ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ — «Աս­պա­րէզ»

Եր­կի­րը իբ­րեւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի մէկ յայ­տա­գի­րը կա­ռա­վա­րել փոր­ձող ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փին հա­մար, մէկ շա­բաթն իսկ բա­ւա­րար ե­ղաւ ցոյց տա­լու, թէ ան միայն մա­կե­րե­սա­յին կեր­պով ծա­նօթ է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պատ­մու­թեան եւ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան, կամ ալ՝ նման «ման­րուք»նե­րով հե­տաքրք­րո­ւե­լու ժա­մա­նակ չու­նի ան:
Ար­դա­րեւ, իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին քա­նի մը օ­րե­րուն, իր երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ հա­մա­կիր­նե­րու փոք­րա­թիւ ներ­կա­յու­թիւ­նը ար­դա­րաց­նե­լու ճղճիմ հա­շիւ­նե­րով զբա­ղե­լէ եւ «այ­լընտ­րան­քա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն»ներ ար­տադ­րե­լու ժա­մա­վա­ճա­ռու­թե­նէն ետք, ան երկ­րին հրա­տապ հար­ցե­րը, նե­րա­ռեալ տնտե­սա­կա­նը, լու­ծե­լու փո­խա­րէն՝ ան­ցաւ ա­ռանց ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ա­պա­հո­վագ­րու­թեան ապ­րե­լու պար­տադ­րո­ւած 20-30 մի­լիոն ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն նոր ստա­ցած ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն­նե­րը ետ խլե­լու ա­նի­մաստ եւ վնա­սա­կար ար­շա­ւին, ա­ռանց այ­լընտ­րանք մը ներ­կա­յաց­նե­լու, եւ հրա­հան­գեց աշ­խա­տան­քի սկսիլ կեն­սո­լոր­տին վնաս պատ­ճա­ռող քա­րիւ­ղա­տար­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն վրայ:
Իր ամ­բո­խա­վա­րա­կան դիր­քո­րո­շու­մին հե­տե­ւան­քով՝ ան կրցաւ ար­գելք հան­դի­սա­նալ առ­նուազն մէկ մեք­սի­քա­ցիի, որ Ա­մե­րի­կա մուտք գոր­ծէ, սա­կայն ար­գի­լեա­լը ոչ թէ ա­պօ­րի­նի գաղ­թա­կան մըն էր, այլ՝ այդ երկ­րին նա­խա­գա­հը, որ վար­կա­բե­կիչ գտած էր եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ­Մեք­սի­քա­յի հաշ­ւոյն պատ մը կա­ռու­ցե­լու Թ­րամ­փի գո­ռո­զու­թիւ­նը: ­Յատ­կան­շա­կան է, որ Թ­րամփ կ­՛ա­ռա­ջար­կէ պատ մը կա­ռու­ցել ­Մեք­սի­քա­յի սահ­մա­նին վրայ այն մի­ջո­ցին, երբ Ա­մե­րի­կա ներ­գաղ­թող եւ ան­կէ վե­րա­դար­ձող մեք­սի­քա­ցի­նե­րուն թի­ւը գրե­թէ հա­ւա­սար են, ինչ որ պա­տին հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած 15 մի­լիառ տո­լա­րի ծախ­սը մսխու­մի հա­մա­զօր կը դարձ­նէ:
Թ­րամփ նաեւ յայ­տա­րա­րեց, թէ օգ­տա­կար կը գտնէ կաս­կա­ծե­լի­նե­րէ խոս­տո­վա­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան չար­չա­րան­քի մի­ջո­ցա­ռում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լը, հա­կա­ռակ ա­նոր որ այդ մար­զի մաս­նա­գէտ­նե­րը եւ իր իսկ նշա­նա­կած պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը նման քայ­լեր օգ­տա­կար չեն նկա­տած։
­Սա­կայն, ժո­ղովր­դա­յին ա­մե­նա­զօ­րա­ւոր հա­կա­դար­ձու­թեան պատ­ճառ դար­ձած քայ­լը ե­ղաւ իս­լա­մա­կան 7 եր­կիր­նե­րէ գաղ­թա­կան­նե­րուն մուտ­քը ա­նո­րոշ թո­ւա­կա­նով կա­սեց­նե­լու, իսկ բո­լոր գաղ­թա­կան­նե­րուն մուտ­քը 4 ա­մի­սով սա­ռեց­նե­լու ո­րո­շու­մը:
­Յատ­կան­շա­կան է, որ նշեալ իս­լա­մա­կան եր­կիր­նե­րուն մէջ չեն նե­րառ­նո­ւած այն եր­կիր­նե­րը, ուր Թ­րամփ եւ ա­նոր ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կը տնտե­սա­կան շա­հեր ու­նին, սկսե­լով ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յէն, ուր­կէ էր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քը՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 11ի յար­ձա­կում­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նող­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը: ­Նաեւ՝ նշեալ 7 եր­կիր­նե­րէն ո՛չ մէկ գաղ­թա­կան ցարդ ա­հա­բեկ­չա­կան մա­հա­ցու ա­րարք մը կա­տա­րած է Ա­մե­րի­կա­յի մէջ:
Ան այս ո­րո­շու­մը տո­ւած է՝ իր հա­մա­կիր­նե­րուն ա­պօ­րի­նի գաղ­թա­կան­նե­րու դէմ պայ­քա­րե­լու մա­սին կա­տա­րած խոս­տու­մին մո­լուց­քով տա­րո­ւած, սա­կայն ան պէտք է գի­տակ­ցի, թէ եր­կիր մը կա­ռա­վա­րե­լը նման չէ ըն­կե­րու­թիւն մը տնօ­րի­նե­լուն, եւ թէ նա­խա­գա­հին պար­տա­կա­նու­թիւնն է իր անձ­նա­կան շա­հե­րէն ա­ռաջ՝ նկա­տի ու­նե­նալ ժո­ղո­վուր­դին շա­հե­րը։
­Հապ­ճեպ եւ անտ­րա­մա­բա­նա­կան այս քայ­լով՝ Թ­րամփ հաս­տա­տեց, թէ ի­րեն հա­մար ար­ժէք չու­նի պատ­մա­կան այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ այս պա­րա­գա­յին այ­լընտ­րան­քա­յին չէ, թէ եր­կի­րը գաղ­թա­կան­նե­րու եր­կիր մըն է՝ սկսե­լով իր գեր­մա­նա­ցի նախ­նի­նե­րէն: ­Նաեւ՝ ան ցոյց տո­ւաւ, որ չէ կար­դա­ցած երկ­րին սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, որ նման կա­մա­յա­կան քայ­լեր կա­սեց­նե­լու հա­մար օ­րէնսդ­րա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ար­գելք­ներ կը պա­րու­նա­կէ:
­Վեր­ջա­պէս, ան չի գի­տակ­ցիր, թէ ինչ­պէս Ի­րանն ու Թ­րամ­փի կու­սա­կից ծե­րա­կու­տա­կան ­Ճան ­Մըք­Քէյն յայ­տա­րա­րե­ցին՝ նման քայ­լեր օգ­տա­կար կրնան ըլ­լալ միայն «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» նման ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նա­յին՝ հաս­տա­տե­լով, թէ Ո­ւա­շինկ­թըն իս­լամ­նե­րու դէմ նոր խա­չակ­րու­թեան մը սկսած է։
­Ժո­ղովր­դա­յին ընդվ­զու­մին կող­քին, հան­րա­պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մեծ պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի զսպե­լու ազ­գայ­նա­մոլ, խտրա­կա­նու­թիւն քա­րո­զող եւ ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ այս սպառ­նա­լի­քը, ո­րուն ձեռ­քե­րուն մէջ դրո­ւած է երկ­րին ճա­կա­տա­գի­րը։
­Սա­կայն, դժո­ւար է զսպել անսկզ­բունք եւ մա­մո­նա­յի գե­րի անձ մը, ո­րուն գե­րա­գոյն նպա­տակն է՝ իր, իր ըն­տա­նի­քին եւ շրջա­նա­կին նեղ շա­հե­րը պաշտ­պա­նել, ի վնաս մնա­ցեա­լին:
Այս բո­լո­րէն ետք ա­նակն­կալ մը չէ այն, որ Թ­րամ­փի իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ա­մե­նա­շատ ծա­խո­ւած գիր­քը ե­ղած է յո­ռե­տես եւ բռնա­տի­րա­կան ա­պա­գայ մը նա­խա­տե­սող ­Ճորճ Օ­րո­ւէ­լի «1984» հա­տո­րը: