­Շա­բաթ՝ 24 ­Նո­յեմ­բեր 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11էն սկսեալ, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի, այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը, ուր դրան մուտ­քին դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան դպրո­ցի ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րու հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րով եւ աղ ու հա­ցի օրհ­նու­թեամբ եւ, ա­պա, դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեա­նին կող­մէ։ ­Ներ­կայ էին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ազգ. ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան այ­ցե­լե­լով ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն յոր­դո­րեց եւ օրհ­նեց՝ ը­սե­լով.- «­Ձեր մայ­րե­նի լե­զուն մա­քուր ու ա­նա­րատ պա­հե­ցէք, սոր­վե­ցէք հայ լե­զուն ու հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը եւ օգ­տա­գոր­ծե­ցէք զա­նոնք յատ­կա­պէս ու մաս­նա­ւո­րա­բար օ­տար­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով մեր պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը…»։ Իր կար­գին, պրն. Ա­տե­նա­պե­տը եւս քա­ջա­լե­րեց ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը եւ մաղ­թեց յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն ու բա­րի աշ­խա­տանք։ Ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր եւ ըն­կե­րա­կից հիւ­րե­րուն՝ ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն կող­մէ ե­ղան ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ։ Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը հե­տաքրք­րո­ւե­ցան դպրո­ցէն ներս տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րով եւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ինչ­պէս նաեւ՝ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը՝ ի­րենց նո­ւի­րեալ ու կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քին հա­մար։
Ի վեր­ջոյ, ի պա­տիւ հիւ­րե­րուն, տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ առ­նո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կի խմբան­կար։