­Շա­բաթ՝ 3 ­Յու­նիս 2017ին ­Պոս­նիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Ju Jitsu մար­զա­ձե­ւի հա­մաեւ­րո­պա­կան ա­խո­յեա­նու­թեան մրցում­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին, Fighting System +21 տա­րե­կան տղոց դա­սա­կար­գին մէջ, Ա­րա ­Ճա­նի­կեան ա­ռա­ջին տե­ղը գրա­ւեց՝ տի­րա­նա­լով ոս­կէ շքան­շա­նին։ Ն­շենք, թէ այս ոս­կէ շքան­շա­նը ա­ռա­ջինն է, որ կ’ա­պա­հո­վէ այս մար­զա­ձե­ւի մար­զիկ մը՝ յու­նա­կան խում­բէն։
Ա­րա՝ 18 տա­րի ա­նընդ­հատ մար­զում­նե­րով եւ զրկանք­նե­րով, 25 ­Նո­յեմ­բեր 2016ին հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յեա­նու­թեան եր­րորդ դիր­քը գրա­ւե­լէ ետք, ­Շա­բաթ՝ 3 ­Յու­նի­սին հա­սաւ Եւ­րո­պա­յի ա­մէ­նէն բարձր աս­տի­ճա­նին, յու­նա­կան ո­գեր­գի հնչիւն­նե­րուն տակ ու­րա­խու­թիւն, գո­հու­նա­կու­թիւն եւ հպար­տու­թիւն պար­գե­ւե­լով իր ծնող­քին, իր մար­զի­չին եւ մեզ բո­լո­րիս։
Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ յա­ջո­ղու­թիւն՝ յա­ռա­ջի­կայ իր ծրա­գիր­նե­րուն։