Ա­կոբ ­Տի­լա­չար՝ լա­տի­նա­տառ թրքե­րէ­նի կնքա­հայ­րը

Ա­կոբ ­Տի­լա­չար՝ լա­տի­նա­տառ թրքե­րէ­նի կնքա­հայ­րը

0
2676

Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ

­Թուր­քիոյ ար­դի պատ­մու­թեան մէջ կան բազ­մա­թիւ հանգ­րո­ւան­ներ, ուր հա­յը իր անջն­ջե­լի դրոշ­մը դրած է։ Ա­նու­րա­նա­լի է այս ներդ­րու­մը, եւ երբ փոր­ձենք ակ­նարկ մը նե­տել այն ճի­գե­րուն եւ աշ­խա­տան­քին վրայ, զորս հա­յոր­դի­ներ թա­փե­ցին տար­բեր մար­զե­րու մէջ, պար­զա­պէս մենք զմեզ դէմ յան­դի­ման կը գտնենք պատ­կա­ռե­լի պատ­մու­թեան մը դի­մաց։ ­Նաեւ՝ ու­րաց­ման եւ կան­խամ­տա­ծո­ւած ակն­յայտ ճի­գե­րու, որ­պէս­զի մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւի, կամ խե­ղա­թիւ­րո­ւի հա­յուն ներդ­րու­մը՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան թէ ար­դի ­Թուր­քիոյ զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թին մէջ։
­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեան։ 1895ին ­Պո­լիս ծնած հա­յոր­դի մը, որ ա­ւար­տեց հե­ղի­նա­կա­ւոր ­Ռա­պըրթ ­Քո­լէ­ճը։ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեան տի­րա­պե­տած է քսա­ներ­կու լե­զու­նե­րու, ո­րոնց շար­քին՝ հա­յե­րէ­նը, թրքե­րէ­նը, ատր­պէյ­ճա­նե­րէ­նը, յու­նա­րէ­նը, գեր­մա­նե­րէ­նը, անգ­լե­րէ­նը, Ֆ­րան­սե­րէ­նը, պուլ­կա­րե­րէ­նը, լա­տի­նե­րէ­նը, գեր­մա­նե­րէ­նը, ռու­սե­րէ­նը։
Ն­ման լե­զո­ւա­գէ­տի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ մէջ ձեռն­տու էր ­Մուս­թա­Ֆա ­Քե­մա­լի հա­մար, որ իբ­րեւ իր իսկ հիմ­նադ­րած ­Հան­րա­պե­տա­կան-­Ժո­ղովրդա­յին ­Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը եւ Ար­դի ­Թուր­քիոյ հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մը հա­մա­րեց ա­րա­բա­տառ թրքե­րէ­նը վե­րա­ծել լա­տի­նա­տա­ռով գրո­ւած լե­զո­ւի մը։­Կա­րի­քը կար լե­զո­ւա­բան­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ դաս­տիա­րակ­նե­րու, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ այս ծրա­գի­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կել։
1 ­Յու­նո­ւար 1929էն սկսեալ գոր­ծադ­րու­թեան դրուած լա­տի­նա­տառ թրքե­րէ­նը, այս ի­մաս­տով, շատ բան կը պար­տի ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի։
­Պոլ­սա­հայ այս լե­զո­ւա­գէ­տը Ա­թա­թուր­քի ծա­նօ­թա­ցաւ ­Դա­մաս­կո­սի մէջ, երբ պար­տա­դիր զի­նո­ւո­րու­թիւն կը կա­տա­րէր։ Ա­ւե­լի ուշ՝ ­Մուս­թա­Ֆա ­Քե­մալ ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ ­Մար­թա­յեա­նի յօ­դո­ւած­նե­րուն եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կ­՛ար­ծար­ծէին թրքե­րէ­նի առն­չո­ւած խնդիր­ներ, ո­րոնց մէջ յա­տուկ տեղ տրա­մադ­րո­ւած կ­՛ըլ­լար թրքե­րէ­նի բա­ռա­գի­տու­թեան կազ­մա­ւոր­ման եւ գոր­ծա­ծու­թեան հար­ցե­րուն։ ­Հոս պէտք է մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն յի­շեց­նենք կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը։ ­Յա­ճախ կը խօ­սո­ւի եւ խօ­սո­ւած է հա­յե­րէ­նի՝ յատ­կա­պէս խօ­սակ­ցա­կան հա­յե­րէ­նին մէջ թրքե­րէ­նէ առ­նո­ւած կամ ազ­դո­ւած դար­ձո­ւածք­նե­րու թէ ը­սե­լա­ձե­ւե­րու մա­սին, ո­րոնց շուրջ բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան եւ կա­րե­ւոր ը­սե­լիք ու­նի պոլ­սա­հայ այլ բա­նա­սէր- մտա­ւո­րա­կան-պատ­մա­գիր մը՝ ­Յա­կոբ ­Սի­րու­նի։ ­Բայց պէտք է նաեւ շեշ­տել, որ թրքե­րէ­նը կը բաղ­կա­նայ 104.481 բա­ռե­րէ, ո­րոնց տասն­չորս առ հա­րիւ­րը օ­տար ծա­գում ու­նի։Այս 14 առ հա­րիւ­րին մէջ կ­՛իյ­նան հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի բա­ռեր, ո­րոնք հայ­կա­կան ար­մատ­ներ ու­նին։ Իսկ ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը կը խլէ ա­րա­բե­րէ­նը՝ 6463 բա­ռե­րով, ա­պա երկ­րորդ կար­գի վրայ կու գայ Ֆ­րան­սե­րէ­նը՝ 4974, եր­րորդ կար­գի վրայ պարս­կե­րէ­նը՝ 1374 բա­ռե­րով։
­Ճիշդ է, որ թրքե­րէ­նին 89.689 բա­ռե­րը թրքա­կան ար­մատ­ներ ու­նին։ ­Սա­կայն ա­նոնք դա­րե­րու ըն­թաց­քին ներ­մու­ծո­ւած են տար­բեր բար­բառ­նե­րէ՝ յատ­կա­պէս ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տա­փաս­տան­նե­րէն դէ­պի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նեան ծո­վուն ա­ւա­զա­նը խու­ժած թրքա­ցեղ յոր­դա­նե­րու մի­ջո­ցով, ո­րոնց տե­ղա­կան նախ­նա­կան լե­զու­նե­րէն առ­նո­ւած եւ օս­մա­նե­րէ­նին ժա­ռան­գո­ւած բա­ռե­րը բնաւ չէին գո­հաց­ներ ­Մուս­թա­Ֆա ­Քե­մա­լը։ Եւ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի գլխա­ւո­րած Թր­քե­րէն ­Լե­զո­ւի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան պի­տի վստա­հո­ւէր թրքե­րէ­նը ար­դիա­կա­նաց­նե­լու, ժա­մա­նա­կա­կից պա­հանջ­նե­րուն յար­մա­րող բա­ռա­պա­շա­րի մը կազ­մա­ւոր­ման եւ ստեղծ­ման պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Թր­քե­րէն ­Լե­զո­ւի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը վա­րեց ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեան՝ 1934էն մին­չեւ իր մա­հը՝ 1979։ Պրպ­տում, սրբագ­րում, յար­մա­րե­ցում, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, լե­զո­ւա­գի­տա­կան նիւ­թե­րու շուրջ յօ­դո­ւա­ծագ­րու­թիւն, նաեւ՝ բա­ռա­րա­նա­գի­տու­թեան, հան­րա­գի­տա­րա­նա­գի­տու­թեան եւ լե­զո­ւա­գի­տու­թեան հան­դէս­նե­րու խմբագ­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տու գործ։
Ա­հա՛ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը, ո­րուն դի­մաց թուր­քը մնաց անշ­նոր­հա­կալ՝ գէթ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի հայ­կա­կան ծա­գու­մը թաքց­նե­լով։ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեան 1934ին ստի­պուած էր իր հայ­կա­կան մա­կա­նու­նէն հրա­ժա­րե­լու եւ որ­դեգ­րե­լու թրքե­րէն մա­կա­նուն մը, ինչ­պէս ­Թուր­քիոյ բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, ո­րոնք մինչ այդ մա­կա­նուն­ներ չու­նէին։ ­Թուր­քե­րը կը գոր­ծա­ծէին է­ֆեն­տի, ա­ղա, պէյ, փա­շա, հա­ֆիզ (­Քու­րա­նը գոց սոր­ված անձ), հա­նըմ, հա­ճի (­Մո­հա­մէտ մար­գա­րէին գե­րեզ­մա­նը այ­ցե­լած անձ) կամ հո­ճա (ու­սու­ցիչ, դաս­տիա­րակ) տիտ­ղոս­նե­րը, ո­րոնք ա­հա­ւոր կա­ցու­թիւն մը կը ստեղ­ծէին, ո­րով­հե­տեւ ալ կրնաք պատ­կե­րաց­նել, թէ քա­նի մի­լիոն Ահ­մէտ պէյ, կամ Մուս­թա­Ֆա է­Ֆեն­տի կրնար ըլ­լալ։ Ոչ ոք ու­նէր գեր­դաս­տա­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ զգա­ցո­ղու­թիւ­նը։ Ան­շուշտ ոչ-թուրք քա­ղա­քա­ցի­նե­րը այս խնդի­րը չու­նէին։ ­Հա­յեր, յոյ­ներ, հրեա­ներ, ա­րաբ­ներ թէ պալ­քա­նեան բազ­մա­թիւ ժո­ղո­վուրդ­ներ ու­նէին ի­րենց մա­կա­նուն­նե­րը, ո­րոնց­մէ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու պար­տադ­րան­քին են­թար­կո­ւե­ցան ­Մա­կա­նուն­նե­րու օ­րէն­քով՝ 21 ­Յու­նիս 1934ին որ­դեգ­րո­ւած օ­րէն­քով։
­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ եւ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեան ի­րա­րու ա­ռա­ջար­կե­ցին մա­կա­նուն­ներ։ ­Մուս­թա­ֆա­յի ա­նո­ւան կցո­ւած էր իր հօ­րը՝ ­Քե­մա­լի ա­նու­նը։ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի ա­ռա­ջար­կեց գոր­ծա­ծել Ա­կոբ ­Տի­լա­չար ա­նուն մա­կա­նու­նը։­Տի­լա­չար բա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ «­Լե­զու ­Բա­ցող»։ ­Մար­թա­յեան ստի­պո­ւած էր ըն­դու­նե­լու այս ա­ռա­ջար­կը՝ «զայն պա­տիւ մը հա­մա­րե­լով» ան­շուշտ։
­Փո­խա­րէ­նը՝ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեան պաշ­տօ­նա­պէս ա­ռա­ջար­կեց ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի գոր­ծա­ծել Ա­թա­թուրք ա­նու­նը, որ «թուր­քե­րու հայր» կը նշա­նա­կէ։
Ա­հա հա­մա­ռօտ ակ­նարկ մը ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի եւ ա­նոր կա­պո­ւած ո­րոշ խնդիր­նե­րու վրայ։ Կ­՛ար­ժէ ա­ռա­ւել խո­րա­նալ եւ պրպտել, որ­պէս­զի ե­րե­ւան հա­նո­ւի, թէ ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեան ի՛նչ ներդ­րում ու­նի թրքե­րէ­նի «զար­գաց­ման» մէջ։ Ոչ թէ պար­ծե­նա­լու եւ փա­ռա­բա­նե­լու հա­մար։ Այլ՝ պար­զա­պէս ցոյց տա­լու, թէ թրքե­րէ­նը լե­զո­ւի մը մա­կար­դա­կին բարձ­րաց­նողն ալ հայ մըն է։
Ա՛լ կրնաք պատ­կե­րաց­նել թրքու­թեամբ պար­ծե­ցող թուր­քին վի­ճա­կը, ե­թէ նաեւ հա­յոր­դի­ներ չգտնուէին՝ սար­սա­փի, կո­տո­րած­նե­րու եւ բռնու­թիւն­նե­րու ա­հա­ւոր տա­փաս­տան­նե­րուն մէջ Ո­վա­սիս­ներ կազ­մե­լու հա­մար։
Եւ ի՜նչ ը­րին թուր­քե­րը՝ Ա­կոբ ­Տի­լա­չա­րի ճի­գե­րուն շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լու հա­մար։ ­Ծա­ծուկ պա­հե­ցին ա­նոր հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը՝ միշտ ու միշտ միայն ­Տի­լա­չար ա­նու­նը գոր­ծա­ծե­լով։ Ոչ մէկ ան­գամ իսկ յի­շա­տա­կե­լով Ա­կոբ ա­նու­նը, որ բնա­կա­նա­բար հայ­կա­կան ծագ­ման մը մա­սին կը յու­շէր։ ­Միայն ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի մա­հէն ետք՝ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի ­Թէ. ­Րէ. ­Թէ. կա­յա­նը հրա­պա­րա­կեց Ա­կոբ ­Տի­լա­չար ա­նու­նը, եւ են­թար­կո­ւե­ցաւ բուռն քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու։Այս էր թրքա­կան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը իր լե­զուն սրբագ­րած, հարս­տա­ցու­ցած եւ ար­դիա­կա­նա­ցու­ցած ­Յա­կոբ ­Մար­թա­յեա­նի նկատ­մամբ։