ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

­Մար­դուն ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան ու ազ­գա­յին կեան­քին մէջ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն է ա­մեակ­նե­րու նշու­մը: ­Կար­ծէք հոն կեան­քը պահ մը կանգ կ­՛առ­նէ՝ տես­նե­լու հա­մար, թէ ի՞նչ պա­տա­հած է նոյ­նինքն կեան­քին` ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան եւ ազ­գա­յին իր պատ­մու­թեան տար­բեր հո­լո­վոյթ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն: Այս ի­մաս­տով է, որ ա­մեակ­նե­րը կը դառ­նան կեանք` ապ­րո­ւած պատ­մու­թիւն, ի­րենց տար­բեր ե­լե­ւէջ­նե­րով: Ու տա­կա­ւին՝ նոյն այդ կեան­քին մէջ, ե­թէ պի­տի կա­րե­ւո­րենք ներ­կան, բայց ա­նոր կող­քին նաեւ պի­տի նա­յինք ա­պա­գա­յին` հո­րի­զո­նէն ան­դին, ծրագ­րե­լու հա­մար նոյն կեան­քին գա­լիք օ­րե­րը:
Ինչ­պէս բո­լո­րին, իմ կեան­քիս մէջ ալ ա­մեակ­նե­րը ու­նե­ցած են յա­ջոր­դա­կան փու­լա­յին հո­լո­վոյթ­ներ, ո­րոնք ստեղ­ծած են ինք­նու­թեան եւ պատ­կա­նե­լու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն: ­Սա­կայն հիմ­նա­կա­նը ե­ղած է կեան­քիս փոր­ձա­ռու­թեան ըն­թաց­քին այդ գի­տակ­ցու­թեան առն­չո­ւած դաս­տիա­րա­կու­թեան ըն­կա­լու­մը տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ:
Ան­շուշտ, իւ­րա­քան­չիւր փոր­ձի ու փոր­ձա­ռու­թեան պա­րա­գա­յին ինք­զինք կը պար­տադ­րէ նաեւ ապ­րած ա­մեակ­նե­րուս իմ մէջս կեր­տած գի­տու­թիւ­նը, եւ մա­նա­ւանդ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը` կեան­քիս հա­մար:
Ծ­նած եմ ըն­տա­նի­քի մը մէջ, որ եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ ու տար­բեր սե­րունդ­նե­րու հա­մար ու­նե­ցած է ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւանդ: Եւ այս Այն­թա­պէն-­Հա­սան ­Պէյ­լիէն սկսե­լով, հաս­նե­լով` ­Հա­լէպ ու ա­պա ­Պէյ­րութ, եւ ներ­կա­յիս քիչ մը տա­րա­ծո­ւած ա­մէ­նու­րեք: ­Հայրս շատ մա­նուկ` Այն­թա­պէն տե­ղա­հա­նո­ւե­լով, իր ըն­տա­նի­քին հետ հա­սած է ­Հա­լէպ եւ մեծ­ցած ու դաս­տիա­րա­կո­ւած «ե­րա­զա­յին ­Հա­լէ­պի» այդ ջերմ մթնո­լոր­տին մէջ: Ան­ցած է ­Պէյ­րութ եւ մաս­նա­գի­տա­ցած է որ­պէս դե­ղա­գործ, բայց ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մնա­ցած է իր կեան­քին սէ­րը: Եւ իր ողջ կեան­քին ըն­թաց­քին հայ­կա­կան կեան­քին մէջ իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան ընդ­մէ­ջէն: ­Մայրս ծնած է Այն­թապ, ա­պա՝ ապ­րած ­Հա­լէպ, եւ ե­ղած է հի­ւան­դա­պա­հու­հի:
Ազ­գա­յին-հայ­կա­կան կեան­քի կազ­մա­ւո­րումս ե­ղաւ ե­կե­ղե­ցիի դաս­տիա­րա­կու­թեան մի­ջո­ցաւ: ­Չու­նե­ցայ այս­պէս ը­սած կու­սակ­ցա­կան-միու­թե­նա­կան պատ­կա­նե­լու­թիւն եւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ փո­խան­ցո­ւած ազ­գա­յին կրթու­թիւն: ­Հօրս լռե­լեան օրհ­նու­թեամբ եւ մօրս հզօր քա­ջա­լե­րան­քով հա­սակ ա­ռի հո­գե­ւոր-ե­կե­ղե­ցա­կան աշ­խար­հին մէջ, եւ ո­րուն մի­ջո­ցաւ ալ տա­կաւ-տա­կաւ սկսայ բա­ցո­ւիլ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ ա­նոր գի­տակ­ցու­թեան:
­Հայրս ապ­րած էր 1958ի ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան կռիւ­նե­րը: Եւ ա­կա­նա­տես ե­ղած էր այդ կռիւ­նե­րուն մէջ նե­րա­ռո­ւած միջ-հայ­կա­կան թշնա­ման­քին եւ բա­խում­նե­րուն: Ու­նե­ցած էր իր սե­փա­կան դե­ղա­րա­նը ­Պէյ­րու­թի ­Մար Մ­խա­յէ­լի շրջա­նին մէջ, եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան կռիւ­նե­րուն ժա­մա­նակ ստի­պո­ւած ե­ղած էր միշտ բաց պա­հե­լու զայն` շտապ օգ­նու­թեան հաս­նե­լու ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճա­կին: Եւ հոն ան ապ­րած էր ցա­ւը:
Եր­կու ե­րի­տա­սարդ հայ եղ­բայր­ներ, ո­րոնք իր դե­ղա­րա­նին առ­ջեւ հայ­կա­կան փամ­փուշ­տով գե­տին փռո­ւած էին: Ու կար այդ մէկ ե­րի­տա­սարդ եղ­բօր նա­յո­ւած­քը ի­րեն եւ վեր­ջին խօս­քը աչ­քե­րը փա­կե­լէն ա­ռաջ. «­Քիչ մը ջուր հա­ճիս»:
­Հայրս եր­բեք չէր պատ­մած այս պատ­մու­թիւն­նե­րը ին­ծի: ­Մայրս էր, որ կը պատ­մէր. «Ա­միս­ներ հայրդ չկրցաւ քնա­նալ»,- ը­սաւ ան: «­Գի­շեր­նե­րը կ­՛արթն­նար շնչա­հեղձ ու կ­՛ը­սէր.- քիչ մը ջուր»: Եւ չէր ու­շա­նար մօրս զգու­շա­ցու­մը ին­ծի. «­Հօրդ բան մը չ­՛ը­սես, որ գի­տես այս պատ­մու­թիւն­նե­րը»: ­Բայց ես կրնա­յի տես­նել նոյ­նինքն այդ ցա­ւե­րը հօրս նե­րաշ­խար­հին մէջ: Երբ քա­ղա­քա­կան նիւ­թեր կը խօ­սո­ւէր, կը տես­նէի, թէ հայրս հոն չէր: Եւ կամ չէր ու­զեր հոն ըլ­լալ: ­Պար­զա­պէս իր աշ­խար­հը չէր: ­Բայց ե­րաժշ­տու­թեան հետ ան ետ կը դառ­նար կեան­քին: Եւ կը փոր­ձէր մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը սոր­վեց­նել ին­ծի` ե­րաժշ­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցաւ:
1975ին սկսաւ ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը: Այս ան­գամ իմ կարգս էր ապ­րե­լու զայն եւ իմ փոր­ձովս: ­Հայրս մեկ­նե­ցաւ այս աշ­խար­հէն եւ կար­ծէք ձգեց ին­ծի ապ­րե­լու զայն իմ փոր­ձովս: ­Հայ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու որ­դեգ­րած «դրա­կան չէ­զո­քու­թիւ­նը» մէջս ամ­րապն­դեց ազ­գա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին հիմ­քը: Ե­թէ 1958ի դէպ­քե­րը միայն լսած էի, 1975ի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կ­՛ապ­րէի, բայց նաեւ կը սոր­վէի ու կը գի­տակ­ցէի: Ե­թէ ա­հա­ւոր էին պա­տե­րազ­մը եւ ա­նոր ձգած ող­բեր­գա­կան ցնցում­նե­րը, բայց կար նաեւ մէջս մեծ­ցող ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ու ա­նոր հա­ւա­տար­մու­թեան նկատ­մամբ քննա­կան-ա­ռար­կա­յա­կան մօ­տե­ցու­մը: Եւ մեր գա­ղու­թի ղե­կա­վար­նե­րը յա­ջող կեր­պով այդ մօ­տե­ցում­նե­րը մե­զի փո­խան­ցե­ցին:
­Բայց սոր­վե­լու եւ գի­տակ­ցե­լու այս գոր­ծա­ռոյ­թը տա­կա­ւին եր­կար էր: Ե­թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­մեակ­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան էին, բայց ոչ, օ­րի­նա­կի հա­մար, ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թիւ­նը` ­Մա­յիս 28ը: Եւ այս թո­ւա­կա­նը ե­թէ գի­տէինք, թէ հայ­կա­կան էր, բայց մօ­տիկ չէր: ­Հոն տեղ մը հո­րի­զո­նին վրայ ե­րեւ­ցող-չե­րեւ­ցող ա­մեա՞կ մը: Ու կարգ մը կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ` յար­գե­լու հա­մար դպրոց­նե­րը փակ պա­հե­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, կը յայ­տա­րա­րէին այդ օ­րը որ­պէս «դաշ­տագ­նա­ցու­թեան օր»: ­Կը հարցնէինք, կը փնտռէինք, ու կը մտա­ծէինք: ­Թէ ինչ՞ է այս թո­ւա­կա­նը եւ ո­րո՞ւն է: ­Մե՞րն է, թէ՞ միւ­սին է: ­Բայց ո՞վ է մե­րը եւ ո­րո՞նք են միւս­նե­րը:
­Հայ­կա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նէն ետք պի­տի անց­նէինք հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթու­թեան եւ իմ պա­րա­գա­յիս` ­Հայ­կա­զեան ­Քո­լէճ (այժմ հա­մալ­սա­րան): Եւ մաս­նա­գի­տա­կան ու­սու­մին կող­քին կա­յին նաեւ ու­սա­նո­ղա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը: Եւ հոն էր ­Հայ­կա­կան Ա­կում­բը եւ ա­նոր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան կազ­մը: Ե­թէ կար կու­սակ­ցա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը, բայց նաեւ կար հա­մայն­քա­յի­նը: Եւ քա­նի՞ ան­դամ իւ­րա­քան­չիւ­րէն: ­Թի­ւի՞, թէ՞ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան հան­գա­մանք­նե­րը պէտք էր, որ նկա­տի առ­նո­ւէին: Ե­թէ կազ­մը ամ­բող­ջա­ցու­ցինք, կար­գը կու­գար ձեռ­նարկ­նե­րուն: Եւ ա­նոր մէջ կա­րե­ւոր տեղ պի­տի գրա­ւէր ­Մա­յիս 28ի ձեռ­նար­կը: Ին­չո՞ւ պէտք էր կազ­մա­կեր­պո­ւէր եւ ի՞նչ բո­վան­դա­կու­թեամբ: Ո՞վ եւ ի՞նչ պէտք էր որ խօ­սէր: Ու տա­կա­ւին՝ Ե­ռա­գոյն դրօ­շա­կը: ­Պէտք է՞ր, որ զե­տե­ղո­ւէր, թէ՞ ոչ: ­Կար այն վար­կա­ծը, թէ այդ դրօ­շա­կը հա­տո­ւա­ծա­կան էր: ­Բայց ե­րե­ւի պի­տի սպա­սէինք՝ հաս­նե­լու հա­մար ներ­կայ օ­րե­րուն, ուր Ե­ռա­գոյ­նը պի­տի զե­տե­ղո­ւէր ա­մէն տեղ՝ հայ­կա­կան մեր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, նե­րա­ռեալ՝ մեր սրտե­րուն մէջ:
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Սո­վե­տա­կան հա­մա­կար­գի մէջն էր: ­Հա­յաս­տա­նը մե՛րն էր, բայց նաեւ հե­ռու եւ ո՛չ շատ հա­սա­նե­լի: ­Քիչ մը կ­՛ըն­դու­նէինք, եր­բեմն ալ ո՛չ: ­Կա­յին քաշ­քը­շու­քը, երկմ­տան­քը ու տա­րա­կու­սան­քը: Իմ պա­րա­գա­յիս, կար հօ­րեղ­բօրս՝ տոքթ. ­Ռո­պէր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի հա­ւա­տամ­քը ­Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ: ­Հօ­րեղ­բօրս հա­մար ­Հա­յաս­տա­նը վեր էր ա­մէն տե­սա­կի հա­մա­կար­գէ: Ար­ժէք էր եւ այդ գի­տակ­ցու­թեամբ ան իր ողջ կեան­քը նո­ւի­րեց հայ­րե­նի­քի կեան­քին եւ ա­նոր յա­ռաջ­խա­ղաց­քին: Եւ իր մի­ջո­ցաւ առ­ջեւս կը բա­ցո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի գի­տա-մտա­ւո­րա­կան ու պատ­մա­կան մեծ ա­ւանդ մը: ­Բայց կա­յին նաեւ հայ­րե­նի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու պար­բե­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եւ ե­լոյթ­նե­րը ­Պէյ­րու­թի մէջ: Ու տա­կա­ւին՝ հայ­րե­նի «Ա­րա­րատ» ֆութ­պո­լի խում­բը, ուր իւ­րա­քան­չիւր մար­զիկ մե­զի հա­մար դար­ձած էր ազ­գա­յին հե­րոս: Կ­՛ու­րա­խա­նա­յինք, կ­՛ո­գե­ւո­րո­ւէինք, կը լից­քա­ւո­րո­ւէինք, բայց նաեւ մէկ-մէկ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կազ­մա­ւո­րում կը դառ­նար այդ բո­լո­րը:
1988-1990: ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մը: Ու ա­հա­ւա­սիկ պատ­մու­թեան մէջ հայ­րե­նի եր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ար­դէն իմ եւ մեր աշ­խար­հին մէջ էր: Եւ ա­ռի­թը ու­նե­ցայ 1991-1996 տա­րի­նե­րուն կա­նո­նա­ւո­րա­բար այ­ցե­լե­լու ­Հա­յաս­տան եւ աշ­խա­տե­լու` հիմ­նե­լու հա­մար Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի Ըն­կե­րու­թեան մեր գրա­սե­նեա­կը հայ­րե­նի­քի մէջ: ­Հոս ար­դէն հայ­րե­նի­քի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձած էր ան­մի­ջա­կան՝ կեան­քիս մէջ: Կ­՛ապ­րէի զայն, իր հա­րա­զա­տու­թեամբ ու ոտքս դրած հայ­րե­նի հո­ղին վրայ կ­՛ապ­րէի ոչ թէ հե­ռո­ւէն եւ կամ պատ­մու­թե­նէն ին­ծի փո­խան­ցո­ւած ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ կամ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը: ­Հայ­րե­նի­քը ի­րա­կան էր, շօ­շա­փե­լի եւ զգա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն: Ե­թէ մէկ կող­մէ կը տես­նէի հայ­րե­նի­քը իր հա­րա­զա­տու­թեամբ, միւս կող­մէ կ­՛ըմբռ­նէի զայն իր բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով: ­Բայց նաեւ կը սոր­վէի, թէ քննա­դա­տու­թիւ­նը բա­ւա­րար չէ: ­Հայ­րե­նի­քը պէտք ու­նի դրա­կան ու­ժին սրսկու­մին: ­Թէ ներ­կա­յիս այս է իմ ու­նե­ցածս եւ թէ անհ­րա­ժեշտ էր զայն պա­հել, բայց մա­նա­ւանդ ա­ւելց­նել ա­նոր վրայ: Եւ այս մին­չեւ այ­սօր իմ ապ­րած կեան­քիս փորձն է:
­Կի­րա­կո­սը չա­փա­հաս տա­րի­քի ­Հա­յաս­տան ապ­րող վա­րորդ է: Իմ վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէս մէ­կուն ըն­թաց­քին խնդրած էի իր­մէ, որ զիս տա­նէր Ար­ցախ: Եւ ճամ­բոր­դու­թիւ­նը բա­ւա­կան եր­կար ըլ­լա­լով՝ կար հա­ճե­լի զրոյ­ցը: Եւ ա­նոր ընդ­մէ­ջէն՝ իմ հե­տաքրք­րու­թիւնս: «­Կի­րա­կոս, դուն՝ որ ապ­րած ես սո­վե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ինչ­պէս կը հա­մե­մա­տես զայն ներ­կայ օ­րե­րու ի­րա­կա­նու­թեա­նը հետ»,- ե­ղաւ իմ հար­ցում­նե­րէս մէ­կը:
­Կի­րա­կո­սը — եւ ե­րե­ւի իր կեան­քի փոր­ձէն մեկ­նե­լով — ու­նէր քննա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած մօ­տե­ցում: «Ոչ մէկ տեղ եւ հա­մա­կարգ անս­խալ եւ ամ­բող­ջա­կան է»,- ը­սաւ ան: «­Սո­վե­տի օ­րե­րուն ալ նոյնն էր եւ այդ­պէս պէտք է մօ­տե­նալ»,- շա­րու­նա­կեց ­Կի­րա­կոս: Ան անդ­րա­դար­ձաւ սո­վե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ժխտա­կան եւ դրա­կան կող­մեր ու­նե­նա­լու ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն: Եւ ինչ­պէս ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ կան դի­պուկ ար­տա­յայտ­չա­կան մօ­տե­ցում­ներ՝ ­Կի­րա­կոս եզ­րա­փա­կեց.- «­Սո­վե­տա­կան շրջա­նը ու­նէր իր մի­նիւս­նե­րը (նուազ­նե­րը) եւ բլուս­նե­րը (ա­ռա­ւել­նե­րը)»:
20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017: «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի կազ­մա­կեր­պած լսա­րա­նի դա­սա­խօսն էր փրոֆ. Ա­շոտ ­Մել­քո­նեա­նը` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէ­նը: Ան խօ­սե­ցաւ «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն 1918-1920, պատ­մու­թիւն եւ ար­դիա­կան խնդիր­նե­րը» նիւ­թին մա­սին: Փ­րոֆ. ­Մել­քո­նեան քննա­կան-ա­ռար­կա­յա­կան մօ­տե­ցու­մով վեր ա­ռաւ մեր ե­րեք հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը: «Եր­րորդ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պի­տի չըլ­լար, ե­թէ չըլ­լար երկ­րոր­դը, ե­թէ երկ­րոր­դը կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ, այդ ալ ա­ռա­ջի­նին շնոր­հիւ էր: ­Մին­չեւ եր­րորդ հան­րա­պե­տու­թիւն եր­կա­րող այս շղթան մենք կը պար­տինք 1918ի ­Մա­յիս 28ի հրաշ­քին եւ իբ­րեւ ազգ եւ եր­կիր պատ­րաստ ենք յա­ւուր պատ­շա­ճի նշե­լու այդ փա­ռա­հեղ հա­րիւ­րա­մեայ յո­բե­լեա­նը»,- ը­սաւ ան:
Փ­րոֆ. ­Մել­քո­նեա­նի շղթան կրցայ ա­ւելց­նել ապ­րած կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու շղթա­յիս: Եւ կեան­քիս շղթա­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը` լսած, ապ­րած թէ փոր­ձո­ւած, ինք իր պա­րու­նա­կին մէջ դար­ձաւ ինք­նու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու վե­րա­հաս­տա­տում: Եւ տե­սայ նաեւ ինչ­պէս այս փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու շղթան ի­րա­րու հետ կա­պո­ւած եւ զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է: Եւ թէ ինչ­պէս այդ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը կա­մաց-կա­մաց կազ­մեր են ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը, որ հա­մա­հայ­կա­կան է եւ մեր բո­լո­րին կը պատ­կա­նի: Ան կը պատ­կա­նի իր «մի­նիւս­նե­րով» եւ «բլուս­նե­րով»: ­Մերն է, հայ­կա­կան է, իւ­րա­յա­տուկ է եւ իւ­րա­քան­չիւր հայ պէտք է իւ­րաց­նէ ու պա­հէ զայն, մէկ կող­մէ սոր­վե­լով ան­ցեա­լէն, իսկ միւս կող­մէ պա­հե­լու հա­մար ներ­կան եւ կեր­տե­լու հա­մար ա­պա­գան:
Ու դար­ձեալ փրոֆ. ­Մել­քո­նեա­նը.- «­Թիւր կար­ծիք է, որ մենք ան­կա­խու­թեան մտայ­նու­թիւ­նը չենք ու­նե­ցած: Ան­կա­խու­թեան հա­մար պայ­քա­րը շատ ան­թե­ղո­ւած ձե­ւով մեր հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան միտ­քը իր սրտին մէջ ու­նե­ցած է ար­դէն»:
Եւ ան­կա­խու­թիւ­նը միայն աշ­խար­հագ­րա­կան ու հո­ղա­տա­րածք-սահ­ման­նե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թիւն չէ: Ան մտքի, մտա­ծո­ղու­թեան, ինք­նու­թեան ան­կա­խու­թիւն է: ­Հոն, ուր հայ մար­դը կ­՛ապ­րի իր ազ­գա­յին կեան­քը, իր հա­րա­զա­տու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ: Կ­՛ապ­րի այս աշ­խար­հին մէջ եւ կը յա­րա­բե­րի իր մշա­կու­թա­յին եւ ա­նոր ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թեան ընդ­մէ­ջէն:
Ա­մեակ­նե­րը մեր պատ­մու­թեան մէջ այս ա­զա­տու­թիւնն է, որ կեր­տած ու շնոր­հած են` ինձ — իմ կեան­քի իւ­րա­քան­չիւր փոր­ձա­ռու­թեան ընդ­մէ­ջէն -, ինչ­պէս նաեւ՝ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու:
Եւ հա­յը իր այս ա­մեակ(ներ)ը պար­տի իւ­րաց­նել, ինչ­պէս նաեւ շա­րու­նա­կէ պա­հել ու կեր­տել նոր ա­մեակ­ներ:
Ա­մեակ­ներ` ապ­րո­ւած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն:
Ե­թէ ա­մեա­կը հա­յուն պատ­մու­թիւնն է, ա­պա ապ­րուած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հա­յուն ան­կա­խու­թիւնն է` հո­ղին, ինք­նու­թեա­նը եւ մշա­կոյ­թին, հա­յուն հա­մար, մեր բո­լո­րին հա­մար: