Ո­ւի­քի­փե­տիա»յի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, խմբագ­րու­թեան գոր­ծիք­նե­րուն եւ ե­ղա­նակ­նե­րուն: Ծ­րա­գի­րը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, հա­մա­խո­հու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գի ստեղ­ծեց: ­Դա­դար­նե­րուն, տպա­ւո­րիչ էին մեր ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը՝ Ա­ղո­ւե­րա­նի հիաս­քանչ բնու­թեան, ­Չո­րու­տի կի­սա­ւեր վան­քին, Բջ­նի քա­ղա­քի բեր­դին ու հի­նա­ւուրց ե­կե­ղե­ցիին. առ­տո­ւան եւ գի­շե­րո­ւան մեր ա­րա­գա­քայլ պտոյտ­նե­րը դրա­ցի ան­տառ­նե­րուն մէջ, գի­շե­րա­յին զրոյց­նե­րը, փի­լի­սո­փա­յա­կան քննար­կում­նե­րը, երգն ու պա­րը եւ, վեր­ջա­պէս, ան­մո­ռա­նա­լի հայ­կա­կան հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը…
­Դա­սըն­թաց­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին 4 եր­կիր­նե­րէ 8 ան­հատ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ «­Վի­քի­մե­դիա ­Հա­յաս­տան» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ ­Սու­սան­նա Մկրտ­չեա­նի եւ Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեա­նի:
­Շա­քէ ­Ման­կա­սա­րեան – Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն (­Տու­պայ)
­Թա­լին ­Նա­յիր – ­Թուր­քիա (­Պո­լիս)
­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեան – ­Յու­նաս­տան (Ա­թէնք)
Ա­րաք­սի ­Մի­քա­յէ­լեան – ­Յու­նաս­տան (Ա­թէնք)
­Մա­րէն ­Պա­պեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)
Ա­նի ­Թո­փա­լեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)
­Մատ­լէն Ա­ւա­գեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)
­Զե­փիւռ Էք­մէք­ճեան – ­Սու­րիա (­Հա­լէպ)
Ու­րա­խա­լի էր մեր այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցու­մը եր­կու խո­շոր կրթա­կան հա­մա­լիր­նե­րու՝ «Այբ» նո­րա­րա­կան դպրո­ցի եւ «­Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ար­հես­տա­գի­տա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն­նե­րուն եւ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հետ: Ան­մո­ռա­նա­լի զգա­ցում՝ երբ կը գի­տակ­ցինք, թէ մենք ալ, ­Զա­ւա­րեան դպրո­ցին մէջ «Այբ»ի նման ման­կա­վար­ժա­կան մե­թոդ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նինք, թէ­պէտ դպրոց­նե­րու նիւ­թա­կան պա­րա­գա­ներն ու տա­րած­քը շատ տար­բեր են: Ա­ռա­ջա­տար ի­րենց տե­սա­կով եւ ար­տա­քի­նով, բայց մի­ջու­կը նոյնն է:
Հ­րա­ժեշ­տի ե­րե­կոն ալ իր ջերմ, զա­ւեշ­տա­լի եւ յու­զա­կան մթնո­լոր­տով դեռ եր­կար պի­տի յի­շենք…