­Յու­նա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի մը ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը՝ իր դաս­տիա­րակ­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով զբա­ղե­լու եւ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը ար­մա­տա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով նոր դեր մը տո­ւած է՝ իր ուս­ման զու­գա­հեռ տար­բեր զբա­ղում­նե­րով ալ պա­րա­պե­լու: Այդ զբա­ղու­մը ուղ­ղա­կիօ­րէն կը յատ­կան­շո­ւի շար­ժա­պատ­կե­րա­յին ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նկա­րա­հա­նում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, յայտ­նա­բե­րե­լու ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող այլ ազ­գու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւնը, ա­րո­ւես­տի ու քա­ղա­քակր­թու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ ու յայտ­նա­բեր­մամբ։
Ա­շա­կեր­տու­թեան այս ազ­նիւ նպա­տա­կի ի­րա­գործ­ման հա­մար ա­պա­հո­վո­ւած է ­Յու­նաս­տա­նի «Իո­նիօ» հա­մալ­սա­րա­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը եւ կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան թոյլ­տո­ւու­թիւնն ու սահ­մա­նա­փակ նիւ­թա­կան ներդ­րու­մը։
Եւ այս­պէս, լու­սան­կար­չա­կան ու վի­տէօի ոսպ­նեա­կը լայն բա­ցած, յա­տուկ լու­սար­ձակ­նե­րով ու ձայ­նա­գիր սար­քե­րով նախ նիւ­թը կ­‘ընտ­րո­ւի, ա­պա տե­ղի կ­‘ու­նե­նան շփում­ներն ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ա­պա այ­ցե­լու­թիւն­ներն ու նպա­տա­կի ի­րա­գոր­ծումն ու գո­րծադ­րու­թիւ­նը։ ­Նէա Զ­միռ­նիի «Էս­թիա» վար­ժա­րա­նի այս գոր­ծով լիա­զօ­րո­ւած ա­շա­կեր­տա­կան «աշ­խա­տա­նո­ցը», գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րենց ու­սու­ցիչ­ներ պրն. ­Փեթ­րօ ­Մու­յո­սի եւ բա­նա­սէր տի­կին ­Տես­փի­նա ­Պա­քիր­ծիի, ան­ցեալ տա­րի պատ­րաս­տե­ցին կար­ճա­մեթ­րաժ ժա­պա­ւէն մը (10 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ) եւ տաս­նեակ այլ վար­ժա­րան­նե­րու հա­ման­ման փա­ռա­տօ­նի մը մաս­նակ­ցե­լով ա­ռաջ­նու­թեան տի­րա­ցան։ Ի­րենց ընտ­րած նիւ­թը ­Յու­նաս­տա­նի հրէա­կան հա­մայն­քի պատ­մու­թիւնն էր։ (­Յու­նաս­տա­նի մէջ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցո­ւած եր­կու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին՝ հրէա­կա­նը եւ 1923ի ­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րի հի­մամբ՝ յոյն քա­ղա­քա­ցի, կրօն­քով մահ­մե­տա­կան­նե­րը)։
Ի­րենց աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լով հրէա­կան նիւ­թին շուրջ, 2017ի ա­ւար­տին պատ­րաս­տե­ցին հրէա­կան ող­ջա­կի­զու­մին (­Հո­լո­քոսթ) մա­սին աշ­խա­տու­թիւն մըն ալ։
2018ի աշ­խա­տան­քը՝ խմբա­կին թե­լադ­րո­ւած է «Էս­թիա»ի վար­ժա­րա­նը յա­ճա­խող հայ ա­շա­կերտ­նե­րու կող­մէ։
Եւ այս­պէս, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 14 ­Փե­տա­րո­ւա­րին աշ­խա­տանք տա­րո­ւե­ցաւ եր­կու տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամ­բը ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի, որ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն գլուխ հա­նեց այս քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քը: ­Նոյն օ­րը, այ­ցե­լու­թիւն տրո­ւե­ցաւ ­Կո­մի­տէու­թեան ե­րէց ըն­կեր­նե­րէն ­Պերճ ­Գու­յում­ճեա­նի բնա­կա­րա­նը, ուր կէս ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ շատ հե­տաքրք­րա­կան հար­ցազրոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ, յու­նա­հայ գա­ղու­թի կեն­սագ­րու­թեան շուրջ։
­Մեր ըն­կե­րը լայ­նօ­րէն անդրադարձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կի, ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քին ու դե­րին, իր ըն­տա­նե­կան տա­րագ­րու­թեան, որ ­Կի­լի­կիա­յէն (­Սիս) ար­մա­տա­խիլ ըլ­լա­լով ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ ­Յու­նաս­տան հաս­տատ­ման, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տին յա­ջոր­դող տաս­նա­մեակ­նե­րուն յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­ւա­քա­կան կազ­մա­ւոր­ման (ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ-վար­ժա­րան, ե­կե­ղե­ցի — մա­մուլ — կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, միու­թիւն­ներ, ե­ւայլն), հայ գաղ­թա­կա­նի դի­մա­գի­ծին, յու­նա­կան հպա­տա­կու­թիւ­նը հա­յե­րուն ստանձ­նե­լու գոր­ծըն­թա­ցին, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի հա­կա­թուրք պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին, ­Հա­յաս­տա­նէն ­Յու­նաս­տան վեր­ջին 25 տա­րի­նե­րուն հաս­տա­տո­ւած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կին, հա­յոց լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թեան։
­Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի միջ­նեկ­նե­րու «­Նա­նօր» պա­րա­խում­բի հետ հան­դի­պու­մը «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ։
­Հայ­կա­կան տա­րազ­նե­րով աղջ­նակ­ներ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ պա­րու­սոյց Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի հան­դէս ե­կան 3 պա­րե­րով՝ «­Մենք ենք մեր սա­րե­րը», «­Շա­տալ­խու» եւ ժո­ղովր­դա­յին պար մը։ ­Պա­րու­սոյ­ցը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ հայ­կա­կան պա­րե­րու խորհ­րդան­շա­կան շար­ժում­նե­րու եւ տա­րազ­նե­րու մա­սին, ո­րոնք մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ ըն­կա­լո­ւե­ցան նկա­րա­հա­նող խմբա­կին կող­մէ։
Մ­շա­կոյ­թը մեծ դեր կը խա­ղայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քին մէջ, քա­նի ան ու­նի փո­խանց­ման իր նկա­րա­գիրն ու ճա­նա­պար­հը ի­րար կա­պե­լով ան­ցեա­լը՝ ա­պա­գա­յին։ ­Հայ մշա­կոյ­թը հայ հար­դու ան­փո­խա­րի­նե­լի ըն­կե­րը եւ ներշնչ­ման աղ­բիւր է։ Իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւն սկսո­ւած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ գի­տե­լիք­նե­րու պա­րապ մը գո­ցե­լու մտադ­րու­թեամբ՝ յօ­ժա­րա­կա­մօ­րէն ծրագ­րո­ւե­ցաւ Ապ­րիլ 24ի ա­ռի­թով ի­րենց վար­ժա­րա­նին մէջ ցու­ցադ­րել պատ­րաս­տո­ւած ժա­պա­ւէ­նը ու յա­ջոր­դա­բար հայ մշա­կոյ­թի նիւ­թով դա­սա­խօ­սու­թիւն-զրոյց մը ու­նե­նալ ա­շա­կեր­տու­թեան ու ի­րենց դաս­տիա­րակ­նե­րուն հետ։
Ն­կա­րա­հա­նող խմբա­կը՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թին հա­մար ամ­բող­ջա­կան պատ­կեր մը ու­նե­նա­լու հա­մար հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նախ «Ա­զատ Օր»ի, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, ­Ֆիք­սի մեր վար­ժա­րան­նե­րուն հետ, ներ­կայ ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի Հ. Կ. ­Խա­չի պա­զա­րի (ման­թըի) պատ­րաս­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ յա­րա­կից այլ կա­ռոյց­նե­րու հետ զրոյց­ներ ու­նե­ցաւ։ ­Խօ­սող­նե­րու կար­գին՝ յոյն պատ­մա­գէտ Վ­լա­սիս Աղ­ծի­տիս, «Ա­զատ Օր»ի տնօ­րէն ընկ. ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեան: Ե­լոյթ ու­նե­ցած է նաեւ տու­տու­կա­հար ­Վար­դան Ա­բո­վեան: ­Ցու­ցադ­րո­ւած պատ­մա­կան լու­սան­կար­նե­րը տրա­մադ­րո­ւած են «Ար­մե­նի­քա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­թեր­թի ար­խի­ւէն: ­Հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը՝ հա­ւա­տալ է, որ մեր դա­տին հա­մար ա­մէն օր շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կայ։

Թղ­թա­կից