­Յու­նիս 12ի այս օ­րը ծնած է հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան եւ գծագ­րա­կան ա­րո­ւես­տի տա­ղան­դա­ւոր դէմ­քե­րէն Ա­րա ­Վա­ղի­նա­կի ­Պե­քա­րեան, ո­րուն ա­նու­նը ար­ժա­նա­ցած է մեծն ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի եւ մե­ծա­տա­ղանդ ­Յա­կոբ ­Կո­ջո­յեա­նի կող­քին՝ իբ­րեւ կրտսեր սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի յի­շա­տա­կո­ւե­լու պա­տի­ւին։
Իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­ղան­դով եւ մա­նա­ւանդ հան­րա­գի­տա­կան ճա­նա­չո­ղու­թեամբ, Ա­րա ­Պե­քա­րեան հան­դի­սա­ցաւ հայ­կա­կան կեր­պա­րո­ւես­տի մե­ծա­վաս­տակ ու­սու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը, ո­րուն յի­շա­տա­կին հայ­րե­նի մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ մը վեր­ջերս կա­րե­ւո­րու­թեամբ կ­’ընդգ­ծէր, թէ՝
«Այ­սօր մո­դա է՝ բո­լո­րը պրո­ֆե­սոր­ներ են, բայց այն ժա­մա­նակ նկար­չու­թեան մէջ կա­յին մի քա­նի պրո­ֆե­սոր­ներ, ո­րոն­ցից մէ­կը Ա­րա ­Բե­քա­րեանն էր»։
­Կեն­սագ­րա­կան ու­շագ­րաւ տո­ւեալ է, որ Ա­րա ­Պե­քա­րեան ծնած է Ա­ֆիոն ­Գա­րա­հի­սար (ներ­կա­յիս ­Թուր­քիա), ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն եր­կու տա­րի ա­ռաջ, քա­ղա­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ դա­սա­տու՝ վաս­տա­կա­ւոր ու­սու­ցիչ­ներ ­Պե­քա­րեան­նե­րու ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ։
­Հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ժլատ են հռչա­կա­ւոր նկա­րի­չի կեն­սագ­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թեանց վե­րա­բե­րեալ։ ­Ծա­նօթ է, որ 1932ին Ա­րա ­Պե­քա­րեան ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի «­Գե­ղարդ ­Տեխ­նի­կում»ը՝ Վ. ­Գայ­ֆէ­ջեա­նի եւ Ս. Ա­ռա­քե­լեա­նի մօտ։ ­Բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է ­Լե­նինկ­րա­տի ­Գե­ղա­րո­ւես­տի Ա­կա­դե­միա­յին մէջ, որ­մէ վկա­յո­ւած է 1939 թո­ւին։ Ան­մի­ջա­պէս զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած է խորհրդա­յին բա­նակ, ո­րուն շար­քե­րէն ներս ծա­ռա­յած է Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան՝ յատ­կա­պէս ­Ֆին­նա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ։
Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն եւ զօ­րաց­րու­մէն ետք, վե­րա­դար­ձած է ­Հա­յաս­տան եւ 1945էն մին­չեւ իր մա­հը՝ 1986ին, դա­սա­խօ­սա­կան պաշ­տօն ստանձ­նած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան-­Թա­տե­րա­կան Ինս­տի­տու­տի մէջ։ ­Հաս­ցու­ցած է գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու եւ գծագ­րիչ­նե­րու ամ­բողջ սե­րունդ մը։ 1945ին ար­ժա­նա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի «Ա­րո­ւես­տի ­Վաս­տա­կա­ւոր ­Գոր­ծիչ»ի կոչ­ման, 1964ին ստա­ցած է Փ­րո­ֆե­սո­րի տիտ­ղոս, իսկ 1965ին պար­գե­ւատ­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի «­Ժո­ղովր­դա­կան Ն­կա­րիչ»ի կո­չու­մով։
Ա­րա ­Պե­քա­րեան սկսած է նկա­րել շատ կա­նուխ տա­րի­քէն։ Ա­ռա­ջին ան­գամ իր գոր­ծե­րը ցու­ցադ­րո­ւած են 1930 թո­ւա­կա­նին, երբ հա­զիւ 17 տա­րե­կան էր։ Ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սով իր գոր­ծե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ե­րե­ւա­նի մէջ, 1947ին։ ­Նոյն­պէս ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սով հան­դէս ե­կած է ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ՝ 1964ին։ ­Կա­նո­նա­ւո­րա­բար մաս­նակ­ցած է հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու՝ ինչ­պէս Ե­րե­ւա­նի ու ­Մոս­կո­ւա­յի, նոյն­պէս եւ ար­տա­սահ­մա­նի տա­րած­քին, ար­ժա­նա­նա­լով ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րու եւ հան­րու­թեան գնա­հա­տան­քին ու ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան։
Իր ստեղ­ծած գոր­ծե­րուն լա­ւա­գոյն նմոյշ­նե­րը մնա­յուն ցու­ցադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած են ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Պատ­կե­րաս­րա­հին, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ­Ֆոն­դին ու ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ­Ֆոն­դին մէջ։ ­Մեծ է թի­ւը մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ պա­հո­ւող Ա­րա ­Պե­քա­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի։
­Գե­ղան­կար­չու­թեան կող­քին Ա­րա ­Պե­քա­րեան յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ իր ա­րո­ւեստն ու ժա­մա­նա­կը նո­ւի­րած է գիր­քե­րու ձե­ւա­ւոր­ման ու նկա­րա­զար­դու­մին։ ­Հայ դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան շարք մը գլուխ-գոր­ծոց­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մը կա­պո­ւած է Ա­րա ­Պե­քա­րեա­նի ա­նու­նին, ինչ­պէս Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի «Եր­կիր ­Նա­յի­րի»ն, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի «­Մե­ծա­պա­տիւ ­Մու­րաց­կան­ներ»ը եւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի «­Քաջ ­Նա­զար»ը։
Հռ­չա­կա­ւոր են Ա­րա ­Պե­քա­րեա­նի «­Վա­հան ­Տէ­րեան»ի դի­ման­կարն ու «Աշ­տա­րակ» եւ «Օ­շա­կան» կտաւ­նե­րը։
Ինչ­պէս խորհր­դա­յին լու­ծի տակ ստեղ­ծա­գոր­ծած իր սե­րուն­դին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, Ա­րա ­Պե­քա­րեան իր կար­գին տուրք վճա­րեց պոլ­շե­ւի­կեան վար­չա­կար­գի գով­քին։ ­Բայց միշտ ալ գտաւ ուժն ու ա­ռի­թը՝ իր մէջ վառ պա­հո­ւած ազ­գա­յինն ու ա­զա­տա­խո­հը կտա­ւին յանձ­նե­լու եւ սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան նե­րար­կե­լու իբ­րեւ ինք­նա­ճա­նաչ­ման կե­նա­րար ա­ւիշ։
­Գե­ղան­կա­րիչ Էդ­վարդ ­Վար­դա­նեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «­Նա մշա­կոյ­թի գի­տակ էր, հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին գի­տե­լիք­նե­րով լցո­ւած մարդ: Ն­կա­րիչ­նե­րի միու­թեան կէ­սից ա­ւե­լին ­Բե­քա­րեա­նի ձեռ­քի տա­կով է ան­ցել: Ս­տեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ են, նա գե­ղան­կար­չու­թեան ­Վա­հան ­Տէ­րեանն է: Ն­կար­նե­րը լա­ւա­տե­սա­կան են, գե­ղե­ցիկ, բա­րի, ազ­նիւ: ­Նա սի­րա­հա­րո­ւած էր իր աշ­խա­տանք­նե­րին, իր փոք­րիկ ­Հա­յաս­տանն ան­հա­մե­մա­տե­լի էր»:
Ազ­գա­յին տա­ղան­դա­ւոր ար­ժէ­քի պա­տո­ւան­դա­նին ար­ժա­նա­ցած հայ շնոր­հա­լի նկա­րի­չը վախ­ճա­նե­ցաւ 1986ի ­Յու­նիս 18ին, Ե­րե­ւան։