Ա­րամ Ին­ճի­կեան (1910-1975).

Ա­րամ Ին­ճի­կեան (1910-1975). ­Մե­ծա­վաս­տակ գրա­կա­նա­գէ­տը եւ ե­րախ­տա­շատ ու­սու­ցի­չը Ն.

0
941

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­րօ­րեայ մե­ծար­ժէք զա­ւակ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի գրա­կա­նա­գէտ եւ բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ Ա­րամ Ին­ճի­կեան, ո­րուն ծննդեան 100ա­մեա­կը կը նշենք ­Դեկ­տեմ­բեր 29ին։
­Հայ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը մեր սե­րունդ­նե­րուն մատ­չե­լի դարձ­նե­լու, հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն գրող­նե­րուն կեանքն ու գոր­ծը ըստ ար­ժան­ւոյն ճանչ­նա­լու եւ գնա­հա­տե­լու աս­պա­րէ­զին մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի է ներդ­րու­մը Ա­րամ Ին­ճի­կեա­նի։
Ան ամ­բողջ կեանք մը նո­ւի­րա­բե­րեց հայ գրա­կա­նու­թեան ­Լոյ­սը վառ պա­հե­լու եւ տա­րա­ծե­լու ե­րախ­տա­շատ գոր­ծին։
Իր կեն­սա­գիր­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ անգ­նա­հա­տե­լի են Ա. Ին­ճի­կեա­նի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը հայ դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան ա­կա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու՝ ­Յա­րու­թիւն Ա­լամ­դա­րեա­նի, ­Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նի, ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեա­նի, Մկր­տիչ ­Պե­շիկ­թաշ­լեա­նի, Սմ­բատ ­Շա­հա­զի­զի, ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի, Ա­լեք­սանդր ­Ծա­տու­րեա­նի, ­Սիա­ման­թո­յի, ­Յով­հան­նէս ­Յով­հան­նի­սեա­նի, ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի եւ այլ մե­ծե­րու կեն­սագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րու եւ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց հա­ւաք­ման, ու­սում­նա­սիր­ման եւ գի­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան հա­մար խմբագ­րու­մի աս­պա­րէ­զին մէջ։
Ա­րամ Ին­ճի­կեան իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ կը ներ­կա­յա­նայ նաեւ իբ­րեւ մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թեանց եւ մարդ­կայ­նու­թեան օ­րի­նա­կե­լի մարմ­նա­ւո­րում մը, ո­րուն մա­սին դի­պուկ բնու­թագ­րում կա­տա­րած է ծա­նօթ բա­նա­սէր եւ գրա­կա­նա­գէտ ­Լե­ւոն ­Հախ­վեր­դեան՝ հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.-
«­Նա քնքշօ­րէն սի­րո­ւած էր ա­մէն­քից եւ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն. սի­րո­ւած էր իբ­րեւ գրա­կա­նու­թեան մաս­նա­գէտ եւ իբ­րեւ մարդ­կայ­նու­թեան մաս­նա­գէտ, իբ­րեւ խղճի ու խղճմտան­քի մարմ­նա­ցում իր ե՛ւ հա­սա­րա­կա­կան, ե՛ւ անձ­նա­կան կեան­քում։
Դ­ժո­ւար էր միայն ո­րո­շել, թէ ո­րի՞ մէջ էր ա­ւե­լի բարձր իր նկա­րագ­րով՝ գրա­կա­նու­թեա՞ն գի­տու­թեան, թէ՞ ա­ռա­քի­նու­թեան գի­տու­թեան մէջ։ ­Զուր չէ, որ նա Ի­սա­հա­կեա­նի սի­րե­լին էր, ­Վար­պե­տի ան­հա­մար բա­րե­կամ­նե­րի մէջ ա­մէ­նից սի­րե­լին»։
Ա­րամ Ին­ճի­կեան ծնած է 29 ­Դեկ­տեմ­բեր 1910ին, Ա­խալց­խա՝ ­Ջա­ւախք։
1929էն 1932, ե­ղած է ու­սու­ցիչ ­Գո­րի­սի եւ Ա­լա­վեր­դիի շրջան­նե­րուն մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ հե­ռա­կայ կար­գով ու­սա­նե­լով Ե­րե­ւա­նի ­Ման­կա­վար­ժա­կան Ինս­տի­տու­տի ­Լե­զո­ւագ­րա­կան ­Ֆա­կուլ­տե­տին մէջ։
1932ին ըն­դու­նո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալսա­րա­նի ­Լե­զո­ւագ­րա­կան ­Ֆա­կուլ­տե­տի եր­րորդ կար­գը եւ ա­ւար­տած է 1933ին։
1933էն 1934, հա­յոց լե­զու եւ գրա­կա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դած է Ա­խալց­խա­յի ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Տեխ­նի­կու­մի մէջ, միա­ժա­մա­նակ աշ­խա­տած է «­Դէ­պի ­Սո­ցիա­լիզմ» թեր­թի խմբագ­րու­թեան մէջ։
1934էն 1937, ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի թեկ­նա­ծո­ւա­կան բաժ­նին մէջ։
1937-1938ին, որ­պէս կրտսեր գի­տաշ­խա­տող, պաշ­տօ­նա­վա­րած է ­Պատ­մու­թեան եւ Գ­րա­կա­նու­թեան Ինս­տի­տու­տի մէջ։
1938էն 1940 ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւած է խորհր­դա­յին բա­նա­կին մէջ եւ մաս­նակ­ցած ֆին­նե­րի դէմ մղուած կռիւ­նե­րուն։
1941-1942ին, որ­պէս ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող, պաշ­տօ­նա­վա­րած է Խ.Ս.Հ.Մ. ­Գի­տու­թիւն­նե­րի Ա­կա­դե­միա­յի ­Հայ­կա­կան ­Մաս­նա­ճիւ­ղի ­Լե­զո­ւի եւ Գ­րա­կա­նու­թեան Ինս­տի­տու­տին մէջ։
1942ին դար­ձեալ զօ­րա­կո­չո­ւած է բա­նակ եւ մաս­նակ­ցած այս­պէս կո­չո­ւած «­Հայ­րե­նա­կան ­Մեծ ­Պա­տե­րազմ»ին:
Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք է, որ Ա­րամ Ին­ճի­կեան կրցած է ամ­բողջ թա­փով նո­ւի­րո­ւիլ գրա­կա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի։
1946ին, «Ա­րա ­Գե­ղե­ցի­կի ա­ռաս­պե­լը եւ նրա գրա­կան մշա­կում­նե­րը» նիւ­թով ա­ւար­տա­ճառ պաշտ­պա­նած է եւ ար­ժա­նա­ցած ­Բա­նա­սի­րա­կան ­Գի­տու­թիւն­նե­րի ­Թեկ­նա­ծո­ւի կո­չու­մի։
­Նոյն թո­ւա­կա­նէն սկսեալ աշ­խա­տած է Հ.Ս.Ս.Հ. ­Գի­տու­թիւն­նե­րի Ա­կա­դե­միա­յի ­Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի ա­նո­ւան Գ­րա­կա­նու­թեան Ինս­տի­տու­տին մէջ՝ իբ­րեւ ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող։
Իսկ 1958էն մին­չեւ իր վախ­ճա­նը 1975ին, ան ե­ղած է նոյն հիմ­նար­կի բնագ­րա­բա­նու­թեան բաժ­նի վա­րի­չը։
1970ին, «­Թու­մա­նեան. կեան­քը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պատ­մու­թիւ­նը. 1869-1899» նիւ­թով ա­ւար­տա­ճառ պաշտ­պա­նած է եւ ստա­ցած է ­Բա­նա­սի­րա­կան ­Գի­տու­թիւն­նե­րի ­Դոկ­տո­րի աս­տի­ճան։ ­Ռու­սե­րէն ա­ռան­ձին գիր­քով լոյս տե­սած է ա­նոր «Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան» մե­նագ­րու­թիւ­նը (Ե­րե­ւան, 1956)։
­Մաս­նակ­ցած է ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի, Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի, ­Պերճ Պ­ռո­շեա­նի, ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի, Մկր­տիչ ­Պե­շիկ­թաշ­լեա­նի եր­կե­րու գի­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թեանց՝ կազ­մե­լով ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րու բնագ­րերն ու ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րը: Աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծած է ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեա­նի ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նեան պատ­մո­ւածք­նե­րի շար­քը:
1975ին ար­ժա­նա­ցած է Հ.Ս.Ս.Հ. ­Գի­տու­թիւն­նե­րի Ա­կա­դե­միա­յի նա­խա­գա­հու­թեան վաս­տա­կագ­րին:
Իսկ 1980ին, յետ մա­հու, Ա­րամ Ին­ճի­կեան հռչա­կուե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ­Պե­տա­կան Մր­ցա­նա­կի դափ­նե­կիր՝ «­Հայ նոր գրա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւն» հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տու­թեան հա­մար։
­Հայ գրա­կա­նա­գի­տու­թեան մեծ ե­րախ­տա­ւո­րը վախ­ճա­նե­ցաւ 1975ի ­Մարտ 22ին։
Ինչ­պէս որ վախ­ճան­ման ա­ռի­թով իր ղե­կա­վա­րած հիմ­նար­կու­թեան մա­հա­խօ­սա­կա­նը կը հաս­տա­տէր՝
«…­Գի­տա­կան մեծ է­րու­դի­ցիան, մշտա­պէս ո­րո­նող միտ­քը, ընդ­հան­րա­ցում­նե­րի խո­րու­թիւ­նը, ա­նա­ղարտ բնա­ւո­րու­թիւ­նը, անձ­նա­կան հմայ­քը, մարդ­կա­յին բարձր նկա­րա­գի­րը — այս ա­մէ­նը Ա­րամ Ին­ճի­կեա­նին դա­սում են այն ե­զա­կի ան­հա­տա­կա­նութ­յուն­նե­րի շար­քը, ո­րոնց յի­շա­տա­կը եր­բեք չի ջնջւում ե­րախ­տա­պարտ ըն­թեր­ցող­նե­րի սրտից…»։
­Մե­ծա­վաս­տակ գրա­կա­նա­գէ­տին եւ ե­րախ­տա­շատ ու­սու­ցի­չին յի­շա­տա­կը միշտ վառ պա­հե­լու թող ծա­ռա­յէ Ա­րամ Ին­ճի­կեա­նի մա­սին հա­մա­ցան­ցէն վեր­ցո­ւած հե­տա­գայ յու­շի պա­տա­ռի­կը.-
«Երբ Ա­րամ Ին­ճի­կեա­նը ­Մեծ ­Հայ­րե­նա­կա­նի տա­րի­նե­րին յայտն­ւում է գե­րու­թեան մէջ, եւ շա­տե­րը յոյս չու­նէին որ նա կը վե­րա­դառ­նայ, մեծն Ի­սա­հա­կեա­նը գնում է ե­կե­ղե­ցի, մոմ է վա­ռում եւ ա­ղօ­թում է իր հո­գե­ւոր զա­ւա­կի՝ Ա. Ին­ճի­կեա­նի վե­րա­դար­ձի հա­մար:
«Ա. Ին­ճի­կեա­նի գե­րու­թիւ­նից փրկո­ւե­լուց եւ հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լուց յե­տոյ Դ. ­Դե­միր­ճեա­նը եւ Աւ. Իս­կա­հա­կեա­նը խնդրան­քով մօ­տե­նում են Հ.Խ.Ս.Հ. նա­խա­րար­նե­րի խորհր­դի նա­խա­գահ Ան­տոն ­Քո­չի­նեա­նին եւ միջ­նոր­դում, որ­պէս­զի Ա. Ին­ճի­կեանն ստա­նայ բնա­կա­րան:
«Ան­տոն ­Քո­չի­նեա­նը, ով ­Լո­ռիում ժա­մա­նա­կին ե­ղել է Ա. Ին­ճի­կեա­նի ա­շա­կեր­տը եւ իր մա­քուր հա­յե­րէ­նի հա­մար մշտա­պէս ե­րախ­տա­պարտ է ե­ղել իր ու­սուց­չին, ու­րա­խա­նում է, որ իր սի­րե­լի ու­սու­ցի­չը ողջ եւ ա­ռողջ վե­րա­դար­ձել է պա­տե­րազ­մից եւ ան­մի­ջա­պէս կար­գա­ւո­րում վեր­ջի­նիս բնա­կա­րա­նի հար­ցը:
«­Նաեւ այն մա­սին, թէ ինչ­պէ՛ս է Ա­րամ Ին­ճի­կեա­նի կի­նը՝ Ա­խալց­խա­յի նշա­նա­ւոր ­Նալ­բան­դեան­նե­րի տոհ­մի դուստր ­Մա­նի­կը, յետ-պա­տե­րազ­մեան ծանր շրջա­նում մի օր ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի հետ հիւր ե­կած Աւ. Ի­սա­հա­կեա­նին սո­վո­րեց­նում ու­տել ­Վար­պե­տի չսի­րած կար­միր լո­բին:
«­Յայտ­նի գրա­կա­նա­գէ­տի բազ­մա­թիւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քում նաեւ ­Թու­մա­նեա­նի կեան­քի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պատ­մու­թեան երկ­րորդ մա­սը (ա­ռա­ջին մա­սը՝ 1869-1899 թթ. ընդգր­կող հա­տո­ւա­ծը հրա­տա­րա­կո­ւել է 1969 թ.), ի­սա­հա­կեա­նա­գի­տա­կան եւ այլ ար­ժէ­քա­վոր գոր­ծեր դե­ռեւս ան­տիպ են»: