Յիսուս կը ծնի մսուրին մէջ։
Ինչո՛ւ։
Կը գրեմ ձեզի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ։
Այն տեղ՝ ուր ամէն տարի Յիսուսի ծնունդը կը յիշուի: Նախ՝ հովիւները, որոնք կը հետեւէին իրենց հօտին, ապա՝ Բեթղեհէմի հարեւանները եւ, վերջապէս, Արեւելքէն եկած երեք Մոգերը՝ «Իմաստուններ»ը, իրենց ամենաթանկարժէք նուէրները որպէս ոսկի խունկ եւ զմուռս նուիրած են Մանուկ Յիսուսի, որ փաթթուած է լաթերով ու զետեղուած՝ մսուրին մէջ:
Իմ հարցումս հետեւեալն է.- Յիսուս ծնած է մսուրի մեջ, քանի որ հիւրանոցին մէջ տեղ չկար, այլ նաեւ՝ երեւնալու մարդոց աչքերուն, յատկապէս այն հովիւներուն, որոնք այդ ժամանակ աղքատ էին, բայց խոնարհ եւ մաքուր սրտով, կամ՝ ա՛յլ պատճառներու համար:
Ընթերցողի յիշուած պատմութիւնները կը պատկանին Մանկութեան Աւետարաններու Մատթէոսի (Մոգերը) եւ Ղուկասի (հովիւները): Այն՝ ինչ որ մեզի փոխանցուած է, պարզ պատմութիւն մը չէ, այլ խոր հաստատութիւն հաւատքի մարդկութեան Աստուծոյ Որդիին, մենք կը ճանչնանք ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ։
Եթե Մատթէոս աւետարանիչ՝ խօսելով Մոգերու մասին, կը շեշտէ Աստուծոյ Որդիին յայտնութիւնը օտարներուն, որոնք ուսումնասիրած են Ստեղծագործութեան Գիրքը եւ, առաջնորդուելով աստղին կողմէ, անոնք գտած են յայտնութիւնը խորհրդաւոր ծննդեան, որ արդէն յիշուած է Իսրայէլի ժողովուրդի սուրբ գրութիւններուն մէջ։
Իր հերթին Ղուկաս աւետարանիչը պատմած է Որդիին յայտնութիւնը աղքատներուն, որոնց ներկայացուցած են հովիւները:
Աւետարանը կ՛ըսէ.- «Մինչ այնտեղ կը գտնուէին, Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ որդին, փաթթեց խանձարուրներով ու դրաւ մսուրին մէջ, որովհետեւ իջեւանի մէջ տեղ չկար իրենց համար։ Այն կողմերը հովիւներ կային, որոնք բացօթեայ կ՛ապրէին դաշտերու մէջ եւ գիշերը իրենց հօտերուն պահպանութիւն կ՛ընէին։ Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոնց, Տիրոջ փառքը շրջապատեց զանոնք եւ սաստիկ վախցան։ Հրեշտակը ըսաւ անոնց.- «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ պիտի աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ բոլոր ժողովուրդինը։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է։ Ասիկա ձեզի նշան մը թող ըլլայ. պիտի գտնէք մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրին մէջ» (Ղուկաս 2: 6-12):
Մենք կը խօսինք Բեթղեհէմի մասին այն ժամանակ, երբ «Օգոստոս Կայսրի կողմէ հրամանագիր մը ելաւ, մարդահամար ընելու ամբողջ աշխարհի վրայ։ Այդ առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ, երբ Կիւրենիոս կուսակալ էր Սուրիոյ։ Ամէնքը կ՛երթային մարդահամարի, իւրաքանչիւրը իր քաղաքը։ Յովսէփ Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքէն մեկնեցաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթի քաղաքը՛ Բեթհեղէմ, որովհետեւ Դաւիթի տունէն ու սերունդէն էր, արձանագրուելու համար իր կնոջ՛ Մարիամի հետ, որ յղի էր։» (Ղուկաս 2: 1-5):
Այդ ժամանակուան հռոմէական իշխանութեան նախաձեռնութիւնը, որ մարդահամար պատուիրած էր՝ հաւանաբար վարչական պատճառներու համար, առաջնորդեց սուրբ Յովսէփը եւ Մարիամ կոյսը դէպի Դաւիթի քաղաքը՝ Բեթղեհէմ: Սուրբ Աւետարանը պարզապես կ՛ուզէ ըսել մեզի, թէ Յիսուսի ծնունդը տեղի ունեցած է տարածքի վրայ, որ կարելի է գտնել զայն, փորագրուած ժայռի մը մէջ։ Իրականութեան մէջ, գիւղական սենեակ մըն է, որ կը գտնուի ներս, տուն մըն է՝ փորագրուած ժայռի մէջ, կարող է նաեւ ըլլալ տարածք մը, ուր պէտք է զետեղել կենդանիները որոշ պարագաներու մէջ եւ այլն, հոն մսուր կայ. սակայն Աւետարանը բան մը չ’ըսեր էշի, կովու կամ այլ անասուններու մասին:
Նոյնն ալ մսուրը յայտնուած է հովիւներու աւետման մէջ որպէս արտակարգ նշան իրադարձութեան՝ «Այս նշանը ձեզ համար»: Դուք կարող էք գտնել, նորածին խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ պառկած», եւ ապա ինչպէս իրենք կարող են տեղի ունենալ: «Անոնք անմիջապէս գացին եւ գտան Մարիամ Կոյսը, Սուրբ Յովսէփը ու մանուկը պառկած»:
Ուրեմն՝ արտակարգ ծնունդ մըն է, որ սակայն չի կայանար տեղ մը պատերով շրջապատուած՝ ըստ այդ ժամանակուան հզօրներու սովորութեան, քանի որ ինքն Յիսուս ըսած է Յովհաննես Մկրտիչին մասին.- «Գացիք ի՞նչ բան տեսնելու. շքեղ հագուստներ հագած մա՞րդ մը։ Շքեղ հագուստներ կրողները թագաւորներու ապարանքներու մէջ են։ (Մատթ. 11.8). այս ծնունդը տեղի ունեցած է պարզ հասարակութեան մը մէջ, անկախ իրենց անձնական արժանապատուութենէն:
Եթէ Մատթէոսի աւետարանը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս օտարները դիմած են նորածին Մանուկին որպէս հրեաներու թագաւորի,Ղուկասի աւետարանը ասիկա վերջաւորութեան կը դնէ, քանի որ մարգարէն ըսած է անոր մասին՝ յայտարարուած Մեսիայի «Տիրոջ հոգին վրաս է, որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց՝ քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն, գերիներուն՝ աւետելու ազատութիւն, կոյրերուն՝ աչքի լոյս, հարստահարուածներուն՝ ազատութիւն» (Ես. 61.1-2։ Ղուկաս 4.18)։ Այդպէսով՝ Յիսուս կը պատասխանէ պատուիրակներուն Յովհաննէս Մկրտիչի.- «Գացէ՛ք եւ պատմեցէ՛ք Յովհաննէսին ինչ որ տեսաք եւ լսեցիք. ահաւասի՛կ կոյրերուն աչքերը կը բացուին, կաղերը շիտակ կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՛առնեն եւ Աւետարանը կը քարոզուի աղքատներուն։» (Ղուկաս 7.22-23):
Օրհնեալ է Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը։ Սուրբ եկեղեցին՝ որ սիրով ու կարեկցութեամբ կը գրկէ բոլորը, նոյնիսկ անհաւատները, կը հրաւիրէ ձեզ բանալու ձեր սրտերը Աստուծոյ առջեւ, առանց որուն չկան երջանկութիւն եւ փրկութիւն։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ…
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս։
Հայր Յովսէփ Թ.Ծվ. Պէզազեան
Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ