Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանին, ինչպէս բոլորս ալ գիտենք, հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Խորանները փակուած կ’ըլլան եւ տարբեր եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններ ու հոգեզմայլ շարականներ կը կատարուին ու կ’երգուին։ Բնականաբար, Թեսաղոնիկէի հայ համայնքը եւս, իր աւանդութիւնները պահելով, անմասն չի մնար սոյն արարողակարգներէն։
Առ այդ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանին, ամէն Ուրբաթ՝ երեկոները տեղի կ’ունենան Հսկումի Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւններ եւ Կիրակի առաւօտները՝ Արեւագալի Ժամերգութիւն, որոնց ընթացքին շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի գլխաւորութեամբ եւ կը կատարուին սաղմոսերգութիւն, շարական, քարոզ, մաղթանք, աղօթքներ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս սպասաւորներուն եւ ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի հայ հաւատացեալներուն։
Աւարտին, Հայր Սուրբին կողմէ կը կատարուին նաեւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Արեւագալի եւ հսկումի արարողութիւններ՝ Թեսաղոնիկէի մէջ