Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «Ս. ­­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին՝ ­­Վահ­րիճ Վրդ. ­­Ղա­րա­խա­նեա­նի, ­­Թա­ղա­կա­նու­թեանց եւ ­­Տիկ­նանց ­­Մարմ­նին, ­­Կի­րա­կի՝ 24 ­­Յու­նիս 2018ին, յա­ւարտ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ միօ­րեայ պտոյտ: ­­Մաս­նակ­ցող­նե­րը շուրջ 100 հո­գի­ներ էին, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կազ­մած էին ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ: Պ­տոյ­տը սկսաւ Ար­թա­քիի ծո­վափ­նեայ հանգս­տա­վայ­րով: ­­Փո­քիկ­նե­րը ի­րենց աշ­խու­ժու­թեամբ վա­յե­լե­ցին ծո­վուն խա­ղաղ վի­ճա­կը եւ լո­ղա­ցին: Ա­պա՝ ժա­մեր անց, մեկ­նե­ցանք Է­ւիայ շրջա­նը, ուր կը գտնո­ւէին «Ա­յա ­­Քի­րիա­քի» մա­տու­ռը եւ ճա­շա­րա­նը: ­­Բա­ւա­կան ճոխ եւ հայ­կա­կան մթնո­լոր­տով շրջա­պա­տո­ւած, պա­րե­րով եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ՝ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ճաշ­կե­րոյ­թը: Ըն­թաց­քին ե­ղան վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն­ներ եւ յաղ­թող­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Տիկ­նանց ­­Մարմ­նոյ կող­մէ ստա­ցան գե­ղե­ցիկ յու­շա­նո­ւէր­ներ: Ե­րե­կո­յեան պտոյ­տը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ դէ­պի ­­Խալ­քի­տա եւ հոն մաս­նակ­ցող­նե­րը ա­զատ եր­թե­ւե­կու­թիւն մը կա­տա­րե­ցին, եւ գնա­հա­տա­կան­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին օ­րո­ւան պտոյ­տին կա­պակ­ցու­թեամբ: ­­Հիա­նա­լի եւ ան­մո­ռա­նա­լի օր մը դար­ձաւ 24 ­­Յու­նիս 2018ի այս մեծ պտոյ­տը: Ա­ռիթ մը ե­ղաւ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ ա­ռա­ւել ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­փա­քե­լու յա­ջոր­դիւ կազ­մա­կեր­պու­մը այս­պի­սի ճոխ ձեռ­նարկ­նե­րու: Ու­րախ ենք, որ այս կազ­մա­կեր­պո­ւած պտոյտն ալ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւե­ցաւ եւ իր ո­գե­շունչ կե­ցո­ւած­քով ու Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թեամբ իր ա­ւար­տին հա­սաւ: ­­Մինչ նոր հան­դի­պում՝ բա­րի հան­գիստ եւ բա­րի ա­մառ կը մաղ­թենք բո­լո­րին:

­­Թա­ղա­յին ­­Խոր­հուրդ եւ ­­Տիկ­նանց ­­Մար­մին ­­Գո­քի­նիոյ