Ուր­բաթ՝ 11 Ապ­րիլ 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ։
Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան ներ­կա­յա­ցուց նոր վար­չու­թեանց ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ա­պա՝ ող­ջոյ­նի եւ բա­րի գալս­տեան խօս­քեր ուղ­ղեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով իր 10 տա­րո­ւան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ­Սե­լա­նի­կի հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թեան ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տէն ներս, հաս­տա­տեց՝ ը­սե­լով.- «­Սե­լա­նի­կը մեր սրտին ու հո­գիին մէջ մեծ տեղ եւ դեր ու­նի, ո­րով­հե­տեւ իր դրո­ւած­քով իւ­րա­յա­տուկ է որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն, եւ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը կը բե­րէ հա­մայն յու­նա­հա­յու­թեան կեան­քէն ներս…ե։ Ան յոր­դո­րեց շա­րու­նա­կա­կա­նօ­րէն պա­հե­լու այդ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ու մաս­նա­ւո­րա­բար Հ.Գ.Խ.ի ճամ­բով։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան յայտ­նեց, որ Հ.Օ.Մ.ի ըն­կե­րու­հի­նե­րը մեծ աշ­խա­տանք կը կա­տա­րեն ա­մէ­նու­րեք, յատ­կա­պէս ի­րենց կնո­ջա­կան լայն ու տա­րա­ծուն փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը կի­սե­լով ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին։
­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ող­ջու­նեց Հ.Գ.Խ.ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գտնո­ւող ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան «­Ծաղ­կո­ց» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նէն ե­կած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ շեշ­տեց՝ մայ­րե­նի լե­զուն ու ինք­նու­թիւ­նը պա­հել ա­նա­ղարտ ու ջինջ։
Ի վեր­ջոյ, ան իր օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խեց նոր վար­չու­թեանց ան­դա­մու­հի­նե­րուն եւ մաղ­թեց, որ նախ­կին­նե­րու թո­ղած աշ­խա­տան­քով շա­րու­նա­կեն ու ծա­ւա­լեն նոր գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ եւ, ժա­մա­նա­կի նոր պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան, ի­րե­րա­յա­ջորդ մեր ժո­ղո­վուր­դի նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­նե­րուն կա­րիք­նե­րուն հաս­նին։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­ճաշ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

Թղ­թա­կից