31 Յունուարին, 53 տարի առաջ, Փարիզի մէջ վախճանեցաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր դէմքերէն բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեան, որ արժանաւորապէս կը հանդիսանայ Մեծ Եղեռնէն վերապրած սերունդին աւանդապահ պատգամաբերը։
«Երեւոյթ» է Ահարոն Տատուրեան հայ գրականութեան մէջ։
Կարծես գրեց ինքն իրեն համար։ Գրելու ուշագրաւ ձիրք ունէր՝ մշակուած լեզու, ինքնատիպ ոճ եւ խոհուն յուզաշխարհ։ Բայց բնաւ չբացուեցաւ իր ժամանակաշրջանի հանրային խռովայոյզ կեանքին ու եռեւեփող աշխարհին, այլ՝ իր տեսած, ապրած ու զգացած ամէն ինչը, բնութեան թէ մարդկային կեցութեան հետ կապուած, լեցուց իր հոգիին խորը եւ վերծանեց… բանաստեղծութեամբ։
Այդ պատճառով ալ, ստեղծագործական իր կեանքին սփիւռքեան երկար ժամանակաշրջանին, Ահարոն Տատուրեան ոչ միայն մեծ «մոռցուած» մը եւ «անծանօթ» մը եղաւ աշխարհացրիւ հայ ընթերցող լայն հասարակութեան համար, այլեւ՝ ինքզինք հեռու պահեց սփիւռքահայ գրողներու եւ մտաւորականներու կենսունակ բեմահարթակներէն ու աղմկոտ հրապարակներէն։
Մենակեացութեան ու ինքնամփոփման երգիչը հանդիսացաւ Տատուրեան եւ, իբրեւ այդպիսին, «ներկայութիւն» դարձաւ յետ-եղեռնեան հայ բանաստեղծութեան մէջ։
Հանդիսացաւ արեւմտահայ, այլեւ պոլսահայ գրականութեան պատգամաբերը սփիւռքեան նոր ստեղծուող բանաստեղծութեան մէջ։
Պարտիզակ ծնած 1887ին՝ Ահարոն իր ուսումը ստացաւ նախ Պոլսոյ, ապա՝ Վենետիկի Մխիթարեաններուն մօտ։ Վենետիկեան տարիներուն, դասընկերն ու մտերիմն էր Դանիէլ Վարուժանի, որուն հետ կապուած էր նաեւ գրական աշխարհայեացքով ու հետագային դարձաւ Վարուժանեան դպրոցին արժանաւոր ժառանգորդն ու շարունակողը։
Լեզուական իր ճկունութիւնը եւ ոճական շքեղութիւնը առաւ Մխիթարեաններէն, իսկ Պարտիզակի կենսունակ բարբառին ներգործութեամբ՝ կրցաւ հեռու մնալ Մխիթարեաններու հայերէնին գրքունակ ու կաղապարուած կաշկանդումներէն։
Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Պոլիս վերադարձաւ, ուսուցչութեան նուիրուեցաւ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ այդ տարիներու գրական մեծ զարթօնքին։
Շաւարշ Միսաքեանի «Ազդակ» շաբաթաթերթին, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի գրական հանդէսին եւ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան «Երկունք» պարբերականի էջերուն լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք անմիջապէս սիրուեցան ընթերցողին կողմէ եւ արժանացան ատենի գրական քննադատներու խրախուսանքին։
Երբ Առաջին Աշխարհամարտը բռնկեցաւ, Ահարոն սպայ էր օսմանեան բանակին մէջ եւ, այդ պատճառով, չենթարկուեցաւ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան 24 Ապրիլի զանգուածային աքսորին ու սպանդին։ Բայց փախուստ տուաւ բանակէն, Շաւարշ Միսաքեանի օրինակով երկար ամիսներ թագստոցներու մէջ ապրեցաւ եւ, ի վերջոյ, կեղծ անցագրով անցաւ Պուլկարիա։
Զինադադարէն ետք, 1919ին, իր կարգին վերադարձաւ Պոլիս եւ վերստին լծուեցաւ ուսուցչական եւ գրական աշխոյժ գործունէութեան։ Բայց թրքական երկրորդ հարուածը չուշացաւ եւ, քեմալականներու իշխանութեան ամրապնդումով, հալածանքի ու խստացման ալիքը դարձեալ մղեց Պոլսոյ հայ մտաւորականները, որպէսզի հեռանան իրենց ծննդավայրէն։
Ահարոն Տատուրեան 1922ին վերջնականապէս բաժնուեցաւ Պոլիսէն։ Շրջան մը մնաց Պուլկարիա, ապա՝ անցաւ Փրակա, ուր ամբողջացուց համալսարանական իր ուսումը։ 1929ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, շրջան մը ուսուցչութիւն ըրաւ Քէլէկեան որբանոցին մէջ եւ, Երկրորդ Աշխարհամարտէն սկսեալ, նիւթական անձուկ պայմաններու մատնուած, հայ կեանքի հրապարակէն լրիւ քաշուեցաւ եւ մենակեաց ու ինքնամփոփ կեանքին անձնատուր եղաւ…
1939ին մեծ հատորի մը մէջ հաւաքեց եւ հրատարակութեան յանձնեց Պոլսոյ մէջ ապրած տարիներուն ստեղծագործութիւնները՝ «Մագաղաթներ» անունով։ 1940ին լոյս ընծայեց Փրակայի մէջ իր գրած բանաստեղծութիւնները՝ «Պոհեմականք» հատորով։ Իսկ 1949ին լոյս ընծայեց «Սօսեաց Անտառ»ը, որ կը մէկտեղէ փարիզեան տարիներու իր գործերը։ Յետ մահու, 1971ին, լոյս տեսան Ահարոնի «Վերջին Կաթիլներ» եւ «Հին Քերթուածներ» հատորները։
…Ես ըսփինքսն եմ, անապատի սիրահար,
Սէրս ինձ բաւիղ տօթակէզ։
Ես իմ դիմաց նըստած լուծել չեմ կըրնար.
Սիրտս, ափերուս մէջ, ծաղկաման շանթահար.
Խարոյկ եւ կամ մութի դէզ,
Կը յառնիմ՝ լուռ եւ անտես։
Ահա այդպէ՛ս, սփինքսի մը պէս, ինքնամփոփ ու մենակեաց բանաստեղծական իր երկունքն ու գեղարուեստական արարումները շնչաւորեց հայ գրականութեան արժանաւոր այս դէմքը։
Հիմա արդէն դժուար չէ տեսնել, որ Ահարոն այդպիսին դարձաւ իր տեսած ու ապրած՝ հայ ժողովուրդի ահաւոր գողգոթային հետեւանքով։ Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան արհաւիրքի յաճախանքէն բնաւ չձերբազատուեցաւ ու չվերականգնեցաւ Ահարոն՝ իբրեւ կենսուրախ բանաստեղծ։ Ընդհակառակն՝ աստիճանաբար խրեցաւ իր ներքին վիշտին ու անհուն տրտմութեան մէջ։
Իր «Հին Կարօտ»ը խօսուն վկայութիւնն է Ահարոն Տատուրեանի այդ մեծ տառապանքին.
— Օտար բոլոր ճամբաներէն քալեցի,
Չըհարցուցի թէ ո՛ւր կու գան, ո՛ւր կ’երթան,
Յաճախ փուշեր, երբեմն ալ վարդ քաղեցի,
Բայց չըգըտայ դեռ քու ճամբադ Հայաստան։
…
Օտար բոլոր վիշտերն ինձ մօտ ըզգացի,
Չըհարցուցի թէ մերթ ինչո՞ւ կը կոտտան,
Մոռցայ զանոնք, կամ մէկ օր լոկ սըգացի,
Բայց չըմոռցայ քու վիշտն, անգի՜ն Հայաստան։
Հայաստանը ամէնուր փնտռող եւ, տարագրութեան մէջ, իր մտքին ու հոգիին խորերը Հայաստան մը ստեղծող բանաստեղծն է Ահարոն, որուն մահուան 53րդ տարելիցը կը լրանայ Յունուար 31ի այս օրը։ Իրաւամբ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան մէջ Մեծ Եղեռնէն վերապրած սերունդին մենակեաց, այլեւ աւանդապահ պատգամաբերը եղաւ Ահարոն, որ իր ամէնէն տրտում եւ դառն պահուն անգամ՝ միշտ վառ պահեց հայու իր լաւատեսութիւնը եւ պատգամեց.-
Չարը հեռուն կ’աղօտանայ, կ’առկայծի,
Եւ աշխարհը երգ մըն է կարծես, ե՜րգ յարութեան։
Ինչպէս Մինաս Թէօլէօլեան դիտել կու տայ, Ահարոն Տատուրեան ստեղծագործեց՝ միշտ մտերմութեան մէջ ըլլալով «մեր բոլոր աւանդութիւններուն, մեր բոլոր հին ու նոր հաւատքներուն, մարդկային բոլոր վիշտերուն եւ խանդավառութիւններուն, ամէնէն խոնարհ ու փարթամ վայելքներուն, հին ու նոր աստուածներուն եւ անոնցմով խորհրդանշուող կեանքի հանգանակներուն,- զորս կը քննէ ստոյիկեան մարդու հայեացքով, հասնելու համար հանդարտ եզրակացութիւններու»։
Մարդկային հոգիի գաղտնիքներուն եւ խորհուրդներուն սեւեռած բանաստեղծն է Ահարոն Տատուրեան։ Ահա՛ վկայութիւն մը.
Նախերգանք XXX
Թո՛յլ տուր հիմա, որ մըրմընջեմ, սիրելի՛ս,
Դուն բաղեղի նըման հիւսուած գիշերին,
Թո՛ղ որ հըծծեմ ականջիդ, գլուխըդ կուրծքիս,
Թէ, խօ՛լ աղջիկ, լոյսերն ի՜նչ շուտ կը մարին։
Թո՛յլ տուր հիմա, որ մըրմընջեմ, Արտեմի՛ս,
Կո՛յս վիրաւոր, վէրքովն հատու սուսերին,
թէ երբ կախարդ երազէն վերջ կը տըրտմիս,
Այդ թախիծով բիբերդ ի՜նչ մութ կը վառին։
Եւ մինչ արիւն ու կաթ տալով ցայգերուն,
Կ՛անցնիս կ՛երթաս ճամբաներէն աշխարհի,
Մեր ծոցն ես յար, մե՜րկ վիշտ, դողով քու սարսռուն։
Ցայգերէն վերջ, միշտ մեզի հետ այգերուն,
Կաս ու չեկաս, փլած մեհեան ո՛վ Դիցուհի,
Կաս ու չեկաս, թաց աչքերով դեգերուն։