Կի­րա­կի՝ 23 ­Հոկ­տեմ­բեր 2016ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի ­Վոհ­մա­կի քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը, ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­պետ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ, մաս­նակ­ցե­ցան ­Նի­քէա­յի եւ ­Րէն­տիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կազ­մա­կեր­պած Ա­յիոյ ­Ֆի­լի­բո­յի պու­րա­կի մաք­րու­թեան եւ ծա­ռատն­կու­մին:

Ժամադրութիւնը ժամը 9:30ին էր Զաւարեան ակումբ ուր անակնկալ մը կը սպա­սէր մեր քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն: Խմ­բա­պե­տու­թիւ­նը կար­գադ­րած էր skypeի մի­ջո­ցաւ ծա­նօ­թա­նա­լու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Լի­բա­նա­նի Ան­թի­լիա­սի սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի ­Վոհ­մա­կի քոյ­րե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն: Բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան էր այս ծա­նօ­թու­թիւ­նը եր­կու վոհ­մակ­նե­րուն հա­մար ալ:

Ժա­մը հա­սաւ մեկ­նե­լու: ­Կէս ժա­մո­ւան քայ­լար­շա­ւէ ետք հա­սան Ա­յիոյ ­Ֆի­լի­բո­յի պու­րա­կը: ­Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ըն­դու­նե­լու­թե­նէն ետք, ո­րոնք բաժ­նե­ցին ջուր,պտուղ եւ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նոց­ներ, բաժ­նո­ւե­ցան 3 խմբակ­նե­րու եւ սկսան մաք­րել պու­րա­կի մաս մը, ա­պա՝ պա­տաս­խա­նա­տո­ւի մը օգ­նու­թեամբ ցա­նե­ցին մի քա­նի ծա­ռեր:

Աշ­խա­տանք­նե­րէն ետք խա­ղի ժա­մը հա­սաւ, ուր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը խան­դա­վառ ժա­մա­նակ ան­ցու­ցին ի­րենց խմբա­պետ­նե­րուն հետ: ­Բայց դժբախ­տա­բար ժա­մը հա­սաւ մեկ­նե­լու: Եր­գե­րով եւ կան­չե­րով վե­րա­դառ­նա­լու ըն­թաց­քին, ­Վոհ­մա­կը հա­սաւ ­Զա­ւա­րեան ա­կումբ:

Բարձ­րա­ցիր-­Բարձ­րա­ցուր
Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի ­Վոհ­մա­կի
աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազմ