Պարէտ քհնյ. Խաչերեան
Կեանքը դպրոց է եւ մարդը աշակերտ, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը։
Այս խորիմաստ տողը դարերու ճամբորդութիւն կատարող ուղեւոր մըն է, որ վերջնական կայան չունի։ Քանզի ան խօսք կամ գաղափար ըլլալէն անդին, աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող հաստատ իրականութիւններէն եւ անխուսափելի պարտաւորութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Աշակերտիլ կը նշանակէ սորվիլ ու պատրաստուիլ նպատակի մը համար։ Եւ որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէն բան յարատեւ նորութեան ու ձեւափոխութեան կ’ենթարկուի, մարդը ուրեմն պէտք է միշտ աշակերտի։
Տունը իւրաքանչիւր պատանիին առաջին ու հիմնական դպրոցն է, իսկ ուսուցիչը՝ ծնողքն է բնականաբար կամ պարտադրաբար։ Այդտեղ զաւակը կ’աշակերտի իր հօր ու մօր եւ կ’ստանայ, աւելի ճիշդը՝ պէտք է ստանայ ընտանեկան դաստիարակութիւն։ Այսինքն յարգանք մեծերուն, քաղաքավար վերաբերմունք, ճշմարտախօսութիւն, կարգ ու կանոն եւայլն։ Եւ այդ դպրոցը տարեշրջան չունի։ Զաւակ մը որքայն մեծանայ ու չափահաս դառնայ, կը շարունակէ մնալ իը ծնողքին փոքրիկը եւ աշակերտը։
Այստեղ ծնողքին բարոյական պարտաւորութիւնը յատկապէս շեշտուեցաւ, որովհետեւ շատերու մօտ պարտականութեան գիտակցութիւնը ժամանակի ընթացքին կը թուլանայ եւ կամ անտարբերութիւնը կը զօրանայ։ Անոնք զաւակներու դաստիարակութիւնը կը վստահին մեծ հայրիկին ու մեծ մայրիկին, խնամատար տիկնոջ եւ վերջաւորութեան Աստուծոյ։
Պատանին աշակերտ է նաեւ դպրոցին մէջ։ Ահաւասիկ այլ վայր մը, ուր նոյն փոքրիկը դարձեալ աշակերտի տարազ կը հագնի։ Հոն գիտութեան ու զարգացման վայրն է։
Մեր զաւակները կը յաճախեն դպրոց ու կը սորվին մի քանի լեզուներ, պատմութիւն, թուաբանութիւն, քիմիագիտութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլ նիւթեր։ Ետքը համալսարանի մակարդակի վրայ, անոնք իրենց մասնագիտութիւնը կը սորվին ապա աշխատանքի կը լծուին։ Ուրեմն առանց աշակերտելու չկայ ուսում, վկայական եւ աշխատանք։
Դպրոցական ժամանակաշրջանէն ետք, երիտասարդը աշակերտ կը դառնայ իր գործին մէջ եւս։ Ահաւասիկ աշակերտելու յաջորդական նոր հանգրուան ու վայր մը։ Ոեւէ մէկ արհեստի կամ արուեստի եւ կամ մասնագիտութեան մէջ, վկայեալ երիտասարդը հարկադրաբար կը հետեւի փորձառու մարդոց, որոնց ընդհանրապէս վարպետ կը կոչենք։ Նոր վկայեալ բժիշկը, գործողութեան պարագային նախ կը հետեւի վարպետ բժիշկին։ Նոր հաշուապահ մը կը հետեւի իր վարպետին։ Նոյնն է պարագան փաստաբանին, օդաչուին եւ այլ մարզերէ ներս։ Փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար պէտք է վարպետին հետեւիլ։
Աշակերտելու կեանքը գեղեցիկ է ու յիշատակելի իր դէմքերով ու դէպքերով։ Այդ կեանքը դաստիարակութեան, զարգացման ու յառաջդիմութեան որպէս շարունակութիւն, ունի նաեւ զգացական լուրջ ու ազդեցիկ իր պահը։ Շատ անգամներ ականատես կը դառնանք կամ կը լսենք, թէ երիտասարդներ իրենց յաջողութիւնը կը պարտին ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ վարպետներուն։ Առաւել եւս, անոնք մեծապէս երախտապարտ կ’զգան ու շնորհակալ կ’ըլլան այդ մեծերուն հանդէպ։ Կարելի չէ չափել կամ կշռել այս գեղեցկութիւնն ու ապրումը։
Մարդը աշակերտ է նաեւ Քրիստոսի։
Այս միտքը վստահաբար ոմանց զարմանք պիտի պատճառէ, ուրիշներու նեղութիւն եւ այլոց ծիծաղ։
Երբ Քրիստոսի աշակերտ բառը կը լսենք, գրեթէ բոլորի միտքերը կ’ուղղուին դէպի պատմութիւն եւ կը կեդրոնանան Քրիստոսի տասներկու աշակերտներուն շուրջ։ Իսկ ոմանք, որոնք յաւելեալ տեղեկութիւն ունին Ս. Գիրքէն, պիտի յիշեն նաեւ եօթանասուն երկու աշակերտները եւ ուրիշներ։
Քրիստոս առաքուեցաւ աշխարհ մարդը փրկելու համար մեղքերէն։ Ու այդ նպատակը չիրագործուեցաւ միայն հրաշագործութեամբ, այլ յատուկ ուսուցումով, զոր կոչուեցաւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Պատուիրաններու ճամբով ժողովուրդին պարկեշտ կեանք մը ապրելու խորհուրդը փոխանցեց։ Մարդկային ու բարոյական արժանիքները վերակենդանացուց։ Ան բոլորին ուսուցանեց, բայց ճամբու ընտրութիւնը ազատ թողեց։ Բռնի կերպով հետեւորդներ չունեցաւ երբեւիցէ։ Ուրեմն երբ կ’ըսուի Քրիստոս ուսուցանեց, կը նշանակէ մարդիկ Անոր աշակերտները դարձան։ Այդ պատճառով Ան կոչուեցաւ նաեւ Մեծ Ուսուցիչ։
Քրիստոս ընտրեց տասներկու անձեր, որպէս իրեն անմիջական օգնականներ։ Անոնք առաջին իսկ օրէն կոչուեցան աշակերտներ, որովհետեւ Քրիստոս նախ անոնց ուսուցանեց երկնային վարդապետութիւնը։ Առաւել եւս անոնց պատրաստեց, որպէսզի Իր յարութենէն ետք անոնք ստանձնեն եւ շարունակեն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը։ Աւելի վերջ, անոնք եւս ունեցան իրենց աշակերտները թիւով եօթանասուն երկու։ Որմէ ետք անոնք ունեցան իրենց աշակերտները։ Եւ այսպէս, Քրիստոսի աշակերտելու հաւատքը ու պատրաստուելու կոչումը դարեր շարունակուեցաւ եւ աշակերտներուն թիւը աճեցաւ ու բազմացաւ։
Իւրաքանչիւր մարդ աշակերտ է Քրիստոսի։ Այս հասկացողութիւնը ուսուցման կողքին ունի նաեւ իր յարակից բացատրութիւնը։
Քրիստոս մարդ արարածին կը պարգեւէ ամենաթանկագին նուէրը որ կը կոչուի կեանք։ Ո՞վ կրնայ ինքզինքին կեանք տալ կամ ապահովել։ Ոեւէ մէկը։ Եւ մարդ ամէն ձեւով զգոյշ կ’ըլլայ իր կեանքին։ Կը հոգայ բծախնդրօրէն որպէսզի կեանքը լաւ ընթանայ։ Առաւել եւս կը յուսայ, թէ այդպիսով կեանքի տեւողութիւնը եւս կ’երկարի։ Հետեւաբար իւրաքանչիւր մարդ իր ծնունդով արդէն աշակերտ կը դառնայ իրեն հոգի ու շունչ պարգեւող Արարչին՝ Քրիստոսի։ Առաւել եւս, աշակերտելով ան իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Տիրոջ։
Մարդու ծնունդէն ետք կու գայ ուսուցման հանգրուանը՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը։ Ս. Աւետարանին մէջ բազմաթիւ անգամներ կը հանդիպինք «Յիսուս ժողովուրդին կ’ուսուցանէր» տողին։ Շատեր սոյն պատկերը կը տեսնեն կրօնական հասկացողութեան սահմաններուն մէջ միայն։ Բացարձակապէս սխալ է այս տեսութիւնը եւ մօտեցումը։ Քրիստոսի ուսուցանած ճշմարտախօսութիւնը, ծնողքի հանդէպ յարգանքը, արդարութիւնը, աշխատասիրութիւնը, օգնութիւնը, ներողամտութիւնը եւ այլ յատկանիշներ մարդուն նկարագիրը կը յղկեն ու մարդը կ’արժեւորեն։ Հետեւաբար ո՞ւր է կրօնական երեսը այս յատկութիւններուն։ Յիսուս կը պատուիրէ չգողնալ, ուրիշին ունեցածին վրայ աչք չդնել, չնախանձիլ, չսպաննել եւայլն։ Եւ դարձեալ հարց կու տամ. ո՞ւր է կրօնական երեսը այս պատուիրաններուն։ Չար մարդիկ որոնք գոհ են իրենց ընթացքէն, ինչպէս նաեւ փախուստ տալու համար ճշմարտութենէն, կրօնական տարազ կը հագցնեն Քրիստոսի ուսուցման ու Անոր աշակերտներուն։
Քրիստոնէական վարդապետութիւնը աշխարհատարած դպրոց մըն է, որուն դռները բաց են բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին աշակերտիլ։ Եւ այդ դպրոցին հիմնական դասագիրքը Ս. Աւետարանն է, զոր պարզ գիրք մը չէ։ Այլ Քրիստոսի աշակերտներէն՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի կողմէ գրուած գիրք։ Չորս սուրբերու կողմէ գրուած Սուրբ գիրք, որ թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու։ Եւ կրնանք հաստատել, թէ ամենաշատ թիւով տպագրուած գիրքն է ան։
Ինչպէս առօրեայ դպրոցներուն պարագային, այս դպրոցը եւս ունի իր գերագոյն նպատակը։ Ուսուցում եւ պատրաստութիւն։ Մեր Տէրը Քրիստոս, տասներկու եւ մնացեալ իր բոլոր աշակերտներուն, այսինքն հաւատացեալ ժողովուրդին ուսուցանելէ ու պատրաստելէ ետք, անոնց յատուկ առաքելութեան ղրկեց պատուիրելով. «Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։ Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք»։ Ուրեմն ամէն մէկ աշակերտ, այս աշխարհի վրայ Քրիստոսի կողմէ յանձնուած առաքելութիւն մը ունի։ Ինչպէս բժիշկը ուսումէն ետք հիւանդներ կը բժշկէ ու կը փրկէ, այնպէս ալ Քրիստոսի աշակերտները, քրիստոնէական դաստիարակութենէն ետք պարտականութիւն ունին մոլորուածները գտնելու, չարերը դարձի բերելու եւ սէր տարածելու։ Այլ խօսքով, զանոնք դարձեալ Քրիստոսի աշակերտները դարձնելու։
Այն պահէն երբ մենք մեր աչքերը կը բանանք, ինքնաբերաբար Քրիստոսի աշակերտները կը դառնանք։ Հարկ է սակայն, հաստատ մնալ քրիստոնէական դաստիարակութեան կանոններուն ու շարունակել Մեծ Ուսուցիչին առաքելութիւնը։