Երկուշաբթի՝ 6 Փետրուար 2017ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, այցելեց Որբերու Թանգարանը ու մօտէն ծանօթացաւ հոն տարուող աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց թանգարանը աւելի զարգացնելու ու կազմակերպելու: Թանգարանի հիմնադրութեան բարերարներն են տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ: Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետն է Ալեքքօ Պէզիքեան:
Ապա՝ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Թռչնոց Բոյն», ուր հանդիպում ունեցաւ խնամակալութեան ու տնօրէնութեան հետ: Հոս եւս Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ծանօթացաւ որբերու նկատմամբ տարուող խնամքին, տեղեակ դարձաւ նոր ծրագիրներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Թռչնոց Բոյն» եւ Որբերու Թանգարան