Իննիսունութ տարի առաջ՝ 29 Յունուար 1919ին, Երեւանի իր համեստ բնակարանին մէջ, մարմնապէս լրիւ հիւծած, բծաւոր տիֆէ վարակուած ու անկողնին գամուած, բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց ԱՐԱՄը, Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան վերականգնման հիմնադիրը։
Արամի մահով՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային-հասարակական ներքին միասնութիւնը պահպանած եւ հունաւորած յառաջապահ դրօշակիրէն։ Գաղափարապաշտ եզակի գործիչ մը, որ 1915ի Վանի հերոսամարտը յաղթանակով պսակելով եւ 1918ին նորանկախ մեր պետականութեան դարբինն ու հաստատակամ ոգին ըլլալով հանդերձ՝ դաշնակցականի իր նկարագրով եւ ազգի ու հայրենիքի անկեղծ զինուորի մղումով, Սարդարապատեան հերոսամարտները կերտած «Դիկտատոր»ի իր լիազօրութիւնները վար դրաւ եւ վարչապետ Յ. Քաջազնունիի գլխաւորած անդրանիկ կառավարութեան մէջ ստանձնեց ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը։
98 տարիներ անցած են Արամի տարաբախտ վախճանէն ասդին, բայց անոր լուսաւոր կերպարը, գաղափարական շունչը եւ հայրենակերտ գործը կը շարունակեն մեր սերունդները ներշնչել ու դաստիարակել՝ հայոց Ազգի, Հայրենիքի եւ Պետականութեան պաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու անվեհեր Յանձնառութեամբ։
Ինչպէ՞ս կարելի է ներշնչման աղբիւր չունենալ հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած Սերգէյ Յովհաննիսեանի լուսաւոր օրինակը, որ կրակի մկրտութիւնը դեռ նոր ստացած իբրեւ Արամ՝ հայ ժողովուրդի ազգային պայքարունակութեան պաշտամունքով, օրագրային իր գրառումներուն մէջ, պիտի պատգամէր.-
«Ես չէի կարողանում հասկանալ այն մեծ գաղտնիքը, այն մեծ ուժը, որ սովորական մարդկանց, շատ անգամ կրթութիւն չունեցողներին, գիւղացիներին, ստիպում էր տարիներ շարունակ անտրտունջ հանդուրժել այս տառապանքներին։ Մտաւորականների համար ասում էին իտէալն ու գաղափարականութիւնն է, իսկ միւսներին մնում էր ընդունել հայրենասիրութիւնը, որն ունէր եւ գաղտնի, անըմբռնելի ուժ՝ այդքա՜ն զոհաբերութիւններ վերցնող»։
Այդ մեծ գաղտնիքն ու անսակարկ Հայրենասիրութեան հրաշազօր ուժը մարմնաւորուեցաւ եւ վարակիչ դարձաւ Արամի անձով, գործով եւ շունչով։
Արամ Մանուկեան յիսուն տարեկանին հեռացաւ մեր աշխարհէն, բայց իր անունին կապեց այնպիսի՛ մեծագործութիւն, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ արդի ժամանակներու հայ ժողովուրդի ճակատը պայծառացնող լուսաւոր աստղերու ամէնէն ճառագայթող արժանաւորներէն մէկը։
Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ է, ծնած՝ 1879ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը։ Աւարտած է Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու խնդիր չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր անոր միտքն ու սիրտը։
1901ին, արդէն Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ ուղարկուեցաւ Բագու, ուր լծուեցաւ հայ պանդուխտ բանուորներու ազգային-յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքի՝ իր կարգին Երկիր անցնելու եւ ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով։ Բայց Բագուի Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։
Ի վերջոյ 1903ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու համար, բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները իրենց կարգին նախընտրեցին Կարս պահել մարդոց իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով առանձնացող երիտասարդ այս գործչին։
Արամ միայն տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին փուլը բարձրակէտի առաջնորդեց՝ Կարսի Սերգէյի հռչակով։
Արամի սիրտը Երկրին կապուած էր, սակայն։ 1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամի, որ անցնի Վան եւ հոնկէ Սասուն, բայց հասկնալիօրէն Վանը ամրօրէն փարեցաւ արդէն Արամ անունով ներկայացող դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։
Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային-քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։
Սկզբնապէս «պարոն Արամ» ճանչցուեցաւ եւ եկուոր նկատուեցաւ վանեցիներուն կողմէ՝ դաշնակցական ըլլան անոնք թէ արմենական։ Բայց ժամանակը շատ արագ վանեցիներու հարազատն ու առաջնորդը դարձուց ողջ էութեամբ Դաշնակցութեան հետ միաձուլուած այս գործիչին։ Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Դուրան-Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ «պարոն Արամ» տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։
Օսմանեան կառավարութեան աչքի փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով նայեցան Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակաշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։ Ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ գործ կատարեց Վանի մէջ։ Արամի ճիգերուն արգասիքը եղաւ 1915ին Վանի հայութեան միասնական՝ հերոսակա՛ն ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ան նշանակուեցաւ օսմանցիներէն իր անկախութիւնը նուաճած Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ՝ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան։
Յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։
1917ի իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 1919ի իր մարմնապէս հիւծումն ու մահը՝ Արամ Մանուկեան բառին ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան մարտունակ կամքին եւ հաւաքական ուժին խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։ Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։
Պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահուեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին։
Կենսագիրներու միահամուռ վկայութեամբ՝ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չտանէր Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան մեր ժողովուրդին ազգային-հասարակական ներքին շաղախը։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ ասպարէզ բացուած էր եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։ Այդ նկատառումով ալ ստանձնած էր Քաջազնունիի կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը։
Բայց ճակատագիրը ընդհատեց անոր կեանքը եւ անաւարտ թողուց անոր ձեռնարկած մեծ գործը։
Արամի յիշատակին ոգեկոչումը կ՚արժէ եզրափակել անոր Դերին եւ Տեղին կապուած հետեւեալ վկայութեամբ.
Արամի արժանաւորութեան խորագոյն համոզումը ունէր հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդին բացառիկ ներկայացուցիչներէն զօրավար Սիլիկեան՝ 1918ի Մայիսեան յաղթանակներուն ընդհանուր հրամանատարը։ Երբ 1917ի ձմեռնամուտին Թիֆլիսի մէջ բուռն քննարկումներ տեղի կ’ունենային ռուսական բանակին կողմէ լքուած հայ-թրքական սահմանին համար Զինուորական Վարիչի պաշտօնին յարմար թեկնածու գտնելու հարցին շուրջ, Արամի նշանակման ընդդիմացող եւ փոխարէնը իր անձնական թեկնածութեան վրայ պնդող շրջանակներուն զօր. Սիլիկեան կը պատգամէր.-
«Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին։ Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին համար։ Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու։ Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրդչակցելու՝ ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում. իսկ վարիչի պաշտօնը յանձն առնելու պարագայում, գրասենեակս տեղափոխելու եմ նրա մօտ։ Ոչ մի զինուորական վերարկու ո՛չ ոքի չի տայ այն՝ ինչ որ ունի Արամը»։
Այսօրինակ ազգային ղեկավար ու քաղաքական առաջնորդ էր Արամ եւ կենսագիրները միահամուռ կը վկայեն, որ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չկտրէր կեանքի թելը Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը՝ մեր ժողովուրդին ազգային-հասարակական միասնութեան եւ կենսունակութեան ներքին շաղախը։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ գործ կար տակաւին եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։
Արամ Մանուկեան 1879-1919
Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919). Հայաստանի անկախութեան կերտիչը, հայոց պետականութեան վերականգնման հիմնադիրը Ն.