Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­յոա նա­հան­գի նա­հան­գա­պետ ­Քիմ ­Ռէյ­նոլտզ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին ստո­րագ­րեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ը հայ­կա­կան ի­րա­զեկ­ման ա­միս յայ­տա­րա­րե­լու մա­սին հռչա­կա­գիր մը:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղած են հայ հո­գե­ւոր դա­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ Ար­մէն ­Սա­հա­կեան ու Ար­թուր ­Մար­տի­րո­սեան, փոք­րա­թիւ հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Ա­յոան դար­ձաւ 47-րդ ­նա­հան­գը, որ ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: