Եր­կու­շաբ­թի՝ 25 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ին, կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12:30ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Ա­թէն­քի եւ ­Հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Ե­րո­նի­մո­սին:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր կ­՛ըն­կե­րա­նա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ տիկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան եւ Ազ­գա­յին ­Թե­մա­կան ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեան, ինչ­պէս նաեւ՝ կրօ­նից դա­սի ան­դամ­ներ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան եւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սին, որ ­Յու­նաս­տան ժա­մա­նու­մին առ­թիւ իր եւ յու­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. ­Սի­նո­տին կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ղրկած էր Իղ­նա­թիոս ­Վար­դա­պե­տը, որ նաեւ ներ­կայ ե­ղաւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան անդ­րա­նիկ Ս. ­Պա­տա­րա­գին եւ սի­րոյ սե­ղա­նին։
­Նաեւ՝ փո­խան­ցեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րե­պե­տին եղ­բայ­րա­կան եւ սի­րա­լիր ող­ջոյն­նե­րը՝ յայտ­նե­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած խորհր­դա­ժո­ղո­վին յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած ըլ­լա­լով Ա­թէնք, պի­տի այ­ցե­լէ եւ ան­շուշտ կը փա­փա­քի նաեւ ան­ձամբ հան­դի­պիլ։ ­Ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու՝ ահ­րա­ժեշտ է ներ­կայ աշ­խար­հի այս պայ­ման­նե­րուն եւ զար­գա­ցու­մնե­րուն մէջ ըլ­լալ կողք կող­քի։
Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սը շնոր­հա­ւո­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ընտ­րու­թիւ­նը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց՝ յայտ­նե­լով, որ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին յա­ռա­ջի­կա­յին այլ բա­րե­պա­տեհ ա­ռիթ­նե­րով։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը նաեւ ներ­կա­յա­ցուց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, որ իր կար­գին նաեւ ներ­կա­յա­ցուց այ­ցե­լու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը։
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը Ար­քե­պիս­կո­պո­սին նո­ւի­րեց ­Հա­յաս­տա­նէն յա­տուկ կեր­պով բե­րած ա­րուե­տա­գէտ ­Գէորգ Ե­ղիա­զա­րեա­նի մէկ քան­դա­կը, զոր այս ա­ռի­թով ա­րո­ւես­տա­գէ­տը սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րած էր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին։
­Քան­դա­կը կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րու միջ­նա­դա­րեան ման­րան­կար­չու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցուած ՇԵՐԱՆԻԿ կո­չո­ւած մար­դու տի­պա­րը, որ ձուկ մը շալ­կած է եւ ո­րուն խորհր­դան­շա­կան ի­մաստն այն է, որ այդ մար­դը ձու­կով կը սնա­նի եւ ձու­կը կը խորհր­դան­շէ զՔ­րիս­տոս, հե­տե­ւա­բար՝ Ք­րիս­տո­սով սնա­նող մար­դուն կեր­պարն է։
Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պոս իր կար­գին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին ներ­կա­յա­ցուց ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. ­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի ար­ծա­թեայ պատ­կեր յու­շա­նո­ւէ­րը։