Ե­րեք­շաբ­թի՝ 11 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8ին, յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան ժա­մա­նեց ­Գո­մո­թի­նի՝ մաս­նակ­ցե­լու Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նայ ­Հայ­րա­պե­տի տօ­նախմ­բու­թեան։

Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին Սր­բա­զան ­Հայ­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու հետ՝ բա­նա­խօ­սե­լու հա­մար ինչ­պէ՛ս կրնանք մեր հա­մայնք­նե­րը հզօ­րաց­նել եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը աշ­խու­ժաց­նել նիւ­թին շուրջ։

Ս­րա­հին մէջ ներ­կայ էին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, ­Գո­մո­թի­նիի ­թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեան եւ ամ­բողջ թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի կազ­մը, Հ.Օ.Մ.ի տեղ­ւոյն ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Թու­լա ­Խա­չատ­րեան եւ ան­դա­մու­հի­ներ, ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վար տիկ. ­Նէլ­լի Անտ­րէա­սեան եւ ան­դամ­ներ, մ­շա­կու­թա­յին ­միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Ժէ­նի ­Գա­սա­պեան եւ ան­դամ­ներ, միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի դա­սա­տու տիկ. ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեան, պա­րա­խում­բի ան­դամ­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ պա­տա­նի­ներ։

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում՝ Ս. ­Յա­կո­բի կեան­քէն դրո­ւագ­ներ։ ­Թատ­րո­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Գո­մո­թի­նիի ե­րի­տա­սարդ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը, բե­մադ­րու­թեամբ` ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի։

­Հինգ­շաբ­թի՝ 13 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին, ­Գո­մո­թի­նիի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Հի­ներ եւ նո­րեր» ա­նու­նով ծրա­գիր մը, ո­րու ըն­թաց­քին Սր­բա­զան ­Հայ­րը խօ­սե­ցաւ, թէ ի՛նչ պայ­ման­նե­րով մե­ծե­րը սկսած են ծա­ռա­յե­լու մեր ազ­գին, իսկ այ­սօր այդ փո­խան­ցու­մը ինչ­պէ՛ս պէտք է ըլ­լայ։ Որ­մէ ետք ա­ռիթ տրո­ւե­ցաւ փա­փա­քող­նե­րուն ար­տա­յայ­տո­ւե­լու եւ փոխանցե­լու ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւնը։

Ծ­րա­գի­րը վերջ գտաւ սրա­հին մէջ գտնո­ւող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ փոք­րիկ­նե­րուն խոստմ­նա­լից ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։

Ուր­բաթ՝ 14 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11ին, ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը այ­ցե­լեց ­Գո­մո­թի­նիի Ե­պիս­կո­պոս Աան­տե­լէ­միոս ­Մու­թա­ֆի­սի։

Սր­բա­զան ­Հօր կ’ըն­կե­րա­նա­յին Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Վրդ ­Սաղ­տը­ճեան եւ ­Գո­մո­թի­նիի շրջա­նի ­թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեան։

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին՝ շրջա­նի հա­յու­թեան նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին եւ գոր­ծակ­ցու­թեան բա­րի տրա­մադ­րու­թեան հա­մար։

­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը ­Մետ­րո­պո­լի­տին հայ­կա­կան խաչ­քա­րի փոք­րիկ նմոյշ մը նո­ւի­րեց՝ բա­ցատ­րե­լով խաչ­քա­րի նրբա­րո­ւեստ ո­ճին ընդ­մէ­ջէն հայ ժո­ղո­վուր­դի քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին ար­տա­ցո­լու­մը։

Իսկ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին «Ս, Գ­րի­գոր ­Լո­ւ­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ  մէջ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ ­Հայր ­Սուր­բը հա­ւա­քե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կող­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը խօ­սե­ցաւ ան­շա­հախն­դիր ծա­ռա­յու­թեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կո­ղի լրջու­թեան եւ ծան­րա­խո­հու­թեան մա­սին։

Ս. ­Յա­կո­բի տօ­նին ա­ռի­թով շուրջ մէկ շաբ­թո­ւան օ­րե­րու ըն­թաց­քին ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ շրջա­նիս ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը  հո­վո­ւա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին ­Գո­մո­թի­նիի ծխա­կան­նե­րուն տու­նե­րը եւ գոր­ծա­տե­ղի­նե­րը՝ յատ­կա­պէս տա­րեց ծխա­կան­նե­րուն, ա­նոնց յի­շեց­նե­լով, թէ ա­ռաջ­նոր­դա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մէջ հո­վո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կա­րե­ւոր մաս կը կազ­մէ։

Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր խօս­քին մէջ ը­սաւ.- «Իւ­րա­քան­չիւր հո­գե­ւո­րա­կա­նի նո­ւի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ըլ­լալ իր տա­րեց ան­դամ­նե­րու կող­քին՝ անհ­րա­ժեշտ հո­գա­ծու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րե­լու եւ օգ­տո­ւե­լու ա­նոնց հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թե­նէն», եւ շա­րու­նա­կեց՝ ը­սե­լով.- ­Հո­գե­ւո­րա­կա­նին ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն, հիմ­նա­կան նպա­տա­կա­կէ­տը եւ գոր­ծին ա­ռանց­քը մար­դուն ու­րա­խու­թիւն եւ ար­ժէք տալն է։

­Շա­բաթ՝ 15 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 12ին Սր­բա­զան ­Հայ­րը, ­Հայր ­Սուր­բը եւ մշա­կու­թա­յին ­միու­թեան ան­դամ­նե­րը մեկ­նե­ցան «Ա­յոս ­Նի­կո­լաոս» սրբա­վայ­րը, ուր Սր­բա­զան ­Հայ­րը հան­դիպում ու­նե­ցաւ վա­նա­կա­նի մը հետ, ո­րուն հետ խօ­սե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ վա­նա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին։