Ըն­դա­ռա­ջե­լով պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան հրա­ւէր­նե­րու` Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ Գե­ղամ Արք. Խա­չե­րեա­նի, Ուր­բաթ՝ 25 Հոկ­տեմ­բեր 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։00ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Տի­միթ­րիոս» մայր տա­ճա­րին մէջ, մաս­նակ­ցե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Կի­րա­կի՝ 28 Հոկ­տեմ­բեր 2018ին, Յու­նաս­տա­նի պատ­մա­կան «ոչ»ի օ­րո­ւան հան­դի­սա­ւոր շքեղ ու փա­ռա­ւոր տո­ղանց­քին։
Տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէին յոյն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, Յու­նաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ՝ պրն. Փ­րո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լո­սը, պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձնա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ հա­զա­րա­ւոր յոյն եւ օ­տար հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը՝ յա­նուն Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան, շնոր­հա­ւո­րեց Թե­սա­ղո­նի­կէի Մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մոս Սր­բա­զանն ու Յու­նաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ՝ Պրն. Փ­րո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լո­սը՝ օ­րո­ւան տօ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ եւ մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն ու բա­րի ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ։
Սոյն տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր կող­քին կը գտնուէին Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. Փա­շա­յեան եւ Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դի Ա­տե­նա­պետ՝ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նը։